50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1964)

Հայ Դպրոցի Հրաշքը

(Յաւելուածական Խօսք Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի
Բացման Հանդիսականներուն)

Կը յուսամ, որ ներողամտութեամբ պիտի ընդունիք այս յապաղեալ ձօնը, երբ իմանաք, որ ան ձեզի կը մատուցուի անլոյս եւ անշարժ մէկու մը ձեռքով: Ես ալ դատապարտեալի իմ մահիճիս վրայէն մտովի ճգնեցայ հետեւիլ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բացման հանդիսութեանց, զորս դուք վայելեցիք ձեր սեփական աչքերով: Երեւակայութեան ճիգի այդ րոպէներուս, ինծի կը թուէր յստակօրէն տեսնել ձեր բոլորիդ հիացումի եւ երախտագիտութեան նայուածքները, լուսարձակներու պէս ուղղուած Սուրէն Խանամիրեանի վրայ:

Հաւաքական այս բուռն հետաքրքրութիւնը, որ ուրիշ պարագաներուն մէջ անգաղտնապահ եւ անհարկի պիտի թուէր, այդ պահուն այնքան արդար եւ նուիրական կ՛երեւար, որպէս թէ Սուրբ Մեսրոպի ձեռքերով հիւսուած լուսեղէն ծաղկեփունջ մը ըլլար` Սուրէնին սահմանուած: Դուք կը կարծէիք գտնուիլ տեսիլքի մը դիմաց: Իսկ ձեր այդ բարեպաշտ պատրանքը սրբագործ իրականութեան մը արժէքն ունէր:

Եւ մի՞թէ տեսիլքէն նուա՞զ հրաշալի էր այն, ինչ որ դիտեցիք:

Աւելի քան քառասուն տարեկան եղաւ այս գաղութը: Այս ժամանակաշրջանին բեղմնաւոր հայ մայրերը – որոնց ծնունդը օրհնեա՛լ ըլլայ – քառասուն թարմ հունձքեր պարգեւեցին ազգին: Այդ հունձքերը, սակայն, մշակուեցան խոպան ու քարքարուտ ածուներու մէջ: Ձեզմէ շատերդ հաւանաբար,- իսկ Սուրէնը` ապահովաբար, դեռ իրենց ծունկերուն վրայ կը կրեն հետքերը այն խիճերուն, որոնք այն ատեն կը դրուագէին Ս. Նշանի բակը: Դժբախտաբար դասարաններն ալ աւելի հանգիստ եւ ապահով ապաստանարաններ չէին նախ ձեր, ապա տարիներ վերջ ձեր հոգեհատոր մանկիկներուն համար: Եղան շրջաններ, ուր տնօրէնութեան գրասենեակն անգամ վերածուեցաւ դասարանի, եւ տնօրէնը ինքը մնաց բակին մէջ: Կացութիւնը դժուարին էր: Բայց աւելի դժնդակ էր մեր անյուսութիւնը, որով դարման մը չէինք գտներ այս վիճակին: Այնպէս որ բոլորովին արդար եւ ըմբռնելի կը գտնեմ ձեր այն հիացումը, որով այս արդիւնքը դիտեցէք իբրեւ տեսիլք մը: Այս անյոյս կացութիւնը կը բաղդատէին արեւելեան հեքիաթներու վիշապին հետ, որ քաղաքի մը աղբիւրին ակը խցած, թոյլ չէր տար, որ մարդիկ ումպ մը ջուրով յագեցնեն իրենց ծարաւը, եւ քաղաքն ամբողջ վիշապին դէմ պայքարը վեր նկատելով մարդկային ուժերէն, կը համակերպէր ծարաւի տոչորանքին, մինչեւ որ օր մը Աստուած դիւցազուն երիտասարդ մը կը ղրկէր` վիշապը սպաննելու եւ աղբիւրի ակին վրայի կալանքը խորտակելու:

Քառասուն տարուան մեր ակնկառոյց սպասումէն յետոյ ահա այդ դիւցազուն երիտասարդն է, որ այսօր ձեզի կը յայտնուի Սուրէնի դիմագիծերով: Այնպէս որ շատ արդար եւ շատ վայելուչ կը գտնեմ ձեր հիացիկ նայուածքները` անոր ուղղուած: Խոստովանիմ, սակայն որ եթէ Աստուած պահիկ մը ինծի վերադարձնէր իմ աչքերուս կորսուած լոյսը, ինչպէս Սամսոնին վերադարձուց իր ուժը` րոպէի մը համար.- Ես, Սուրէնի գլուխին վրայէն պիտի փնտռէի իր ծնողքը, եւ հանգրուան մը անդին Խանամիրեանց գերդաստանի տանուտէր հոգելոյս պր. Գեղամը, անոնց ընծայելու համար իմ երախտագիտական զգացումներուս նախախայրիքը, ո՛չ անոր համար, որ առողջ եւ կենսախայտ զաւակ մը հասցուցին բազմաթիւ խնամքներու եւ նեղութեանց գնով: Այսպիսի վերաբերումի մը համար կարելի է գոհունակութիւն յայտնել բոլոր ծնողներուն, համեստ կամ բարեկեցիկ, որոնք իրենց հնարաւոր ճիգերը կը թափեն իրենց զաւակներու բարիքին համար:

Շնորհաւորելի վարմունք է այո՛, բայց բոլորդ ալ գիտէք, որ կենդանիներն ալ իրենց անձին զոհաբերումին գնով կը խնամեն եւ կը պահպանեն իրենց ձագերուն կեանքը: Ես արդար կը գտնեմ իմ առաջին շնորհաւորանքներս մատուցանել Սուրէնի ծնողքին, որոնք իրենց բարեյիշատակ տանուտէրին պէս, բոլոր նիւթական հաստատութեանց մէջ նախընտրեցին իրենց հարազատ ժողովուրդին դպրոցը, հոն կազմելու համար իրենց զաւակները:

Դարեր առաջ, Ֆրանսայի թագաւորներէն մէկը, դաստիարակչական ժողովրդավար այս դրութիւնը ընտրած էր, մեծցնելու համար իր թոռնիկը, ապագայ Հենրիկոս Դ.ը, որ` արդարացնելով իր պապուն նախախնամ տեսչութիւնը, արժանացաւ կոչուելու ժողովուրդին հայրը:

Խանամիրեանց տան նահապետը, որ իր երկնային օթեակէն, կողքին ունենալով Սուրէնի վաղամեռ քոյրիկը,- քաղցրաժպիտ Նուարդը, որ աներեւութաբար հետեւեցաւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բացման հանդիսութեանց, անշուշտ խոր գոհունակութիւն զգաց իր հարազատի գործքէն: Ահա այսօր ան կը վայելէ իր ողջամիտ նախընտրութեան պտուղը: Եթէ Սուրէն հայ դպրոցի մէջ անցուցած չըլլար իր մանկութեան տարիները, ո՞վ պիտի ներշնչէր այն հայկական ոգին, որ զայն մղեց այսքան կանուխ, այսպիսի քաջագործութիւն մը կատարելու: Մտաբերեցէք, որ Սուրէն դեռ երիտասարդ է եւ ունի կեանքը վայելելու երկար ժամանակ եւ լայն միջոցներ: Պէտք է այստեղ իր մէջ նիւթական զոհողութենէն վեր, շնորհաւորել իր ազգային գիտակցութիւնը, որով անիկա յաղթահարելով սովորական բնաւորութեանց յատուկ ստորին ձգտումները եւ գռեհիկ վայելքի պահանջները, իր ուշն ու ուժը յատկացուց` գերազանցօրէն մարդավայել, բայց մանաւանդ հայավայել իրագործումներու, որոնց մէկ նմուշը դիտեցիք տեսլացած աչքերով:

Իսկ այս արդիւնքը` ամբողջովին հայ դպրոցի հրաշքն է:

 

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )