Ուրբաթօրեայ Երիտասարդական Զրոյցին Առանցքը Կազմեց Աստուծոյ Ստեղծագործութիւնը

1107_Der-TorkomՄասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան, ուրբաթօրեայ Ս. պատարագի եւ երիտասարդներուն հետ զրոյցի շարքին չորրորդը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 7 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագը մատուցեց եւ ներկայ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան: Ան անդրադարձաւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւններուն, որոնց վերջին պսակումն էր մարդ արարածի ստեղծագործութիւնը, որ դարձաւ փառք ու պարծանք:

Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան նկատել տուաւ, որ այս շաբաթ կը զուգադիպի հրեշտակներու տօնին, առ այդ` բացատրութիւններ տուաւ հրեշտակներու մասին, որոնք ստեղծուած են ստեղծագործութեան առաջին օրը:  Ան նկատել տուաւ, որ անոնք ոգեղէն եւ հոգեւոր էակներ են, որոնք բաժնուած են դասակարգերու: Անոնք Աստուծոյ կամակատարներն են, նաեւ դեսպաններն ու ներկայացուցիչները, որոնք կը գործեն մարդոց կեանքին մէջ իբրեւ Աստուծոյ ներկայացուցիչներ: Անոնք ունին բանականութիւն, տրամաբանութիւն եւ գիտակցութիւն. հայր սուրբը աւելցուց, որ Աստուած հրեշտակներուն եւ մարդոց միջեւ դրած է նոյնութիւն մը, որ բանականութիւնն է:

Եզրափակելով իր խօսքը` Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան հաստատեց, որ պատարագը սովորական արարողութեան սահմաններէն դուրս գալով կը վերածուի Աստուծոյ ներկայութիւնը փաստող գերագոյն խորհուրդի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )