50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1964)

Դեմոկրատ Մեծ Յաղթանակ Միացեալ Նահանգներու
Ընտրութիւններուն

Ճոնսըն 34 Միլիոն Ձայն,
Կոլտուոթըր` 20 Միլիոն

Կառավարչական, Ծերակուտական Եւ Երեսփոխանական
Բոլոր Ընտրութիւններուն Դեմոկրատները Ջախջախիչ
Յաղթանակ Մը Տարին – Ռ. Քենետի` Նիւ Եորքի Ծերակուտական

Միացեալ Նահանգները երէկ ընտրեցին իրենց նախագահը, եւ ըստ առաջին արդիւնքներուն եւ ելեկտրոնային մեքենաներու հաշիւներուն, Ճոնսընի «մակընթացութիւնը» կը թուի հաստատուիլ: Նախագահը այժմէն իսկ ընտրուած կարելի է նկատել:

«Նեշընըլ պրոտքեսթինկ քեմփընի»-ն, հիմնուելով առաջին արդիւնքներուն վրայ եւ հակառակ այն բոլոր խոստումներուն, թէ պիտի չդիմէ նման միջոցներու, առտուան ժամը 2:00-ին ծանուցեց (Պէյրութի ժամ), թէ ըստ իր ելեկտրոնային մեքենաներուն, նախագահ Ճոնսըն շահած է ընտրութիւնը քուէներու 60-70 առ հարիւր համեմատութեամբ: Այդ պահուն, Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու ժամի տարբերութեան պատճառով, քուէարկութեան գործողութիւնները կը շարունակուէին 39 նահանգներու մէջ: Կէս ժամ ետք «Քոլոմպիա պրոտքեսթինկ սիսթըմ» այս արդիւնքը կը հաստատէր:

Առտուան ժամը 5:50-ին, «Ամերիկայի ձայն»-ի տուած արդիւնքներուն համաձայն, 39 նահանգներու մէջ, որոնց շարքին կը գտնուին Նիւ Եորք (43 ձայն), Օհայօ (28 ձայն), նախագահ Ճոնսըն ստացած էր 15 միլիոն ձայն, իսկ Կոլտուոթըր` 10 միլիոն:

Նախագահ Ճոնսըն ստացած է ընտրական 326 ձայն, իսկ Կոլտուոթըր` միայն 35 ձայն:

Այժմէն իսկ կարելի է յայտարարել, թէ Ճոնսըն ընտրուած է, տրուած ըլլալով, որ 270 քուէ բաւարար է յաղթելու համար:

Ծերակուտական, կառավարչական եւ ներկայացուցչական աթոռներու համար, դեմոկրատները հանդիսացան մեծ յաղթականները:

Ռապըրթ Քենետիի յաղթանակը արդէն իսկ պաշտօնապէս յայտարարուած է` իբրեւ Նիւ Եորքի ծերակուտական: Հանգուցեալ նախագահին եղբայրը երկուքի դէմ մէկ ձայնի համեմատութեամբ առաւելութիւն ձեռք ձգած է հակառակորդին վրայ:

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ ընտրուած է Ճոն Մըք Քորմաք:

Ընտրուած են նաեւ բազմաթիւ դեմոկրատ թեկնածուներ:

 

Ժամը 6:15-ի Արդիւնքները
Առտուան ժամը 6:15-ին «Ամերիկայի ձայն»-ը տուաւ հետեւեալ արդիւնքները.
Նախագահ Ճոնսըն` 19.300.000 ձայն:
Կոլտուոթըր` 12.300.000 ձայն:
Ընտրական ձայներու տեսակէտէն, Ճոնսըն ստացած է 400 ձայն, Կոլտուոթըր` 60:

 

Ժամը 6:45-ի Արդիւնքները
Ժամը 6:45-ին, ձայներու համեմատութիւնը ստացած է հետեւեալ պատկերը.
Նախագահ Ճոնսըն` 22.800.000 ձայն:

 

Ժամը 8:45-ի Արդիւնքները
Ճոնսըն` 33.500.000 ձայն:
Կոլտուոթըր` 20.200.000:
Ընտրական ձայներու տեսակէտէն, Ճոնսըն 475, իսկ Կոլտուոթըր` 52:

 

Տոմսեր

Խրուշչեւի Գաղտնի Օրագիրը Գտնուեցաւ

 

«Հայաստանասէր»-ն Արչի մեզի բերաւ նաեւ Ն. Խրուշչեւի գաղտնի օրագիրը, որ հետեւեալն է.

1956 հոկտ. 1.- Այսօր աշխարհի ամենամեծ երկրին` Խ. Միութեան տէրն ու տիրականը դարձայ: Սա պզտիկ Ամերիկան ալ յաջողէի նուաճել, եւ աշխարհի տէրը կը դառնամ:

1956 հոկտ. 16.- Դահլիճին առաջին նիստին զբաղեցանք կօշիկի հարցով: Ժողովուրդը կօշիկ չունի:

1956  հոկտ. 29.- Դահլիճը զբաղեցաւ սննդեղէնի հարցով: Ժողովուրդը հաց չունի:

1956 նոյ. 10.- Դահլիճը զբաղեցաւ  բնակարանի հարցով: Ժողովուրդը բնակարան չունի:

1956 նոյ. 29.- Փարիզի մեր դեսպանը կը գրէ, թէ հայերու «Պայքար» եւ «Արեւ» ռամկավար թերթերը յայտարարած են, թէ Հայաստանի խորհրդայնացումը փրկութիւն էր հայ ժողովուրդին համար: Ի՜նչ անխելքներ կան հայ ժողովուրդին մէջ: Յուսահատական է, ուղղակի:

1956 դեկտ. 20.- Միկոյեան առաջարկեց դիմել Ամերիկայի` ցորեն գնելու համար: Ժողովուրդին մէջ սովը զգալի է:

1957 դեկտ. 21.- Ի՜նչ լաւ, որ Ամերիկա չէ խորհրդայնացած: Ուաշինկթըն կը խոստանայ ցորեն տալ մեզի: Այս գիշեր լաւ լուրը պիտի հաղորդեմ կնոջս:

1958 յունուար.- Օդը ցուրտ է, ժողովուրդը կը մսի: Միկոյեան կը կարծէ, թէ կը հազայ: Կինս ըսաւ, որ եթէ մինչեւ իրիկուն ածուխ չբերեմ տուն, երեկոյեան պիտի ծեծէ զիս: Ամերիկայի պաշտպանութիւնը պիտի խնդրեմ:

1958 օգոստոս 16.- Օդը շատ տաք է: Միկոյեան եւս համակարծիք է ինծի: Պրեժնեւ ըսաւ, թէ օդը տաք չէ, այլ պիտի տաքնայ, 1964-ին: Պիտի ընդհատեմ օրագիրս` տարակարծիք ըլլալով իրեն:

1964 հոկտ. 18.- Պրեժնեւ եկաւ ու ըսաւ, թէ իր գուշակութիւնը իրականացած է: Օդը շատ տաք է, եւ պէտք է որ «շոգիանամ»: Չհասկցայ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր: Երկու չեկիստներ, զէնքերը ինծի ուղղեցին: Բառին իմաստը լրիւ ըմբռնեցի: Մնաք բարո՜վ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )