«Հաճընի Ընդհանուր Պատմութիւնը» Յուշամատեանի Շնորհահանդէս

Հաճընի հայրենակցական միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը» յուշամատեանի շնորհահանդէսը` ուրբաթ, 31 հոկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճի «Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հաճընի հայրենակցական միութեան ատենապետ Փոլ Եագուպեան, որ նշեց, թէ «Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը» յուշամատեանը եկած է իր նպաստը աւելցնելու  հայութեան ընդհանուր պատմութեան: Ան պարտք նկատեց սփիւռքը հայ պահել հայկազեան լեզուով ու հոգիով եւ  հայրենիքը տեսնել ամուր հիմերու վրայ: Ան շնորհակալութեան առաջին խօսքը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Մալեան եղբայրներուն, որոնք սիրայօժար իրենց բաժինը բերին յուշամատեանի հրատարակութեան գործին:

Խօսք առաւ Ժիրար Դանիէլեան, որ նշեց, թէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հսկողութեամբ Անթիլիասի տպարանէն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով սկսած են լոյս տեսնել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն եւ շրջաններուն նուիրուած յուշամատեաններու վերահրատարակութիւնները, որոնց շարքին էր Հաճընի յուշամատեանը, որ իրականացաւ շնորհիւ վեհափառ հայրապետին, «Կիւլպենկեան» հիմնարկին եւ Մալեան մեկենասներուն: Ան հակիրճ պատմական մը տուաւ Հաճընի պատմութեան առաջին հրատարակութեան մասին, եւ յայտնեց, որ այս նոր հրատարակութիւնը բովանդակային փոփոխութիւններ չի կրեր, այլ լեզուական ու շարահիւսական, այլ խօսքով` ճիգ չէ խնայուած, որ յուշամատեանը ունենայ գիտական բովանդակութիւն:

Ձեռնարկին ընթացքին Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուեցաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ձեռամբ:

Խօսք առաւ նաեւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ կարեւոր նկատեց հողին հանդէպ հայուն կապուածութիւնը` հիմնաւորելով խօսքը հայ գրականութեան պատմական ընթացքէն: Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին շուրջ 470 գիրքեր, որոնք կը խօսին մեր հայկական բնօրրաններուն, ինչպէս նաեւ տարբեր գաղթավայրերու եւ շրջաններու մասին: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հաճընցի ապրող պատմութիւն է, միշտ զգօն առօրեայ փորձութիւններուն: Մենք մեր պապերուն ողջ յուշարձաններէն ենք:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի ջութակահար Հայկ Տէր Յովհաննէսեան, որ յաջորդաբար նուագեց «Կռունկ», «Տլէ եաման», «Ծիրանի ծառ» կտորները, եւ Նանօր Մաճարեան, որ մեկնաբանեց «Երազ իմ երկիր հայրենի» եւ «Հայաստան» երգերը:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կորիւն արք. Պապեան յուշանուէրներով պարգեւատրեց Րաֆֆի եւ Արամ Մալեանները:

Սրտի խօսք արտասանեց մեկենաս Արամ Մալեան, որ շեշտեց, թէ Հաճընը ներկայ է մեր մէջ, մեր տան մէջ, մեր գործին մէջ մաղթելով, որ օր մը հաճընցիները յաղթական հաւաքուին Հաճընի մէջ:

Կորիւն արք. Պապեան պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )