«Պետրոսեանի 300 Գրոհները» Խորագիրով Նոր Գիրք

1019_Petrosian-Girq«Շախմատային Հայաստան»-ը լոյս ընծայեց Գագիկ Յովհաննիսեանի «Պետրոսեանի 300 գրոհները» խորագիրով գիրքը, որ նուիրուած է աշխարհի 9-րդ ախոյեանին` Տիգրան Պետրոսեանին 85-ամեակին:

Գիրքին հիմնական նպատակն է ընթերցողներուն ներկայացնել ճատրակի արքային ստեղծագործութեան ամէնէն տպաւորիչ կողմերն ու տաղանդը: Ժամանակագրական կարգով ընտրուած են Պետրոսեանի 300 գեղեցիկ գրոհները եւ զոհաբերութիւնները:

Գիրքին մէջ զետեղուած են տասնեակ մը տարիներու ընթացքին Տիգրան Պետրոսեանի հաւաքական բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն անոր կեանքը, մանկութենէն մինչեւ վերջին օրերը:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Պետրոսեանի բոլոր ելոյթներուն մանրամասն վիճակագրութիւնը:

Անիկա լոյս տեսած է «Էլիթ Կրուփ» ընկերութեան (գլխաւոր տնօրէն` Արմէն Մկոյեան) աջակցութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )