Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստանի Վերանկախացման Առիթով`
Սփիւռքահայ Գործիչներու Պարգեւատրում

0921_BalianՍեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Հայաստանի վերանկախացման տօնին առթիւ, ինչպէս նաեւ ծաւալած հայանպաստ ակնառու գործունէութեան, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով ներդրած մեծ աւանդին համար շարք մը սփիւռքահայ գործիչներ պարգեւատրեց մետալներով:

«Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրուեցան Քեսապի  քաղաքապետ, ՀԲԸՄ¬ի Քեսապի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վազգէն Չափարեանը (Սուրիա), Քալիֆորնիայի նահանգային խորհրդարանին մէջ 35-րդ ընտրատարածքի  ներկայացուցիչ Խաչօ Աչաջեանը (Միացեալ Նահանգներ), Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ 46-րդ ընտրատարածքի  ներկայացուցիչ Ատրին Նազարեանը (Միացեալ Նահանգներ), Ամերիկայի հայկական խորհուրդի Լուիզիանայի նահանգային մարմինի նախագահ Վազգէն Կալթակճեանը (Միացեալ Նահանգներ), Լիբանանի  նախկին պետական նախարար, զօրավար Փանոս Մանճեանը, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ, Գասպար Կարապետեանը (Պելճիքա):

Պոսթընի համալսարանի նախագահ, բժիշկ Արամ  Չոպանեանը պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Հերացի» մետալով:

«Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուեցան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան (Սուրիա), Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ  Էդուարդ  Աւետիսեանը, Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ Պայքար Սվազլեանը, Կիպրոսի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար, «Կիպրահայեր» թերթի գլխաւոր խմբագիր Սիմոն Այնէճեանը, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ խորհուրդի վարչութեան նախագահ,  բարերար Քրիստիան  Վարդան-ֆերմանի Կելիճին, Փարիզի Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, «Նուվէլ Տ՛Արմենի» ելեկտրոնային օրաթերթի եւ տպագիր պարբերականի հիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանը (Ֆրանսա), Փարիզի Սորպոնի համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը, Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան  «Բագին» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր, ազգային գործիչ, Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Համազգային ամէնօրեայ հայկական վարժարանի հիմնադիր Յակոբ Պալեանը, «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, հասարակական-քաղաքական գործիչ  Եուրի Նաւոյեանը (Ռուսիա), Սենթ Փեթերսպուրկի «Ռոսուվենստրօ» կեդրոնի տնօրէն, հասարակական գործիչ, բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանը, Սան Մարինոյի գիտութիւններու եւ արուեստի միջազգային ակադեմիոյ դոկտոր-փրոֆեսէօր Օֆելեա Առաքելեանը (Ռուսիա), Պոլսոյ Ազգային կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Գույումճեանը (Թուրքիա), Թեհրանի Հայոց թեմի պատգամաւորական  ժողովի ատենապետ Գէորգ Վարդանը (Իրան), Սպահանի Հայոց Թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Նոէլ Մինասեանը (Իրան), Հայ մարզական-մշակութային «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ,  Իրան-Հայաստան մշակութային եւ մարզական կապերու յանձնախումբի նախագահ Համլէտ Խալոյեանը (Իրան), Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան  նախկին ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Մասիս» քաղաքական ամսաթերթի խմբագիր եւ պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանը (Լիբանան):

Պարգեւատրուածները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Սերժ Սարգսեանին` իրենց աշխատանքը բարձր գնահատելուն եւ արժեւորելուն համար` հաստատելով, որ յառաջիկային եւս պիտի շարունակեն առաւելագոյնս կատարել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման ու հայրենիքի բարօրութեան նպաստելուն համար:

Բակօ Սահակեան Մասնակցած Է Ազգային
Հերոս Բեկորին Նուիրուած Հանդիսութեան

1016pekorԼեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 15 հոկտեմբերին Ստեփանակերտի երիտասարդութեան եւ մշակոյթի պալատին մէջ ներկայ գտնուած է Արցախի հերոս, հրամանատար Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) ծննդեան 55-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է հայրենիքի համար նահատակուած հերոսներուն յիշատակը վառ պահելը, անոնց սխրանքները նոր սերունդին ներկայացնելը` քաղաքական, բարոյական եւ դաստիարակչական տեսանկիւններէ:

Հանդիսութեան մասնակցած են` Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի Քոլեճին Մէջ
Մոնսերաթ Քապալիէի Անուան Դասարանի Բացում

1015monseratiՍտեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճին մէջ հիւրընկալուած են սպանացի օփերայի նշանաւոր երգչուհի Մոնսերաթ Քապալիէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանը: Դպրոցին սաները նշանաւոր երգչուհին դիմաւորած են ծաղիկներով եւ ծաղկեփունջերով: Ապա անոր ընկերակցութեամբ ուղղուած են երաժշտական կրթօճախի նորակառոյց մասնաշէնքին մէջ գտնուող եւ Մոնսերաթ Քապալիէ անունը կրող երգեցողութեան մասնագիտական դասարանը:

Այնուհետեւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարը եւ երաժշտական քոլեճի տնօրէն Կարինէ Դադամեանը շնորհակալութիւն յայտնած են Մ. Քապալիէի այցելութեան համար` յոյս յայտնելով, որ անիկա խթան պիտի հանդիսանայ Արցախի մէջ օփերային երգեցողութեան զարգացման, որովհետեւ այդ առումով առկայ են համապատասխան տուեալներ եւ ներուժ: Երգչուհին հաստատած է, որ պիտի աջակցի Արցախի մէջ օփերային արուեստի զարգացման նպատակով եղած բոլոր մտայղացումներուն: «Յառաջիկային բոլորը պիտի լսեն ձեր օփերային երգի մասին եւ պիտի իրականանան ձեր բոլոր յոյսերը», յայտնած է ան:

Սայաթ Նովայի անուան պետական երաժշտական քոլեճի սաներու կատարմամբ ներկայացուած են աշխարհահռչակ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: Քոլեճի տնօրէն Կարինէ Դադամեանը տեղեկացուցած է, որ Մոնսերաթ Քապալիէն վարպետութեան դասեր պիտի տայ քոլեճին մէջ` իր նախընտրած ուսանողներուն:

«Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի Մէջ Բաց Դռներու Օրեր`
Դպրոցականներուն Եւ Ուսանողներուն Համար

IMG_6464«Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.» այցելած են Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան դպրոցի 25 աշակերտներ: Ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան պատանի հիւրերուն ներկայացուցած է բջիջային կապի զարգացման պատմութիւնը` ստեղծումէն մինչեւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի վերջին զարգացումները, ներկայացուցած է հիմնական կայաններու աշխատանքի հիմքերը եւ նրբութիւնները, բջիջային կապէն եւ համացանցէն օգտուելու առաւելութիւնները, վտանգներն ու կենցաղավարական կանոնները: Աշակերտները լսած են նաեւ «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ի ստեղծման պատմութիւնը: Ռալֆ Եիրիկեան անոնց հետ բաժնեկցած է յաջողութեան հասնելու գաղտնիքները: Հիւր աշակերտները Եիրիկեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած են ընկերութեան մէջ, ծանօթացած են գործունէութեան, աշխատանքային տարբեր հանգրուաններուն:

«Կը կարծեմ, թէ օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ մենք երիտասարդ սերունդին հետ կիսենք երկար տարիներու գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերուած մեծ փորձառութիւնը եւ գործնական հմտութիւնները: Սեփական ուժերով յաջողութեան հասնիլը եւ կատարած սխալներէն սորվիլը, անշուշտ, կարեւոր է, բայց կան պահեր, երբ կը զգացուի խորհրդատուութեան եւ ուրիշին փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւն: Կան որոշ սկզբունքներ եւ գաղափարներ, զորս պէտք է փոխանցել պատանիներուն եւ սերմանել անոնց մէջ, անկախ անկէ, թէ ան մասնագիտական ինչ բնագաւառ պիտի ընտրէ ապագային», յայտնած է Ռալֆ Եիրիկեան:

Աշխարհահռչակ Սոփրանօ Մոնսերաթ Քապալէն Եւ
Եւրոերեսփոխան Տոքթոր Էլենի Թէոխարուս Արցախի Մէջ

1018greatladiesՀակառակ ազրպէյճանական սպառնալիքներուն` երկու հրաշք կիներ Արցախ այցելեցին:  Աշխարհահռչակ սոփրանօ Մոնսերաթ Քապալէն եւ եւրոերեսփոխան տոքթոր Էլենի Թէոխարուս իրարու հանդիպեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ Արցախի ապագային հետ կապուած ստեղծագործական նախաձեռնութիւններ ծրագրեցին: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ պետական շրջանակներու հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին անոնք առիթը ունեցան վերանորոգելու իրենց կապուածութիւնը Արցախի հետ:

Կարեւոր է այս երկու հռչակաւոր կիներուն այցելութիւնը Արցախ, մանաւանդ երբ անոնք գիտեն, թէ Ազրպէյճան իր «սեւ ցուցակներուն» մէջ պիտի առնէ իրենց անունները` հակաքարոզչութիւն կատարելով իրենց անձին եւ գործունէութեան դէմ:

Մոնսերաթ Քապալէ եւ Էլենի Թէոխարուս կը փորձեն իրենց հասանելի բեմերուն վրայ միշտ ներկայացնել իրական Արցախը` իբրեւ ազատութեան համար պայքարի խորհրդանիշ:

Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Հայ Ժողովուրդի Յոյն Դուստրը

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Կիպրոսի Քրիստոնեայ ազատատիրական կուսակցութեան անդամ, Կիպրոսէն ընտրուած ԵԺԿ անդամ Էլենի Թէոխարուսը,  Հայագիտութեան միջազգային ընկերութեան կոմիտէի տնօրէն, Պելճիքա-Հայաստան առեւտրական արդիւնաբերական պալատի պատուոյ նախագահ Պեռնար Քուլիէին եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին:

Բարձր գնահատելով Էլենի Թէոխարուսի` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղուած քայլերը, նախարարը նշեց, որ Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբի անդամ Էլենին հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամներէն է եւ  պատահական չէ, որ ան արժանացած է Արցախի հերոսի կոչումին: Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպան, բժիշկ  Էլենի Թէոխարուսը 18 անգամ գտնուած է արցախեան ռազմաճակատի վրայ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յոյս յայտնած է, որ Էլենի Թէոխարուս` իբրեւ Արցախի դուստրը, պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման եւ արցախեան հիմնական հարցին խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Նախարարը ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն հիմնական դժուարութիւններուն լուծման ուղղութեամբ պետութեան կողմէ իրականացած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` «Նոր Հալէպ» բնակարանաշինութեան ծրագիրը:

Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է նաեւ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 7-րդ համաժողովին մէջ արծարծուած հարցերը: Քննարկուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ իրականացուելիք միացեալ ջանքերը: Ան շեշտած է Եւրոմիութեան դերը այդ գործընթացին մէջ:

Էլենի Թէոխարուս շնորհակալութիւն յայտնած է այս ջերմ ընդունելութեան համար: Ան նշած է, որ համակրանքով լեցուած է հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ միշտ պիտի գտնուի անոր կողքին, նաեւ հաւաստիացուցած է, որ միշտ պիտի աջակցի հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած շատ մը հարցերու լուծման:

Հայաստանի Տաղաւարը Հետաքրքրութիւն Ստեղծած Է
Ֆրանսախօսութեան Գիրքի Միջազգային Ցուցահանդէսին

Հայկական տաղաւարը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է Ֆրանսախօսութեան գիրքի միջազգային 66-րդ ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 8-12 հոկտեմբերին, եւ որուն ընթացքին Հայաստան անջատ տաղաւար ունէր:

Հայաստանեան տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին պետական եւ սեփական հրատարակչատուներու կողմէ վերջին տարիներուն հրատարակուած լաւագոյն նմուշները: Առանձին բաժինով ներկայացուած էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերը:

Հայաստանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեանը, «Զանգակ», «Անտարես», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւններու ղեկավարները, Գիրքի եւ հրատարակչական գործի կեդրոնի ներկայացուցիչները եւ ոլորտի այլ մասնագէտներ:

Ներսէս Տէր Վարդանեան 17 հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին գիրքի ցուցահանդէսին մասնակցութեան արդիւնքներուն մասին խօսելով` յայտնած է. «Այս տարի հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհահանդէս: Ներկայացուեցաւ հայկական խոհանոցի վերաբերող Սուսաննա Սարգսեանի «Խոհանոցային ճամբորդութիւն Հայաստանով» գիրքը: Հեղինակը կը բնակի Գերմանիա: Գիրքը հրատարակած է գերմանական հրատարակչութիւնը: Ասկէ բացի, տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի «Մանդիլիոն» գիրքին շնորհահանդէսը: Իրադարձութեան մասնակցեցաւ նաեւ հեղինակը», յայտնած է Ներսէս Տէր Վարդանեան:

Ըստ մշակոյթի փոխնախարարին, հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած էին քանի մը հարիւր գիրքեր: «Հիմնականօրէն շեշտադրումը դրուած էր այն գիրքերուն վրայ, որոնք հրատարակուած են նաեւ այլ լեզուներով: Արտասահմանի մէջ ապրող հայերը հիմնականօրէն կը հետաքրքրուին լեզուին, երկրի մշակոյթին եւ պատմութեանը վերաբերող գիրքերով, օտարները` ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններով: Մասնագէտները կը հետաքրքրուին այն նիւթերով, որոնք կրնան թարգմանուիլ այլ լեզուներով», դիտել տուած է Ներսէս Տէր Վարդանեանը:

Ան նշած է, որ հայկական տաղաւարին մէջ մեծ աշխուժութիւն կը տիրէր, այցելուներուն թիւը բաւական մեծ էր: «Առանձին քննարկում տեղի ունեցաւ` «Ցեղասպանութեան կանխման գործում գրականութեան դերը» խորագրով, որուն մասնակցեցան «Բելգէ» հրատարակչութեան ղեկավար Ռագիփ Զարաքոլուն եւ թուրք գրող Կուլչիչեք Կիւնել Թեքինը: Քննարկումը բաւականին աշխուժ անցաւ: Միջազգային բեմերու վրայ այսպիսի քննարկումներ շատ կ՛ըլլան: Ցուցադրուող գիրքերուն զուգահեռ` այս նիւթով քննարկումներ կայացան: Վստահ եմ, որ շատ մը բաներ խօսուեցաւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ` այլ ցեղասպանութիւններու մասին եւս: Երեւոյթը պէտք է դիտարկել իբրեւ յանցագործութիւն` ցեղասպանութիւնները կանխելու համար: Լռելը յաջորդին հիմքը կը ստեղծէ», յայտնած է փոխնախարարը: Ըստ անոր, դրացի Ազրպէյճանի տաղաւարին մէջ քաղաքական բնոյթի գիրքերը աւելի մեծաթիւ էին, քան` գեղարուեստականները: Հայկական տաղաւարին մէջ պատկերը այլ էր` գերակշռող էին գեղարուեստական գիրքերը:

Արցախի Սօս Գիւղին Մէջ Դպրոց Պիտի Կառուցուի

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ դպրոց մը պիտի կառուցէ: Ծրագիրը իրականութիւն կը դառնայ հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինին հովանաւոր Ճերրի Թրփանճեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան միացեալ ֆինանսաւորմամբ:

Երկյարկանի դպրոցը, 830 քառակուսի մեթր ընդհանուր տարածքով, նախատեսուած է 200 աշակերտի համար: Նոր կառոյցը պիտի ունենայ ընդարձակ դասարաններ, գրադարան, դարմանատուն, ուսուցչարան: Հիմնական շէնքին կից պիտի կառուցուի մարզական սրահ: Կը նախատեսուի նաեւ բացօթեայ մարզական դաշտ` մարմնակրթութեան համար: Ներկայիս կը կատարուին հողը փորելու աշխատանքները:

Viva-cell-logo1

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )