Խմբագրական. Մերժեցի՛նք Երկարաձգողներու Եւ Պոյքոթողներու Ընտրանքները

Fotor110613120Լիբանանի խորհրդարանի  չորեքշաբթի օրուան նիստը իր կանխատեսելի արդիւնքով հանդերձ, Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր հանգրուան ըլլալու հանգամանքները կը լրացնէ:

Երկիրը կ՛անցնի տագնապալի շրջանէ: Համալիբանանեան հիմնական միասնական խորհրդանիշ համարուող բանակը թիրախ է այսօր արտաքին ուժերու ներշնչումներէ սնուած ահաբեկչական  զինեալ խմբաւորումներու: Բանակին հարուածումով, անոնք կը նպատակադրեն անկայունացնել երկիրը ամբողջ եւ  աննախատեսելի իրավիճակներու առաջնորդել զայն:

Ապահովական այս անկայունութեան վրայ կ՛աւելնան քաղաքական անորոշութիւնը եւ քաղաքական դաշտի բեւեռացման միտող իրադրութիւններու զարգացումը: Փոխադարձ ամբաստանութիւններով յատկանշուող քաղաքական յայտարարութիւնները չեն նպաստեր միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած պետականութեան բնականոն գործունէութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխուժ բանեցման:

Թափուր է երկրին գերիշխանութեան թիւ մէկ խորհրդանշական բարձրագոյն պաշտօնը` հանրապետութեան նախագահութիւնը: Նման պաշտօնի թափուր մնալը, աւելի ճիշդը` թափուր պահելը կը սպառնայ երկրին ու պետութեան մէկութեան եւ զայն ամրագրած միջհամայնքային ամբողջ համակարգին:

Քաղաքական կեանքին նոր մեկնարկ տալու պատմական պատասխանատուութեան առջեւ էր երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը: Այս անհրաժեշտութեան իրականացման նախապայմանը ընտրական նոր օրինագիծի մշակումն ու որդեգրումն էր, որուն հիման վրայ  պիտի կատարուէին լիբանանցի հասարակութեան իրողական  ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները: Քաղաքական բեմի վրայ արձանագրուած պառակտուածութիւնը պատճառ դարձաւ, որ խորհրդարանը չվերցնէ պատմութեան առջեւ իր ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը: Նոր մեկնարկը չկայացաւ փաստօրէն. եւ խորհրդարանի կեանքին 19 ամսուան երկարաձգումը  վերածուեցաւ կորսուած մեծ առիթի` արդար եւ իրողական ներկայացուցչական խորհրդարանի մը կազմութեան համար նոր օրինագիծ մշակելու:

Յաւելեալ առիթ կամ յաւելեալ երկարաձգումը ուրեմն, որեւէ ձեւով պիտի չյաջողէր առաջադրուած օրինագիծի մշակումը ապահովել, պարզ այն պատճառով կը բացակայէր քաղաքական կամքը` համաձայնական մթնոլորտի մէջ երկրի քաղաքական կեանքին նոր մեկնարկ ապահովելու: Երկարաձգումի որոշումը պարզապէս տագնապի յետաձգում էր: Անորոշութեան տագնապի երկարաձգումը:

Նման կարեւոր հանգրուանի մէջ կատարուող նիստին խորհրդարանականներու ներկայ չըլլալը երկրին երկրորդ կարեւորագոյն հաստատութիւնը պոյքոթի ենթարկել էր: Ճիշդ է, որ պոյքոթը եւս ժողովրդավարական օրինաչափութիւններու մաս կազմող երեւոյթ է եւ տարբեր երկիրներու մէջ եւս անիկա կը գործածուի այս կամ այն պահուն խորհրդարանական նիստ չկայացնելու մտադրութիւններով, այսուհանդերձ նման վճռորոշ հանգրուաններու նախագահութեան թափուր վիճակին վրայ, օրէնսդիր իշխանութեան անդամալուծման փորձը  պարզապէս կը խորացնէ արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած անորոշութիւնը:

Խորհրդարանի ինքնաերկարաձգումը խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Նման գործընթացի դէմ դիրքորոշումը` առանց պոյքոթելու, այլ նիստին ներկայ ըլլալով դէմ քուէարկելու եւ այդ դիրքորոշումները հաղորդագրութեամբ հիմնաւորելով եւ հրապարակային բացատրութիւն տալով, պետականութեան կայացման, պետական հաստատութիւններու յարգումին, ժողովրդավարական օրինաչափութիւններուն ընդառաջ շարժելու եւ քաղաքացիներու ներկայացուածութեան իրաւունքին տէր մնալու ցուցանիշեր են:

Այս բոլոր նկատառումներով է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը  ներկայանալով խորհրդարան դէմ քուէարկէ խորհրդարանի ինքնալիազօրումին: Դաշնակցութեան այս դիրքորոշումը օրինակելի նկատուեցաւ լիբանանեան քաղաքական, լրագրական եւ հասարակական շրջանակներու կողմէ:

Դաշնակցութիւնը իր այս դիրքորոշումով ոչ միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու յարգումի դաս փոխանցեց բոլորին, այլ նաեւ` սեփական պետութեան կարեւոր մէկ հաստատութիւնը յարգելու. տակաւին,  զայն բաղկացնող անդամներուն իրողական ներկայացուցչական հանգամանք ապահովելու` երկիրը անորոշ ոլորապտոյտներէն դուրս բերելու համար արդի օրինագիծի մը մշակման եւ որդեգրման հրամայականը վերաշեշտելով:

Դաշնակցութիւնը առանձնացաւ իր այս դիրքորոշումով ինքնաերկարաձգուողներու եւ պոյքոթողներու բեւեռներէն: Բեւեռները պէտք է գիտակցին, որ ա՛յս ուղին է, որ կը յարգէ պետականութիւնը եւ կը նպատակադրէ արդար օրինագիծի մը մշակումով, նոր մեկնարկ ստեղծելով երկիրը հեռացնել անկանխատեսելի հետեւանքներէ եւ դուրս բերել դէպի անորոշութիւն առաջնորդող ընթացքներէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )