Ճատրակ Խաղալու Արուեստը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1025_djadragԳիտէի՞ր, թէ ճատրակին անունը եկած է արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներէն: Պարսկերէն շահ կը նշանակէ թագաւոր, իսկ «ալ շայխ մեթ»` «ծերունին մեռաւ»` արաբերէնով: Մօտաւորապէս հազար տարիներու ընթացքին է, որ այս շատ հին խաղը զարգացած է եւ ստացած այժմէական իր կերպարանքը եւ օրէնքները, որոնց մենք ծանօթ ենք…

64 ճերմակ եւ սեւ քառակուսիներով տախտակի մը վրան շարուած են նոյն գոյնով թագաւոր մը, թագուհի մը, երկու աշտարակ, երկու խենթ, երկու ձիաւոր եւ ութը քար: Անոնց շարժումները նշուած են խումբ մը շատ ճշգրիտ օրէնքներով. խաղին նպատակն է պարտութեան մատնել թշնամին` բռնելով անոր թագաւորը, այսինքն «մեթ» ընելով: Յաղթելու համար, պէտք է նախատեսել թշնամիին բոլոր շարժումները եւ հաւանականութեան ո՛չ մէկ առիթ ձգել:

1025_djadrag-1Սիսսա Իմաստունին Առասպելը

Ճատրակի խաղը եկած է հին ժամանակներէն. ան յայտնուած է Հնդկաստանի մէջ, 6-րդ դարուն: Ըստ առասպելին, Սիսսա անունով իմաստուն մը զայն հնարած է` իբրեւ թագաւորին զբաղում: Իբրեւ վարձատրութիւն, Սիսսա թագաւորէն քիչ մը ցորեն խնդրած է առաջին քառակուսիին մէջ դնելով մէկ հատիկ, երկրորդ քառակուսիին մէջ երկու, երրորդ քառակուսիին մէջ չորս եւ այս ձեւով շարունակելով մինչեւ վաթսունչորրորդ քառակուսին` ամէն անգամ հատիկներուն թիւը կրկնապատկելով: Այս վարձատրութիւնը աներեւակայելի էր, որովհետեւ հատիկներուն ընդհանուր գումարը բազմաթիւ միլիառ էր, հնդիկ թագաւորին ունեցած թագաւորութեան բոլոր հունձքերէն շատ աւելի:Ճամբորդութիւն Մը Ժամանակին Եւ

Ցամաքամասերուն Ընդմէջէն

1025_djadrag-6Ճատրակի խաղի այս նախահայրը կը կոչուի «շաթուրանկա»: Իրարու դէմ կը խաղան չորս անձեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մէկ թագաւորէ, չորս քարերէ, հրասայլէ մը, ձիաւորէ մը եւ փիղէ մը կազմուած բանակ մը: Զանոնք տեղափոխելու համար, խաղցողները զառեր կը նետեն. հետեւաբար պատահականութիւնն ալ իր տեղը ունի խաղին մէջ: Իրենց երկար պատմութեան ընթացքին է, որ ճատրակը պիտի ստանայ ներկայիս ունեցած իր կերպարանքը: Զառերը շատ արագ խաղէն պիտի անհետանան, եւ խաղցողներուն թիւը պիտի նուազի երկուքի: Հնդկաստանէն ճատրակը նախ պիտի անցնի Չինաստան, ապա Պարսկաստան: Երբ արաբները Պարսկաստանը կը նուաճեն 7-րդ դարուն, անոնք ալ այս խաղը կ՛որդեգրեն: 9-րդ դարուն Հարուն Րաշիտ խալիֆան կը կազմակերպէ ճատրակ խաղցողներու առաջին մրցաշարքը Պաղտատի մէջ. եւ անոր թագաւորութեան ընթացքին է, որ կը ներկայացուին ճատրակի խաղին մասին առաջին գրութիւնները:

Ապա, մօտաւորապէս 10-րդ դարուն, արաբները այս խաղը կը մտցնեն Եւրոպա, ուր նուազ քան մէկ դար ժամանակամիջոցին ան մեծ յաջողութիւն պիտի գտնէ հարուստ իշխաններուն, միջնադարեան ընկերութեան բոլոր դասակարգերուն մէջ, թէ՛ այր մարդոց, թէ՛ ալ կիներուն մօտ:

Վեզիրէն Թագուհին, Փիղէն… Խենթը

Միջին դարերուն վերջաւորութեան, խաղի տախտակը երկու գոյն կը դառնայ, բաց եւ մութ գոյներով տուփիկներով (մինչ այդ միայն պարապ քառակուսիներ գծուած էին): Անոր քարերը այլեւս բանակ մը չեն ներկայացներ, այլ իշխանական աշխարհի միջավայրը: Թագուհին կը յայտնուի եւ կ՛առնէ պարսկական եւ արաբական խաղերուն վեզիրին տեղը: Աշտարակը հնդկական հրասայլին ժառանգորդն է, իսկ խենթը` փիղին: Ճատրակը յաճախ կը խաղցուէր դրամի համար: Հետզհետէ նոր օրէնքներ դրուեցան, որպէսզի քարերը աւելի արագօրէն շարժին, եւ մրցաշարքեր սկսան կազմակերպուիլ: Եւրոպայի մէջ առաջին մրցաշարքը կը կազմակերպուի 1575-ին:

Ճատրակը` Ներկայիս

Մեզի ծանօթ ճատրակի արդի խաղը իր վերջնական ձեւը կը գտնէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, 20-րդ դարու սկիզբը: 1924 թուականին կը ստեղծուի ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը: Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կը սկսի Պաղ պատերազմը` Միացեալ Նահանգներուն եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, ճատրակը կը դառնայ միջոց մը երկու հզօր պետութիւններուն համար իրարու դէմ կռուելու` իրենց ախոյեաններուն միջոցով: Այժմ, համացանցին շնորհիւ, կարելի է ճատրակ խաղալ աշխարհին միւս կողմը գտնուող խաղացողի մը հետ, կամ խաղալ պարզապէս համակարգիչին դէմ, որ պատրաստուած է վերլուծելու բոլոր հաւանականութիւնները շատ կարճ միջոցի մէջ:

Դարերու ընթացքին ճատրակը առիթ մըն է ոսկերիչներուն եւ ազնիւ փայտի կահագործներուն շքեղ ճատրակի խաղեր արտադրելու, օրինակի համար` Սէն Լուի թագաւորին ճատրակի խաղասեղան: 20-րդ դարուն, Մարքս Էրնսթ արուեստագէտը Միւրանոյի մէջ ստեղծեց վենետիկեան ապակիէ 5 մեթր կողմերով հսկայական ճատրակի տախտակ մը: Անոր 32 քարերէն իւրաքանչիւրը կը կշռէր քանի մը քիլօ: Շատ գեղեցիկ արուեստի գործ մը, սակայն ոչ շատ գործնական խաղալու համար:

Հետաքրքրական

Փիղը («Ալ Ֆին» արաբական եւ պարսկական ճատրակին մէջ) կը ներկայացուէր անոր կռնակին վրայ երկու անձերով: Անոր վրայի երկու սուր ծայրերը եւրոպացիները կը նմանցնեն խենթին գլխարկին:

Փիղը («Ալ Ֆին» արաբական եւ պարսկական ճատրակին մէջ) կը ներկայացուէր անոր կռնակին վրայ երկու անձերով: Անոր վրայի երկու սուր ծայրերը եւրոպացիները կը նմանցնեն խենթին գլխարկին:

Ճատրակի խաղը Ճափոն կը հասնի 11-րդ դարուն: Ան հոն կը կոչուի «շոժի», եւ կը խաղցուի 40 տափակ քարերով:

Ճատրակի խաղը Ճափոն կը հասնի 11-րդ դարուն: Ան հոն կը կոչուի «շոժի», եւ կը խաղցուի 40 տափակ քարերով:

 

 

 

 

 

 

 

 

Թագաւորը ճատրակի խաղին միակ քարն է, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է դարերու ընթացքին:

Թագաւորը ճատրակի խաղին միակ քարն է, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է դարերու ընթացքին:

***************

Հայաստանը` Ճատրակի Երկիր

1025_Tigran-Petrosyan-Yerevan-StreetsՀայաստան ճատրակի երկիր է, որ տուած է եւ տակաւին կու տայ բազմաթիւ ախոյեաններ: Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի ճատրակին, որ նաեւ կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ:

Միջազգային ախոյեաններ են Տիգրան Պետրոսեանը, Ռաֆայէլ Վահանեանը, Սմբատ Լպուտեանը, Արշակ Պետրոսեանը, Վլատիմիր Յակոբեանը, Արտաշէս Մինասեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը, Լեւոն Արոնեանը, որոնք իրենց մասին խօսիլ տուած են ամբողջ աշխարհին մէջ:

1025_shaxmatԱշխարհի կրկնակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի անունով ճատրակի մրցաշարք կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ, ուր նաեւ կան իր յուշարձանները եւ իր անունով փողոցներ: 2012 թուականին Երեւանի Մաշտոց պողոտայի մայթին վրայ` Օփերայի շէնքին դիմաց, նստարանի մը ետեւը տեղադրուեցաւ նշանաւոր ախոյեանին` Տիգրան Պետրոսեանի արձանը: Նստարանին վրայ դրուեցան խաղաքարերը, որպէսզի ուզողը նստի եւ խաղայ:

Հետաքրքրական է նաեւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին դիմաց գտնուող, Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակին վրայ 2013-ին տեղադրուած մեծ ճատրակի հարթակը եւ մօտաւորապէս մարդու հասակ ունեցող ճատրակի քարերու զետեղումը: Ասիկա ոչ միայն կարեւոր է դաստիարակչական առումով, այլ նաեւ ճատրակի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ: Այս ճատրակը միայն զարդարանքի համար չէ, այլ եթէ մէկը փափաքի կրնայ ելլել հարթակին վրայ, որ 30 քիլոմեթր մակերես ունի, եւ ճատրակ խաղալ:

 

Աշխարհի Ամէնէն Շատ
Խաղալիք Գնող Երկիրները

 

1025_khaghalikԽաղալիքներուն հարցը շատ լուրջ է ամերիկացիներուն համար: Միացեալ Նահանգները խաղալիքներու համար ամէնէն շատ դրամ ծախսող երկիրն է: Ահա, թէ 2010 թուականին աշխարհի վրայ տարբեր ժողովուրդներ որքան դրամ ծախսած են խաղալիքներ գնելու համար:

1.- Միացեալ Նահանգներ` 22 միլիառ տոլար.

2.- Ճափոն` 7 միլիառ տոլար.

3.- Չինաստան` 6 միլիառ տոլար.

4.- Անգլիա եւ Ֆրանսա` 4 միլիառ տոլար.

5.- Գերմանիա` 3 միլիառ տոլար.

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կտորներու այն խումբը, որ կրնայ վերակազմել մարդամեքենան:

Կրնա՞ս գտնել կտորներու այն խումբը, որ կրնայ վերակազմել մարդամեքենան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս նկարը ամբողջացնել` քառակուսիներուն հետեւելով:

Կրնա՞ս նկարը ամբողջացնել` քառակուսիներուն հետեւելով:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու մարդամեքենաները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )