«Վերադարձ Հայաստան»-ը` Հայաստան Վերադարձի Ուղին Դիւրացնելու Միտող Կառոյց Մը

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ  

IMG_9788

«Մեր աշխատանքը հիմնականին մէջ Հայաստանի իրական կացութիւնը ներկայացնելն է, լաւն ու վատը, դժուարութիւններն ու դիւրութիւնները»։

ՃՈՐՃ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

 

«Ընդհանրապէս աւելի լաւ է, որ մարդ Հայաստան տեղափոխուելէ առաջ գայ հայրենիք, սերտէ վիճակը, ծանօթանայ պայմաններուն, ապա վերջնական որոշում կայացնէ»,

ՐԱՖՖԻ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ

 

Տարիներ առաջ Հայաստան հաստատուելու երազը իրականութիւն դարձուցած խումբ մը երիտասարդներ համախմբուելով` հիմը դրին «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին` հիմնական նպատակ ունենալով հայրենիքի մէջ կեանք սկսելու իրենց առաջին տարիներու դժուարութիւններէն, մարտահրաւէրներէն ձեռք բերուած փորձառութիւնը փոխանցել ուրիշ հայրենադարձներու, որպէսզի անոնք եւս դէմ յանդիման չկանգնին այն հարցերուն, զորս իրենք դիմագրաւած են օրին: Այս խումբին միացած են նաեւ այլ անհատներ, որոնք կը հաւատան սփիւռքահայ ներուժին եւ հայրենիքի զարգացման մէջ անոր ունեցող եւ ունենալիք մեծ դերակատարութեան:

Վերջերս Լիբանան այցելեց հիմնադրամէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին հիմնադիրներ Րաֆֆի Գասարճեանն ու Ճորճ Թապաքեանը: Այս առիթով «Ազդակ»-ի յարկին տակ անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցը հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ ըլլալու կողքին, նոր դռներ կը բանար Հայաստան տեղափոխուիլ փափաքողներուն, նոր թափ կու տայ սփիւռքահայու երազին` վերջնականապէս իր կեանքը հայրենի հարազատ հողին վրայ, ապահով երկնքի տակ շարունակելու, հոն ապրելու, արարելու եւ նոր սերունդներու ծնունդ տալու:

«Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին հիմնադիրները կը հաւատան, որ Հայաստան տեղափոխուելու որոշում տալը կը կազմէ այդ գործընթացին 90-95 առ հարիւրը, իսկ մնացեալը պարզապէս` 5 առ հարիւրը կը հանդիսանայ: Անոնք կը յայտնեն, որ իրենց նպատակը Հայաստանի քարոզչութիւն ընելն ու հայրենիքը վարդագոյն ներկայացնելը չէ, այլ պարզապէս օժանդակող նեցուկ դառնալ հայրենիք փոխադրուիլ եւ հոն կեանք սկսիլ փափաքողներուն: Անոնք կը խոստովանին, որ դժուարութիւնները բազմաթիւ են, սակայն նաեւ կը հաստատեն, որ զանոնք յաղթահարելը անկարելի չէ,դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ ձախողութեան հանդիպածներուն մեծամասնութիւնը իրենք պատասխանատու են իրենց ձախողութեան, որովհետեւ ճիշդ անձերու եւ ուղիներու չեն դիմած:

Անոնց խորհուրդն է, որ Հայաստան տեղափոխուիլ փափաքողները նախ քանի մը ամիսով այցելեն Հայաստան, սերտեն կացութիւնը, ապա վերջնական եւ վճռական որոշում կայացնեն:

«Վերադարձ Հայաստան»-ը նաեւ վերածուած է սփիւռքահայերը համախմբող յարկի մը, որուն տակ ամսական դրութեամբ կը համախմբուին հայրենադարձները, իրարու  կը ծանօթանան, փորձառութիւններու փոխանակում կը կատարեն, ընկերային մթնոլորտի մէջ հաճելի ժամեր կ’անցընեն:

1101_repat«Վերադարձ Հայաստան»-ի անդամները պատրաստ  են օժանդակելու ոեւէ հայու, որեւէ իմաստով, միայն պէտք է դիմել իրենց:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

 

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք այն հանգամանքներուն մասին, որոնք ձեզ մղեցին` իբրեւ հայրենադարձներ, յղանալու նման հիմնադրամի մը ստեղծման գաղափարը եւ հիմը դնելու «Վերադարձ Հայաստան»-ին:

ՐԱՖՖԻ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ.– Լիբանան ծնած եմ, սակայն գրեթէ 30 տարի Միացեալ Նահանգներ ապրած եմ: Երբ 1992-ին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան մեկնեցայ, շատ դժուար ժամանակներ էին, սակայն ձեւով մը կրցայ մէկուկէս տարի ապրիլ, որովհետեւ գիտէի, թէ կրկին Միացեալ Նահանգներ պիտի վերադառնամ: Սակայն, երբ 2008-ին որոշում տուի, որ Հայաստան պիտի փոխադրուիմ, բազմաթիւ հարցումներ ծագեցան մտքիս մէջ` կրթական, աշխատանքային, կենցաղային եւ ընդհանրապէս ամէն ինչի հետ կապուած: Թէեւ շատ յաճախ կ՛այցելէինք Հայաստան, սակայն հոն հաստատուելու երթալը ամբողջովին տարբեր է, տարբեր փորձառութիւններու դէմ յանդիման կը կանգնիս այն ատեն: Այս իրողութենէն մեկնած` մտածեցինք, որ լաւ կ’ըլլայ իմ եւ ընկերներուս այս փորձառութիւնը համախմբենք տեղ մը իբրեւ տեղեկութիւն, որպէսզի ուրիշներ կարենան օգտուիլ անկէ: Խորքին մէջ ամէնէն դժուար մասը այն է, որ որոշում տաս հայրենիք հաստատուելու, անկէ ետք ուրիշներուն փորձառութիւնները կրնան հիմք ծառայել այս ճամբէն աւելի դիւրին քալելու: Հիմնական գաղափարը ա՛յս էր, որ մեր տարբեր փորձառութիւնները փոխանցենք հայրենադարձութեան մասին մտածողներուն:

Մեզի հետ կար նաեւ խումբ մը, որուն առաջադրանքը Հայաստանի ապագան է, անոնք կը հաւատան, որ շատ կարեւոր է սփիւռքի փորձառութիւնն ու ներդրումը` դիմակալելու համար այն մարտահրաւէրները, որոնք կային Հայաստանի առջեւ, եւ որոնք արգելք կը հանդիսանային Հայաստանի արագ ու յաջող զարգացման: Իրենց համար հայրենադարձութեան գաղափարը շատ կարեւոր է` իբրեւ ռազմավարական նպատակ: Ուստի միասնաբար որոշեցինք հաստատել հիմնադրամ մը, որ կարենայ հայրենադարձներուն աջակցիլ: Այսինքն հիմնադրամին մէջ միացան ռազմավարական նպատակն ու  իրենց փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնեկցելու առաջադրանքը:

ՃՈՐՃ ԹԱՊԱՔԵԱՆ.–  Ծնած եմ Զահլէ, աւարտած եմ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, աշխատած եմ Լիբանանի մէջ, ապա փոխադրուած եմ Տուպայ, իսկ անկէ ետք` վերջնականապէս Հայաստան: Հայրենիքի գաղափարը միշտ ալ կար մեր մէջ, իսկ երբ 2004-ին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան գացի, զգացի, որ անիկա ճիշդ տեղն է ապրելու, աշխատելու եւ ընտանիք կազմելու: Ըստ ինծի, հայրենադարձներուն 90-95 առ հարիւրին մօտ այդ որոշումը տալն է հիմնականը, մենք պէտք է ընդունինք Հայաստանը իբրեւ մեր վերջնական հայրենիքը` իբրեւ ընտանիք եւ իբրեւ հայ ժողովուրդ: Ատիկա մեծագոյն որոշումն է, մնացեալը, ըստ ինծի, մանրամասնութիւններ են` աշխատանք գտնել, տուն եւ գործ ունենալ եւ այլն: Երբ մարդ որեւէ երկիր տեղափոխուի, հոն բազմաթիւ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, առաջին վեց ամիսը համարկման հարցեր կը դիմագրաւէ, սակաւաթիւ ծանօթներու միջոցով կը փորձէ իր հարցերը լուծել: Մենք, օրինակ, Հայաստան տեղափոխուածներս եւս յաճախ ծանօթներու կը դիմէինք` խնդրելով, որ մեզի օգտակար դառնան տարբեր հարցերով եւ տեղեկութիւններով` տան, աշխատանքի, օրինական եւ այլն, որովհետեւ իսկապէս դժուար էր ամէն ինչի մասին ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենալը: Այս բոլորէն մեկնած` ընկերներով համախմբուեցանք եւ սկսանք մտածել, որ պէտք է հաստատուի կառոյց մը, որպէսզի օժանդակենք այն հայուն, որ որոշում տուած է Հայաստան հաստատուելու:  Ինչպէս ըսինք, որոշում տալը հիմնական 90-95 տոկոսը կը կազմէ, իսկ մնացեալը ամբողջացնելու եւ 100 տոկոսի հասցնելու նպատակով մենք ուզեցինք օգնող ըլլալ, որպէսզի առաջին վեց դժուար ամիսները նուազին կամ անոնք աւելի դիւրին ըլլան հայրենիք հաստատուողին համար:

«Վերադարձ Հայաստան»-ի գաղափարը ինծի համար իբրեւ կառոյց ծնաւ 2009-10 թուականներուն, երբ նոր ծանօթացած էի Վարդան Մարաշլեանին, որ այսօր կառոյցին ղեկավարն է, բայց նկատի ունենալով, որ Տուպայ կ՛ապրէի, անյարմար էր նման աշխատանքի մը մէջ ներգրաւուիլը, սակայն երբ Հայաստան տեղափոխուեցայ, կրկին կապ հաստատեցի Վարդանին հետ, հանդիպումներէ եւ արձանագրութենէ ետք արդէն իսկ պաշտօնապէս արձանագրուած կազմակերպութիւն ստեղծուեցաւ:

Մեր նպատակը ոեւէ մէկը համոզել չէ, որ Հայաստան գայ, մենք Հայաստանի քարոզչութիւն չենք ըներ, վարդագոյն պատկեր չենք ստեղծեր, մանաւանդ որ մենք ալ ունէինք այդ վարդագոյն պատկերացումը, գացինք ու տեսանք, որ այդպէս չէր: Մեր աշխատանքը հիմնականին մէջ Հայաստանի իրական կացութիւնը ներկայացնելն է, լաւն ու վատը, դժուարութիւններն ու դիւրութիւնները: Մենք կ’օժանդակենք Հայաստանը իբրեւ վերջնական հայրենիք նկատող եւ այս գաղափարին համոզուածներուն:

Այսօր մենք ունինք հայրենադարձներու ցանց մը, որուն մաս կը կազմեն շուրջ 800 անձեր` տարբեր ոլորտներու մէջ գործող, եւ այդ ցանցին մէջ մտնողը պիտի տեսնէ, որ վերջին 20 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ շատ մեծ թիւով զարգացումներ կատարուած են հայրենադարձներուն միջոցով, յատկապէս` արհեստագիտական նորութիւններու առումով:

Օրինակի համար, վերջին շրջանին օժանդակեցինք սուրիահայ ընտանիքի մը, որ ձիթապտուղի մասնագէտ էր Սուրիոյ մէջ: 4 տարի առաջ անոնք եկան Հայաստան, ուսումնասիրեցին Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը եւ որոշեցին հոն ձիթապտուղ աճեցնել: Ասիկա կը նշանակէ, որ 10-15 տարի ետք մենք Հայաստանի մէջ տեղական արտադրութեամբ ձիթապտուղ պիտի ունենանք: Այս բոլորը կ’ըսեմ, որպէսզի հաստատեմ, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ իր տեղը ունի Հայաստանի մէջ, ինք պիտի գիտնայ, թէ իր տեղը ո՛ւր է, այդ դժուար որոշումը ի՛նք պիտի տայ, ինչ որ մեծ տոկոսն է այս ճամբուն վրայ, իսկ միւս փոքր տոկոսին ապահովման մէջ մենք ունինք խումբ, ընկերներ, հասանելիութեան տարբեր միջոցներ եւ պատրաստ ենք իրենց օգնելու:

 

«Ա».- Խնդրեմ` ներկայացուցէք քանի մը կարեւոր փորձառութիւններ, զորս ունեցաք ձեր գործունէութեան ընթացքին: Բնականաբար կարելի է ներառել սուրիահայերու պարագան, որոնք վերջին շրջանին մեծ թիւով հայրենիքի մէջ հաստատուեցան:

Ր. Գ.– Սուրիահայութեան մասին խօսիմ` նկատի ունենալով զանգուածային գաղթը: Գրեթէ 10-11 հազար սուրիահայ պատերազմին պատճառով ստիպուած, մէկ անգամէն հասաւ Հայաստան: Անոնք ծրագրաւորուած չեկան, այլ վերջին վայրկեանին, քիչ մը անկազմակերպ վիճակի մէջ հասան Հայաստան, ինչ որ աւելի դժուար կացութիւն ստեղծեց: Սուրիահայերուն մէջ կային մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք կ’ուզէին անմիջապէս աշխատանքի լծուիլ, որպէսզի կարենան ընտանիքներուն օգնել: Մենք նկատեցինք, որ սուրիահայերը շատ բարեհամբոյր մօտեցում ունին, անոնք յատկապէս կրնան շատ լաւ կերպով աշխատիլ սրճարան-ճաշարաններուն մէջ, սակայն ունեցան որոշ դժուարութիւններ, որովհետեւ կարգ մը ճաշարաններ պահանջեցին, որ անոնք նաեւ արեւելահայերէն գիտնան, ռուսերէն տարրական քանի մը բանէ տեղեակ ըլլան: Այս նպատակով մենք կազմակերպեցինք դասընթացքներ, որպէսզի փափաքողները հետեւին եւ կարենան աշխատանքի լծուիլ: Ներկայիս մեծ թիւով սրճարան-ճաշարաններ, վաճառատուներ իրենք կը դիմեն սուրիահայ մատուցող-պաշտօնեայ ունենալու համար, որովհետեւ զգացին, որ անոնց սպասարկման որակը ուրիշ է եւ շատ ընդունելի` յաճախորդներուն կողմէ: Ասիկա` հաւաքական աշխատանքի իմաստով: Կան նաեւ մեծ թիւով սուրիահայեր, որոնք դիմեցին մեզի` աշխատանքի սկսելու համար, բացատրեցինք իրենց հարկային, իրաւական, օրինական դաշտերուն մասին, բացատրեցինք պետական կառոյցներու գործունէութեան եւ սուրիահայերուն տրամադրուող օժանդակութեան մասին եւ այլն:

Ճ. Թ.– Կ’ուզեմ երկու տարբեր օրինակներ տալ. ընտանիքի մը 61 տարեկան հայրը դիմեց մեզի եւ ըսաւ, թէ որոշած է ալ Հայաստան մնալ: Ինք ծոթրինով հաց  շինելու մասնագէտ էր, ինչ որ ներկայիս Երեւանի մէջ տարածուած ուտելիք եղաւ յատկապէս հալէպահայերուն Հայաստան գալէն ետք: Իրեն համար անծանօթ էին օրինական արձանագրութիւնը, հարկային դաշտը, խանութ բանալու գործընթացները եւ այլն, այդ պատճառով ալ իրեն համար այս բոլորը դժուար կը թուէին: Մենք 3 ամիս իրեն հետ աշխատեցանք, տեղեկացուցինք, թէ հարկային դաշտին մէջ ինչպէ՛ս կը գործեն, ինչպէ՞ս պէտք է աշխատիլ, որո՞ւ պէտք է դիմել եւ այլն: Ներկայիս ան Երեւանի մէջ ամէնէն լաւ ծոթրինով հաց պատրաստողներէն է: Երբ ան նոր բացաւ փուռը եւ մեզի դիմեց` հարցնելով, որ ինչպէս պէտք է ծանուցում ընէ, մենք սկսանք լրագրողներ առաքել անոր մօտ, որպէսզի իրենց հետ զրուցեն. շուրջ 15 հարցազրոյց կատարուած է անոր հետ, 2 տարիէ արդէն աշխատանքի լծուած է եւ յաջողութեամբ կը գործէ:

Կայ այլ ընտանիք մը, որ Գամիշլիէն եկած է Հայաստան եւ երկրագործութեամբ կը զբաղի: Մենք իրենց օգնեցինք Քաշաթաղ տեղափոխուելու, բացատրեցինք, թէ հոն ինչպէ՛ս կրնան պետութեան մօտ արձանագրուիլ, հող առնել, որովհետեւ հոն պետութիւնը անվճար հող կը տրամադրէ աշխատողներուն. մէկուկէս տարիէ անոնք հոն են` բաւական լաւ վիճակի մէջ: Ըսեմ, որ հոն կան նաեւ Գամիշլիէն 35 այլ ընտանիքներ, որոնք գոհ են իրենց կացութենէն:

Ր. Գ.– Ունինք նաեւ ձեւագծողներ, ծրագրաւորողներ եւ այլ մասնագիտութիւններով երիտասարդներ, որոնք թէ՛ Լիբանանէն, թէ՛ Սուրիայէն եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն մեզի դիմած են, ներկայացուցած են իրենց տուեալները, որպէսզի համապատասխան աշխատանք դասաւորենք: Մենք ունինք մօտաւորապէս 40-50 հայկական ընկերութիւններ, որոնք մասնագէտներ կը փնտռեն տարբեր տեսակի մասնագիտութիւններով, եւ իրենք մեզի կ՛ըսեն, թէ ինչի՛ կարիք ունին, եւ մենք կը փորձենք համադրումը կատարել:

Հայկական ամէնէն նշանաւոր ընկերութւններէն «Փիքս արթ»-ը, որ աշխարհի մակարդակով բջիջայինի ափլիքէյշըններ կը պատրաստէ, ունի տարբեր երկիրներէ Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայ պաշտօնեաներ, որոնք մեր միջոցով հոն տեղաւորուած են:

 

«Ա».- «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի` օժանդակութեամբ Հայաստան հաստատուած անձերը ընկերային միջավայր մը ստեղծած են, եւ դուք անոնց համար ծրագիրներ կը պատրաստէք, խնդրեմ` խօսինք այս մասին:

Ր. Գ.– Ամիսը անգամ մը մենք կ’ունենանք ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Միթ ենտ կրիթ», որուն նպատակը բոլորին միջեւ կապի հաստատումն է: Մենք կը հրաւիրենք հայրենադարձները, որոնք մնայուն կերպով հաստատուած են Հայաստան, նաեւ կան ուրիշներ, որոնք ամառնային ծրագիրներով Հայաստան կու գան կամ նոյնիսկ` զբօսաշրջութեան, որպէսզի մարդիկ իրարու ծանօթանան: Սկիզբը ընկերային պարզ հաւաքներ էին, յետոյ սկսանք իւրաքանչիւր հանդիպումի ներկայացնել հայրենադարձի մը փորձառութիւնն ու ծրագիրը: Այսպիսով, մարդիկ թէ՛ տեղեկութիւն կ’ունենան հայրենադարձներու կատարած տարբեր տեսակի գործունէութեան մասին եւ թէ՛ իրարու կը ծանօթանան: Հաւանաբար ասիկա մեր ամէնէն կարեւոր եւ յաջող նախաձեռնութիւններէն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հանդիպումի շուրջ 80-100 հոգի ներկայ կ’ըլլայ, սովորաբար` տարբեր դէմքեր: Օրինակ` ես, որ 6 տարիէ  կ’ապրիմ Հայաստանի մէջ եւ կը կարծեմ, թէ գրեթէ բոլոր հայրենադարձները կը ճանչնամ, այս հանդիպումներուն յաճախ նոր դէմքեր կը տեսնեմ:

 

«Ա».- Խնդրեմ` այս առիթով ձեր կոչն ու պատգամը` սփիւռքահայութեան, երիտասարդ սերունդին եւ յատկապէս անոնց, որոնք հայրենիքի մէջ հաստատուած են, դժուար փորձառութիւն ապրած են, խոչընդոտներու հանդիպած ու կրկին վերադարձած են իրենց ծնած երկիրները:

Ր. Գ.- Ներկայիս Հայաստանի մէջ սփիւռքահայութեան վերադարձը դիւրացնող նոր կարելիութիւններ կան: Հայաստանի մէջ կան տարբեր տեսակի կրթական ծրագիրներ, որոնք շատ աւելի լայն կարելիութիւններ կու տան սփիւռքահայերուն: Օրինակ` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանը նախորդ տարի առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ պսակաւոր արուեստից ու գիտութեանց ծրագիրի, այսինքն եթէ սփիւռքի մէջ կան երիտասարդներ, որոնք կ’ուզեն իրենց ուսումը ստանալ ամերիկեան չափանիշներով, կրնան գալ Հայաստան եւ այդ համալսարանին մէջ ուսանիլ: Եթէ դպրոցականներ են, Հայաստանի մէջ կայ Այբ դպրոցը, որ 3-4 տարի առաջ հիմնադրուեցաւ Դիլիջանի մէջ, ուր ընդհանրապէս ամէն ինչ անգլերէն լեզուով կը դասաւանդուի, եւ անիկա նախատեսուած է նոյնիսկ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ոչ հայերուն համար:

Ընդհանրապէս աւելի լաւ է, որ մարդ Հայաստան տեղափոխուելէ առաջ գայ հայրենիք, սերտէ վիճակը, ծանօթանայ պայմաններուն, ապա վերջնական որոշում կայացնէ: Այս նպատակով կան տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` «Դէպի Հայք», Հայկական կամաւորներու ծրագիրը եւ այլն, որոնք առիթ կու տան 2, 4, 6 ամիս, մինչեւ մէկ տարի մնալու Հայաստան, աշխատելու հոն: Այսինքն կ’ուզեմ ըսել, թէ ինչ որ շատ դժուար եւ հեռու կը թուի, ներկայիս դարձաւ բաւական դիւրին  եւ մատչելի` այս ծրագիրներուն միջոցով:

Ըսեմ, որ ամէնէն սիրած խօսքս է Կանտիին այն խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Եղիր այն փոփոխութիւնը, զոր կ՛ուզես տեսնել աշխարհին մէջ»: Մենք այս կէտին վրայ կ՛աշխատինք, մենք կ՛ուզենք կառուցել` առանց ուրիշներէն, մեծ պետութիւններէ կախեալ ըլլալու, ստեղծել մեր եւ մեր ազգի ապագան: Գիտենք, որ Հայաստանի հզօրութիւնը կու գայ նաեւ սփիւռքի հզօրութենէն: Եթէ մենք այնպէս սեպենք, որ հայութեան կեդրոնը Հայաստանն է, անիկա այնքան հզօր պիտի ըլլայ, որ ամբողջ սփիւռքի` թէ՛ դասական, թէ՛ նոր կազմուած, իրենք եւս զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ եթէ Հայաստանը հզօր չըլլայ, կացութիւնը դժուար պիտի ըլլայ նաեւ մեր այն հայրենակիցներուն համար, որոնք կը գտնուին Հայաստանէն դուրս:

Ճ. Թ.– Հայը իր բնութեամբ աշխատասէր մարդ է, ո՛ւր ալ գտնուած է, եղած է աշխատասէր, եւ երբ ան կ’երթայ Մատակասքար, Չինաստան կամ այլուր, հոն օրէնքները կ’ուսումնասիրէ, եւ կը տեսնենք, որ ապագային յաջողութիւն կերտած անձ դարձած է: Ես բոլորին պիտի առաջարկեմ, որ եթէ մէկը որոշէ Հայաստան փոխադրուիլ, վարուի այնպէս, ինչպէս պիտի ընէր որեւէ երկիր փոխադրուելու պարագային: Այսինքն երբ նոր երկիր գացած է, պէտք է օրէնքները ստուգէ, ամէն ինչ օրինաւոր ընէ, որպէսզի խնդիրներու դէմ յանդիման չգտնուի: Ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ ձախողած անձերը կա՛մ օրէնքը լաւապէս չեն սերտած եւ կա՛մ սխալ գործընկեր ունեցած են, ուրեմն դժբախտաբար ձախողութեան մատնուած են: Օրինակները բազմաթիւ են, անոնց մեծամասնութիւնը իր սխալներուն պատճառով ձախողած է եւ ոչ թէ երկրի կամ համակարգի սխալի պատճառով: Շատ կարեւոր է, որ մարդիկ ուրիշներուն ըսածները չլսեն,  այլ իրենք անձամբ երթան ու տեսնեն, որովհետեւ անձամբ ականատես ըլլալը լրիւ տարբեր է, քան` ուրիշին սխալ պատմածները: Դժբախտաբար սփիւռքի մէջ կայ ժխտական քարոզչութեան մթնոլորտ մը. գիտենք, որ գէշ լուրը շատ աւելի արագ կը տարածուի, քան լաւը: Բազմաթիւ լաւ բաներ կը պատահին, սակայն դիմացը երբ ժխտական բան մը ըլլայ, ատիկա կը տարածուի: Մենք կը փորձենք երկուքն ալ ցոյց տալ, մենք ալ ամէն ինչէ գոհ չենք,  ասիկա չէ այն Հայաստանը, ուր պիտի ուզեմ իմ զաւակս ապրի, բայց հոն ըլլալով` կրնամ բան մը փոխել:

Մենք լաւապէս գիտենք ու կ’ըսենք բոլորին, որ Հայաստանը Արարատ սար չէ, Խոր Վիրապ ու Սեւանայ լիճ չէ միայն, այլ Հայաստանը պետութիւն մըն է, որ 70 տարի Խորհրդային միութեան լուծին տակ կը գտնուէր, այդ տարիներէն մնացած խնդիրները տակաւին առկայ են այսօր: Պէտք է գիտնալ, որ անիկա միայն 20 տարուան երկիր է:

Մեր ցանկութիւնն է, որ 5-10 տարի ետք շատ աւելի մեծ թիւով հայրենադարձներ ըլլան, բանակին մէջ տեսնենք զօրավարներ, որոնք սփիւռքահայ են, ունենանք երեսփոխաններ եւ այլն:  Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ հարցեր` փտածութիւն, պետական համակարգ, նորութիւններ ընդունելու հարց, ոչ թէ ժողովուրդին կողմէ, այլ` աւելի բարձր մակարդակի, պետական խաւին կողմէ: Այդ պատճառով ալ մենք հոն բախումներ կրնանք ունենալ: Բայց միւս կողմէ կայ զարգացումը, արձանագրուող փոփոխութիւնը, 8 տարի առաջ վիճակը այն չէր, ինչ որ է այսօր, մեծ տարբերութիւն կայ արդէն, կարգ մը բնագաւառներու մէջ այդ փոփոխութիւնը շատ արագ եղաւ: Օրինակ` այսօր Հայաստանի մէջ ընկերութիւն մը պետութեան մօտ արձանագրելը 15 վայրկեան տեւող գործընթաց է միայն` օրինական, առանց կաշառքի: Բայց նաեւ կան այլ գերատեսչութիւններ, պետական կառոյցներ, ուր շատ հարցեր կան, հոն դժուար է աշխատանքը եւ այլն: Մենք ունինք մեր կապերը, որոնց միջոցով կը փորձենք դիւրացնել ամէն տեսակի աշխատանք: Մենք պետական կառոյց չենք, անձնական կազմակերպութիւն ենք, սակայն ունինք կապեր` պետութեան հետ, կը փորձենք առաջարկներ ներկայացնել` մեր փորձառութենէն մեկնած, նաեւ յաճախ անոնք կ՛ընդառաջեն մեզի, կարգ մը թերութիւններ կ՛ուղղուին, ուրիշներ կը հետապնդուին, ոմանք կը շարունակեն մնալ այնպէս ինչպէս որ են: Նկատի ունենալով, որ երկիրը ապահով ու կայուն է, այդ զարգացումը դիւրաւ կը կատարուի:

Կոչս այն է, որ եթէ հայ մը այսօր համոզուած է, որ այդ տարածքը իր հայրենիքն է, ուրեմն պէտք է երթայ, տեսնէ եւ ուրիշները չլսէ: Երբ ատիկա ընէ, արդէն անկէ ետք մեր կարգը կու գայ անոր օժանդակելու, որպէսզի այն դժուարութիւնները, զորս մենք ապրեցանք, ուրիշներ ալ չդիմագրաւեն:

 

«Ա».- Հաւանաբար ձեր գործունէութեան մէջ է նաեւ այն բաժինը, որ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերը համարկելու աշխատանք տանիք, որովհետեւ երբեմն հայաստանցիներուն կողմէ եւս սփիւռքահայը ընդունելու որոշ դժուարութիւններ կ’ըլլան:

Ճ. Թ.– Եթէ սփիւռքահայը երթայ Հայաստան եւ ինքզինք օտար զգայ, ինք իբրեւ օտար վարուի, լեզուն չսորվի, մշակոյթը չընկալէ, հազար տարի ալ ապրի հոն, օտար կը մնայ: Բայց երբ ինք զգայ, որ իր տան մէջ է, դրացիներուն եւ ժողովուրդին հետ բնական վարուի, ամէն ինչ տարբեր կ’ըլլայ:

Պէտք է ըսել, որ այսօր հայաստանցին նոյն չէ, ինչ որ էր  1946-ին, այդ շրջանին մասին մեր լսածները այսօր գոյութիւն չունին: Լաւագոյն օրինակը այն է, որ այսօր Հայաստանի մէջ կայ 10-12 հազար սուրիահայ, մեծամասնութիւնը հայրենադարձ չէ, գաղթականի կարգավիճակի մէջ է, սակայն հայաստանցի ժողովուրդը շատ լաւ հիւրընկալած է զանոնք, բոլոր պարագաներուն սուրիահայերուն կը զօրակցին եւ այլն: Սուրիահայու մը հետ հարց մը պատահած էր, մեզմէ առաջ հայաստանցիները, լրագրողները, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ եւ քաղաքացիական ընկերութիւնը արդէն իսկ քայլերու դիմեցին զայն պաշտպանելու:

Մենք դժուարութիւն չունինք Հայաստանի մէջ ծնած ու հոն ապրողին կողմէ ընկալուելու, ընդհակառակը, անոնք մեզի կը նային իբրեւ նոր մարդ, նորութիւն բերող,  որ պիտի ծառայէ Հայաստանի զարգացման:

 

«Ա».- Քիչ առաջ խօսեցաք Քաշաթաղ հաստատուած սփիւռքահայերու մասին, արդեօք կը մտածէ՞ք ձեր աշխատանքը ընդարձակել եւ հասցնել մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ եւս:

Ճ. Թ.– 1915-ի Ցեղասպանութեան կորուստներէն մէկը մեր գիւղն էր. այսօր սփիւռքահայութիւնը իր գիւղացիի կերպարը կորսնցուց, բան մը, որ վտանգաւոր է: Այսօր գիւղացիներ ունինք հայրենիքի մէջ եւ այն քանի մը գիւղերը, զորս ունինք սփիւռքի մէջ` Քեսապ, Գամիշլի, Այնճար եւ Իրաքի քանի մը գիւղեր, ուր հայեր կան: Մենք ունինք ծրագիր Քաշաթաղի եւ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման, եւ այն գիւղացիները, որոնք կ՛ուզեն հոն ապրիլ, անոնց կը տրուին այնպիսի նախապատուութիւններ եւ առիթներ, որոնք աշխարհի ոչ մէկ տեղ կը տրուին: Չկայ աշխարհի վրայ երկիր մը, որ անվճար հող կը տրամադրէ օտարին. Հայաստանի մէջ ատիկա կը կատարուի այսօր, որպէսզի մարդիկ երթան այդ շրջանները եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղին:  Արցախի մէջ աշխատանք կը տանինք, սակայն հոն աւելի սահմանափակ է մեր գործունէութիւնը, որովհետեւ դիմողներուն թիւը սահմանափակ է, այսօր սփիւռքի մէջ մեծ չէ երկրագործութեամբ զբաղողներուն թիւը:

 

«Ա».- Աւարտին, խնդրեմ, մեր ընթերցողներուն ըսէք այն ձեւերը, որոնց միջոցով կրնան կապ հաստատել ձեզի հետ:

Ր. Գ.– Ունինք համացանցային մեր կայքը եւ Դիմատետրի էջը http://repatarmenia.org/eng/ եւ https://www.facebook.com/RepatArmenia, նաեւ Թուիթըրի եւ Եու Թիուպի վրայ ներկայութիւն ենք, Repat Armenia գրելով արդէն իսկ կարելի է գտնել մեզ, իսկ Հայաստանի մէջ փափաքողները կրնան գալ մեր գրասենեակը, մենք պատրաստ ենք ամէն տեսակ օժանդակութեան ու խորհուրդի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Սուրիայէն՝ Դէպի Երկիր

    Սուրիոյ ողբերգական դէպքերու պատճառով այդտեղ բնակող հայութեան արտագաղթի նիւթով, կարգ մը անհիմն դիտողութիւններ կը տարածուին պարբերաբար, որոնց այլեւս հարկաւոր է տարրականօրէն հակազդել:

    Նախ, կայ այն ընդհանուր գանգատը թէ Հայաստանը բաւարար չափով չի հոգար Սուրիայէն հարկադրաբար հայրենադարձ հայերուն:

    Անճիշտ, անարդար եւ ապերախտ է այս կեցուածքը, նկատի ունենալով, նուազագոյնը միայն, հետեւեալ կէտերը (ապահովաբար ոչ-լրացուցիչ, ոչ ալ վերջնական թուարկում) ՝

    ա. Ճգնաժամի նախնական հանգրուանին, սնունդի անվճար բաշխման դասաւորում:
    բ. Քաղաքացիութեան արագընթաց շնորհում:
    գ. Յատուկ դպրոցներու հիմնադրութիւն, ուր կը դասաւանդուի մինչեւ իսկ արաբերէն:
    դ. Զեղչ՝ համալսարանական կրթաթոշակի վրայ:
    ե. Բժշկական լիովին անվճար խնամք, ներառեալ վիրաբուժութիւն:
    զ. Յատկապէս Արցախի մէջ, կալուածներու – եւ զանոնք հասոյթաբեր կերպով օգտագործելու համար միջոցներու – հեշտ ու առատաձեռն շնորհում:
    է. Ամբողջ թաղամաս մը կառուցելու ծրագիր, Պետութեան հովանաւորութեամբ եւ ներդրումով:

    Արդարեւ, դժուար չէ նկատելը թէ Հայոց Պետութիւնը, որոշ տեսանկիւնէ մը դիտուած, աւելի կը զբաղուի Սուրիայէն հայրենադարձ հայերու վիճակով, քան թէ արդէն տեղաբնակ ժողովուրդի մէկ մասի սուր կարիքներով, դժնդակ առօրեայով… Այս ուղղութեամբ միաժամանակ յիշեցնենք թէ Սուրիոյ հայերը ընդհանրապէս իրենք իրենց իսկ ունին դրամական լայն կարողականութիւն, որու վրայ կ’աւելնայ հայոց աշխարհի տարածքին այս ճգնաժամային պահերուն իրենց տրամադրուած աջակցութիւնը:

    Յետոյ, կու գայ սովորական հանկերգը Հայաստանի այժմու որոշ ափսոսալի բարքերու մասին՝ «օլիկարգային» դրութիւն, կաշառակերութիւն, Օրէնքի Գերակայութեան հիման վրայ կարգ-ու-կանոնի պակաս, որոշ հանրային պաշտօնեաներու անփութութիւն կամ կոպտութիւն, իշխանութեան մէջ որոշ տարրերու անտարբերութիւն ժողովուրդի դժուարութիւններու նկատմաբ, այլազան անարդարութիւններ, եւայլն.

    Շշմեցուցիչ է սակայն այսպիսի գանգատները լսել Սուրիոյ մէջ ապրող հայերու կողմէ, որոնք այդ բոլոր թերութիւններուն տասնապատիկը հանդուրժած են, մի քանի սերունդներ շարունակաբար, այդ ամէնուն դիմաց միայն գլուխ ծռելով, լուր ու մունջ համակերպելով, եւ ընդհանրապէս պատերուն տակէն քալելով: Մինչեւ իսկ, եւ դեռ մինչեւ այսօր, երկրպագելով իսկ այդ ամէնուն արմատն ու հեղինակը հանդիսացող վարչակարգն ու Մեծն Ռէյյիսը:

    Իսկ հիմնական տարբերութիւնը այն է նաեւ թէ, մինչ Սուրիոյ պարագային այդ թերութիւնները անյեղաշրջելի են, Հայաստանի պարագային, հայութեան նկատմամբ վստահութիւն ունեցողին համար՝ անոնք բոլորը ժամանակաւոր են: Հետեւաբար, փոխանակ անհաւասարութեանց, անիրաւութեան եւ անարդարութեանց լուծի տակ հարիւր տարի կուլ տրուած մաղձը այսօր թափելու Հայաստանի դէմ, շատ աւելի կառուցողական կ’ըլլայ որ Հայաստանով մտահոգ Սուրիոյ այդ հայերը տեղափոխուին այնտեղ, նպաստելու համար յիշեալ թերութիւններու աստիճանական սրբագրութեան:

    Իսկ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային ազատութեանց եւ իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ, յոռեգոյն պատկերացումով անգամ, Հայաստանը կարելի չէ բաղդատել իսկ Սուրիոյ հետ… Մինչդեռ, մինչեւ այսօր, նիւթի առարկայ հայերը կը փառաբանեն տակաւին Սուրիոյ բռնատէրը, որպէս անոր նկատմամբ հաւատարիմ, հիացմունքով լի եւ երախտագէտ ենթականեր…

    Նիւթը ամբողջացնելու համար նշենք որ Սփիւռքեան աւանդական ղեկավարութիւնը, գոնէ սկզբնապէս, դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ հայերու հայրենադարձութեան, պաշտօնապէս կոչ ուղղելով որ անոնք մնան իրենց տեղը, ռումբերու տակ եւ արիւնարբու հրեշներով շրջապատուած, փոխանակ տեղափոխուելու Մայր Հայրենիք: Մինչդեռ եթէ, ընդհակառակն, ան մշակէր հայրենադարձութեան պատշաճ ծրագիր եւ զայն իրագործէր Հայոց Պետութեան զօրակցութեամբ, կացութիւնը շատ աւելի բարենպաստ կ’ըլլար Սուրիոյ հայերուն համար: Ինչ-ինչ քաղաքական անհեթեթ հաշիւներէ բխած, յիշեալ – բառացիօրէն մահացու չափաստիճանով – անպատասխանատու դիրքորոշման նկատմամբ դեռ չլսեցինք սակայն Հայաստանի դէմ սփռուող գանգատներու եւ քննադատութիւններու նշոյլը անգամ:

    Մի խօսքով, եզրափակելու համար այս անախորժ նիւթը՝ ինչպէս ոեւէ մարդկային էակ, բնական է որ Սուրիոյ հայերը եւս նախընտրեն տեղափոխուիլ վայր մը ուր կեանքի պայմանները աւելի հանգստաւէտ են: Հետեւաբար, անոնց մէկ մասը բնականօրէն կը նախընտրէ նոր կեանք հաստատել Արեւմուտքի յարաբերաբար ճոխ երկիրներուն մէջ, փոխանակ՝ տակաւին նախակերտման ընթացքի մէջ, էական անթիւ դժուարութիւններու մատնուած, Պատմութեան հոսանքին դէմ առաջանալ, վերականգնիլ, դիմանալ ջանացող, Հայաստանի մէջ:

    Սակայն այդ ընելու համար, պէտքը չկայ աժան պատրուակներու, մահանաներու, որոնք կը պախարակեն, կ’անարգեն եւ կը վարկաբեկեն Հայաստանը: Եւ արդէն, արտաքին կարգ մը չարակամ գործակալութիւններ զուարճաբար կը շահագործեն այս երեւոյթը…

    Վերջացնենք ընդգծելով հետեւեալը՝ կան շատ մը Սուրիայէն հայրենադարձ հայեր, որոնք այսօր շատ ալ գոհ եւ ուրախ են Մայր Հայրենիքի մէջ, լաւապէս ընբռնած են անոր գոյութեան հրաշքը եւ լիովին կը վայելեն անոր յարգն ու արժէքը, եւ այսպէսով, յաջողած են ողբերգական կացութիւն մը վերածելու բախտաւոր ու նպաստաւոր առիթի մը՝ իրենց եւ իրենց զաւակներու կեանքն ու ապագան բարելաւելու, գոնէ – եւ սկսելու համար – ազգային, բարոյական եւ մարդկային մակարդակներու վրայ: Աշխատասէր, ջերմ, ազնիւ ու սիրալիր, հայոց աւանդական արժէքներու տէր ու պահապան, պարկեշտ եւ վստահելի, անոնք նոր ու առողջ աւիշ են Մայր Հայրենիքի համար: Անոնց նկատմամբ նաեւ դրական եւ բարեացակամ են տեղւոյն բնակչութեան կարծիքն ու կեցուածքը, ամբողջ երկրի տարածքին: Անոնք հետեւաբար պատիւ կը բերեն ամբողջ Սփիւռքահայութեան, եւ նշանակալից կերպով կը նպաստեն Հայութեան ազգային միութեան փրկարար գաղափարի հաստատման եւ իրագործման, Հայրենի հողի վրայ:

    Մ. Հայդուկ Շամլեան

    Գանատա, 02 Հոկտեմբեր 2014

  • Disqus ( )