Հարցազրոյց Պոլսոյ «Ակօս» Թերթի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց`  ԳՈՒԻՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

sarkis-seropian_24-10-14Ծնած եմ 1935 թուականին, Պոլիս: Հօր կողմէ աքսոր չտեսած ընտանիքէ մը, մօր կողմէ` աքսոր տեսած : Իմ հօրս հայրը ծնած է Սեբաստիոյ Զարա շրջանը եւ երիտասարդ տարիքէն Պոլիս եկած է աշխատելու: Հօրս մայրը բուն պոլսահայ ընտանիքէ էր:  Իսկ մօրս հայրը զինուորական բժիշկ էր. ո՛ւր որ իրեն կը ղրկէր օսմանեան բանակը ստիպուած էր երթալու:

Մօրս մայրը հարուստ ընտանիքէ մըն էր եւ անոր հայրը գաղութին բարերարը եղած էր: Ջարդի ժամանակ իր մեծ հայրը նահատակուեցաւ, իսկ մեծ մայրիկը աքսորուելէ ետք վերադառնալով Պոլիս` ծառայ եղաւ հարուստ տուներու մէջ եւ այս ձեւով ապրեցուց իր ընտանիքը: Իմ ծնելէս երկու տարի վերջ հայրս մահացաւ ծանր հիւանդութենէ: Փոքր տարիքիս, այսօրուան Քուրթուլուշ` յունական Պոլսոյ Թաթաւլա շրջանը մեծցած եմ. շատ յունարէն լեզուն լսելէս կը յիշեմ շատ մը յունարէն բառեր: Հոն հայկական վարժարան մը յաճախած եմ` Արթի կրթարանը, որ այլեւս փակուած է եւ շատերը նոյնսիկ չեն յիշեր անոր գոյութիւնը:

15 տարեկանիս, մեծ հայրիկիս մահէն ետք,  տեղափոխուեցանք Բերայի շրջանը, ուր մայրս, մեծ մայրս եւ ես փոքր սենեակի մը մէջ սիրով ապրեցանք: Ստիպուած` դպրոցը ձգեցի եւ գործի մտայ: Որոշած էի լքել այս երկիրը եւ Հայաստան տեղափոխուիլ, ուր մօրեղբայրս կ’ապրէր, բայց մերժուեցաւ այս դիմումս խորհրդային կառավարութենէն, ես ալ այլեւս որոշեցի, որ հոս պիտի մնամ, հակառակ որ մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւեցինք` 1955-ի եղելութիւնները, 1943-ի Ունեւորութեան տուրքը եւ այլն, եւ այլն:

Երբ որ ամուսնացայ, Պաքըրգիւղ տեղափոխուեցանք կնոջս հետ: Կինս կ՛աշխատէր Տատեան վարժարանին մէջ: Գործիս, ընտանիքիս, զաւակներուս կեանքիս զուգահեռ` կը յառաջանար նաեւ գաղութին հետ զբաղումս:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ մղեց քեզ, որ գաղութային հարցերով զբաղիս:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.– Երբ որ զինուորագրուեցայ, մասնագիտութիւնս անթել կապն էր, եւ զիս ղրկեցին Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները: Այսպիսով, գտնուեցայ Սեբաստիա, Գոնիա, Էրզրում, Երզնկա, Անգարա եւ այլն: Այդ ժամանակ շատ բան ալ չէի հասկնար, բայց երբ զինուորական քարտեսներուն մէջ նկատեցի գիւղերու անունները, ինչպէս` Բրքնիկ, Ջերմուկ, Կամուրջ, Իշխան, Տէրիք եւ այլն, այսպիսի  հայկական անունները ուշադրութիւնս գրաւեցին: Ազատ ժամերուս տեղացիներէն կը խնդրէի, որ այդ գիւղերը տանին զիս: Զինուորական հագուստովս ոեւէ մէկը չէր հասկնար, որ հայ էի: Ուստի բոլոր հարցումներուս ալ կը պատասխանէին: Այսպէս, տեսայ ամայացած հայկական գիւղերը: Գերեզմանատան քարերուն վրայ հայկական անուններ փորագրուած էին, աղբիւրներու վրայ` հայկական գրութիւններ: Շէնքերը իւրայատուկ ճարտարապետութեան ոճ ունէին: Մանաւանդ` եկեղեցիները եւ դպրոցները: Տեղացիները գիտէին եւ ինծի շատ անգամ կ՛ըսէին` այս տեղերը հայերուն էին: Բաւական ալ մանրամասնութիւններ կ՛ըսէին, թէ ինչպէս կը վարուէին հայերուն հետ: Ես աչքերովս տեսայ այդ հայկական եկեղեցիները, որոնք յիսունական թուականներուն թրքական կառավարութեան որոշումով ոչնչացան: Այսպէս, հետաքրքրութիւնս գրգռուեցաւ, սկսայ հարցնել վերապրողներուն, գիրքեր կարդալ մեր պատմութեան մասին: Զինուորութենէս ետք կնոջս հետ, նոյնիսկ աւելի վերջ` զաւակիս  հետ,  պատմական Հայաստանի գիւղերը եւ քաղաքները կ’այցելէի մեր արձակուրդի օրերուն:

Վերապրող հայերու հանդիպեցայ, որոնք իսլամացուած էին, եւ շատ սերտ կապեր պահեցինք իրարու հետ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակենք ունենալ: Այս ճամբորդութիւններս յօդուածներու վերածեցի եւ անոնք Պոլսոյ հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսան: Շնորհք պատրիարքի օրերուն եւ անոր օրհնութեամբ, հիմնուեցաւ Գաղթականաց յանձնախումբը, որուն նպատակն էր Պոլիս տեղափոխել այն հայերը, որոնք ահռելի վիճակի մէջ կ՛ապրէին պատմական Հայաստանի մէջ: Օրինակ` Մարտինի Սիլոբի գիւղին ամբողջ բնակչութիւնը տարինք Պոլիս: Այս Գաղթականաց յանձնախումբին առիթով ծանօթացայ երիտասարդ եւ իտէալիստ Հրանդ Տինքին, ինչպէս նաեւ` այլ գործունեայ հայերու հետ: Հրանդին հետ մեր ուղիները հանդիպեցան նաեւ 1995-ին, երբ որ ինծի այցելեց հիանալի առաջարկով մը: Նոր երկլեզու թերթ մը հրատարակել` ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ թրքերէն, որովհետեւ այս երկրին խորերը ապրող հայերը հայերէն չէին հասկնար: Անմիջապէս համաձայնեցանք եւ տասը հոգինոց յանձնախումբ մը կազմեցինք, որպէսզի թերթին տպագրութիւնը սկսի: «Ակօս» թերթը ընդունուեցաւ ոչ միայն հայերու, այլ նաեւ յառաջադէմ գաղափարներ ունեցող թուրքերու, քիւրտերու կողմէ եւայլն: Դժբախտաբար «Ակօս»-ով զբաղեցան նաեւ այս երկրի մութ շրջանակները: Թերթի առաջին հիմնադիրներէն միայն ես կամ այլեւս: Մէկ մէկ բոլորն ալ գացին: «Դուն ինձմէ պզտիկ ես, դո՛ւն վերջինը պիտի մնաս», ըսի օր մը կատակելով Հրանդին: Շատ ժամանակ չանցած` դառնօրէն հերքուեցայ: Հրանդ Տինքի դիակը «Ակօս»-ի գրասենեակի մայթին վրայ էր® Ան դեռ շատ տալիք ունէր մեզի…

 

Հ.- Թէեւ Պոլիս կ՛ապրիս, սակայն հոգիդ, միտքդ եւ սիրտդ դէպի արեւելք կը նային: Ի՞նչ է պատճառը:

Պ.– Ինչպէս որ ուզեն, թող ըսեն: Թուրքիա, Բիւզանդիոն, Պարսկաստան, պատմական կամ արեւմտեան Հայաստան: Ինծի համար կարեւորը` հոս է հայրենիքս: Երբ որ Վան կը գտնուիմ, աւելի հզօր կը զգամ: Սեբաստիա` երջանիկ եմ: Եփրատի ջուրը խմելով` կը զովանամ:  Հակառակ արեւի զօրաւոր ճառագայթներուն եւ անտանելի տաքին, հակառակ նոր տեղացիներու արհամարհական նայուածքներուն, կրնայ ըլլայ քիչ մը վիպապաշտական կը թուի, բոպիկ քալելը մեր հին քարերուն վրայ, մեր հին գետերու ափերուն զիս շատ աւելի մօտ կը բերէ նախահայրերուս:

Ներքին ուժ մը զիս մղեց, երբ առաջին անգամ Խարբերդէն դէպի Մուշ կամուրջի մը տակ Եփրատի պղտոր եւ աղտոտ ջուրը խմեցի: «Մի՛ խմեր, պիտի հիւանդանաս, աղտոտած է», ըսին: Այո, այդպէս էր, բայց ես ուխտած էի, որ երբ գետին առաջին անգամ մօտենամ, ափ մը ջուր պիտի խմեմ: Որո՞ւ բացատրէի, որ այդ կամուրջէն իմ մեծ հօրաքոյրս ինքզինք գետ նետած էր չարչարանքներէ ազատելու համար® Մայրս 8 տարեկան էր այն ատեն, իր քոյր-եղբայրներով ձայն տուած են. «Նայէ` ի՜նչ աղուոր կը լողայ մեր հօրաքը»: Այդ տպաւորութեամբ անցեր են կամուրջը եւ այդ տպաւորութեամբ շարունակեր են, մինչեւ որ շատ աւելի վերջ անդրադարձան 1915-ի աղէտին: Եփրատ, Տիգրիս, Մնձուրի, Ախուրեան` բոլոր գետերէն ալ խմած եմ: Բոլոր գետերուն մէջ նահատակներ մնացած են իմ ժողովուրդէս: Իսկ բարեկամութիւնները, որոնք ստեղծուեցան այս ճամբորդութիւններուն  ընթացքին, սխալ չհասկցուիմ, բայց ես այս կապերը կը նմանցնեմ ծովահէններու կեանքին, ուր ամէն նաւահանգիստի մէջ սիրելիներ կ՛ունենան: Կապ մը, որ սերունդէ սերունդ դեռ կը շարունակուի:

Պատմական Հայաստան իմ յաճախակի ճամբորդութիւններս, անոնց մասին գրելս եւ արտայայտուիլս մասնագէտի մը համբաւը տուին ինծի: Այդ պատճառով շատերը «Ակօս» կու գան ու կը դիմեն ինծի, որ իրենց հետ ճամբորդեմ ու զիրենք  առաջնորդեմ: Ճամբորդութեան գրասենեակներ, նոյնիսկ փրոֆեսէօրներ` իրենց հետազօտութիւններուն համար: Շատերը կ՛առաջարկեն վճարովի իրենց ուղեկցիլ: Անշուշտ կ՛ընդունիմ հետերնին ճամբորդել, բայց վճարումը կը մերժեմ: Աս իմ հաճոյքս է, երբեք դրամի համար պիտի չընէի, որով «Ակօս»-ը փարոս մըն է, բոլոր անոնց համար, որ այս երկրի մերժուած իրականութիւնները կը փնտռեն:

Այս երկրին մէջ 79 տարի կ՛ապրիմ: Լսած եմ անհամար զոհերու վկայութիւններ  եւ  յանցաւորներու խոստովանանքներ: Ամէն անգամ որ նոյն վայրերը կ՛այցելէի, տարբեր բաներ կը տեսնէի: Այն եկեղեցին, որ կը յաճախէի` քանդուած, այն մարդոց հետ, որ կը զրուցէի` մահացած: Գետափի ծառը, որուն շուքին տակ շունչ մը կ՛առնէի, ջրամբարէն խեղդուած: Մարդոց ցեղասպանութենէն ետք, մշակութային ցեղասպանութիւնը կ’ոչնչացնէր ամէն ինչ:

Ես այս պատասխանը կու տամ Ցեղասպանութիւնը մերժողներուն: Ինչպէ՞ս կարելի է բոլորն ալ տեսած ըլլան նոյն գէշ երազը: Ե՛ւ հոս, ե՛ւ սփիւռքի մէջ, աշխարհի չորս կողմը: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ այսպիսի աղէտ մը կրնայ ծածուկ եւ անյայտ մնալ:

 

Հ.- Այս ամէնը ապրելէ ետք, ինչո՞ւ շարունակեցիր Թուրքիոյ մէջ ապրիլ, ինչպէ՞ս տոկացիր: Կամ ալ արդեօ՞ք մեր մշակոյթին եւ պատմութեան պահակ-տիտան մըն ես:

Պ.– Երբ 1915-ին հայութեան կէսը նահատակուեցաւ եւ միւս կէսը ստիպուեցաւ աքսորի ճամբան առնելու, պզտիկ գաղութ մը հոս` Պոլսոյ մէջ մնաց եւ անոնցմէ ալ ո՛վ որ տոկաց յաջորդական հարուածներուն` 37-ին, 43-ին, 55-ին եւ 64-ին եւ չլքեց այս երկիրը, ափ մը հայեր, պայքարեցանք եւ դեռ կը պայքարինք պահպանելու համար, այն ի՛նչ որ կարելի է: Հիմա դիւրին կը թուի, բայց այդ ժամանակներուն շատ դժուար եւ վտանգաւոր էր:

Անոնք, որոնք չեն տեսած իրենց ժողովուրդին արմատախիլ ըլլալը, չեն հասկնար մեր զգացումները: Իսկ մնացեալին կը պատասխանեմ. «Հանգի՛ստ եղէք, Արարատը տեղն է, վեհ եւ ձիւնածածկ: Այսքան թշնամիներ, այսքան յարձակողական ցեղեր, իշխաններ եւ իշխանութիւններ անցան եւ գացին:

Եւ այո՛, ես այս երկրին մէջ կ՛ապրիմ: Եթէ Ֆրանսա, Ամերիկա, Յունաստան երթայի, աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար ինծի եւ իմ զաւակներուս համար: Ո՛չ: Ես հոս ծնայ, հոս է իմ հայրենիքս: Ինչպէս որ Հրանդը ըսած էր «այո՛ կը սիրենք այս հողերը, բայց չենք սիրեր մեզի հետ տանելու համար, կը սիրենք, որպէսզի մեզի ծածկեն երբ յաւերժական աչքերնիս պիտի փակենք»:

Ուրեմն ես հոս եմ, մենք հոս ենք եւ հոս պիտի մնանք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )