Խմբագրական. Պատմութեամբ Զինուած Կերտել Այսօրը (ՀՅԴ Պատանիի Օրուան Առիթով)

լօ1-fԿազմակերպութիւնները, եթէ ունին հեռանկարային պատկերացումներ, ամէն բանէ առաջ կ՛ունենան մարդուժի պատրաստութեան համար կառուցակարգուած շտեմարան: Մարդուժի հաւաքագրումը այսօր տուեալ պետութեան կամ կազմակերպութեան համար առաջնահերթ խնդիր է, որ աշխուժ ձեւով կ՛իրականացուի: Համաշխարհային դրուածքով, ազգային պատկանելիութիւնները  արգելակիչ տուեալ չեն, որպէսզի ուսանողական տարիներուն արդէն իսկ փայլունութեամբ յատկանշուած անհատը ուղղակի-անուղղակի ձեւերով հաւաքագրուի, լրիւ կրթաթոշակ ստանայ, ապա հետագային հրաւիրուի ասպարէզի, որուն համար ալ ստանայ բարձր աշխատավարձ: Անհատը արդէն հաւաքագրող ուժի համաշխարհային ցանցին մէջ է, եւ կատարուած ներդրումը կու տայ իր արդիւնքները: Յաճախ անգիտակցաբար նոյնիսկ, ան կը ծառայէ հաւաքագրողին:

Այս տեսութեան իրականացման եղանակներուն կամ այս նպատակով գործող համակարգին մասին կարելի է երկար գրել: Համաշխարհային այս դրութիւնը  պիտի շարունակէ գործել եւ իր ցանցին մէջ ներառել ընդունակութիւններով եւ հմտութիւններով ուշադրութիւն գրաւող պատանի-երիտասարդ տարրերը: Համակարգը էապէս անդրազգային բնոյթ ունի իր տեսքով, սակայն կը ծառայէ այս կամ այն պետութեան կամ կազմակերպութեան պատկերացուցած հեռանկարներու առարկայացման:

Անդրազգային, չըսելու համար ապազգային երեւոյթով տարուող համաշխարհային այս իրականութեան դիմաց, ազգերը, հասարակութիւններն ու կազմակերպութիւնները որոշ դիմադրողական  համակարգ յառաջացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Կանուխ տարիքէն մարդուժի շտեմարանի համար տարրեր համախմբելու աշխատանքը, կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան առաջին շրջանէն իսկ եղած է գլխաւոր առաջադրանք:

Դաշնակցութիւնը միշտ, պատմականօրէն, կարեւոր նկատած է իր երիտասարդական միաւորները: Այստեղ երիտասարդական հասկացողութիւնը կը ներառէ նաեւ ուսանողականն ու պատանեկանը: Այս վերջինը փաստօրէն նախադուռն է մեր կազմակերպութեան շարքերուն: Եւ որքան հաստատ ըլլայ անիկա, որքան նպատակային աշխատի անոր կառոյցը, որքան յստակ եւ առողջ միջավայր ստեղծէ անոր գործունէութիւնը, այնքան ճիշդ կը կատարուի կազմաւորումի առաջին հանգրուանը:

Կազմաւորումը` իբրեւ մարդ, իբրեւ ազգի պատկանող անհատ, իբրեւ քաղաքացի, իբրեւ միութենական եւ իբրեւ կուսակցական, անհրաժեշտ հանգրուաններու ամբողջութիւն է, որ կը կերտէ մտածելակերպ, ոգի, բարոյական եւ նման ստորոգելիներով հաւաքականութեան մաս կազմող էակ. մէկ խօսքով, նկարագիր:

Հանգրուաններու ներդաշնակ ամբողջականութեան առաջին, անշրջանցելի եւ կարեւորագոյն հանգրուանն է ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու կառոյցը, որուն շարքերուն անդամագրուողը  մուտք կը գործէ մեծ կազմակերպութեան մը առաջին դուռէն:

Ոչ միայն համաշխարհային մակարդակի, այլ նաեւ տեղական առումով մեր կազմաւորման հանգրուաններու թեւակոխումը խոչընդոտող երեւոյթները շատ են: ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները այն միջավայրերն են, որոնք մեր կուսակցութեան  բարոյագաղափարական անվտանգութեան  հիմնարկին կարեւորագոյն սիւները կը հանդիսանան: Հոն է, որ ֆետայական դիւցազնութիւններու մէջ ընդգծուած ընկերասիրութեան, ծառայութեան, կռիւի բարոյական սկզբունքներու, հայրենիքին ու հայութեան ազատագրութեան համար ամէն ինչ նուիրելու, վճռակամութեան, չընկրկելու, պայքարելու եւ վեհ իտէալներու իրականացման համար անմնացորդ նուիրուելու դասերը կ՛առնեն մեր պատանիները:

Այս պատմատեսաբանութեան առընթեր, մեր պատանիները այսօր կարիքը ունին նաեւ այդ դասերուն ժամանակակից կրկնօրինակներուն հանդիպելու: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի ներկայ պայմաններուն մէջ միեւնոյն արժեհամակարգին վրայ խարսխուած նորարարութեան: Պատանիներուն սորվելիքը միայն պատմութիւն չէ: Պատմութեամբ զինուած այսօրը կերտելն է: Արդի տեսքով, արդի պայմաններով: Սակայն միեւնոյն գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )