Վերափոխում Ս. Աստուածամօր. Վերափոխում Քեսապի

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

17 օգոստոս 2014-ը Ս. Աստուածամօր վերափոխութեան օրն է: Ըստ քրիստոնէական աւանդութեան, Բարթողիմէոս առաքեալը չի կրնար ներկայ գտնուիլ Ս. Աստուածամօր մահուան ու թաղման եւ կը հասնի միայն երրորդ օրը, եւ երբ կ՛այցելէ Սուրբն Մարիամի գերեզմանը, զայն թափուր կը գտնէ, եւ առաքեալները կը հաստատեն, որ ան երկինք բարձրացած է. եւ որովհետեւ յարութիւնը միայն Աստուածորդոյն յատուկ է, ուրեմն Աստուածամայրը, որպէս ոչ սովորական մահկանացու, երկինք բարձրացած, այսինքն վերափոխուած է: Այլ խօսքով, որպէս քրիստոնէութեան խորքի առանցքը` յարութեան իմաստը, որ կը խոստանայ յարութիւն տալ բոլոր մեռելներուն` անցնելու համար յաւիտենական կեանքին, նոյնպէս եւ Վերափոխման տօնը իր մէջ կը խտացնէ յարութեան գաղափարը` իմաստը:

Ուրեմն, իր երրորդ տեղահանութենէն հինգ ամիս ետք եւ վերադարձէն մօտ 75 օր ետք, քեսապահայութիւնը տօնեց Աստուածամօր Վերափոխման սուրբ տօնը` որպէս Քեսապի յարութեան տօնը:

75 օր առաջ, երբ հասանք Քեսապ, կարգ մը կառոյցներ տակաւին կը մխային, փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ մօտ 70 կառոյցներ (տուներ, խանութներ, հաստատութիւններ եւ եկեղեցիներ…) քանդուած եւ այրած են: Անոնց նկարները ողողեցին Դիմատետրի էջերը: Վերահասու եղանք, որ թէժ մարտերը տեղի ունեցած են յատկապէս Չալմա շրջանին մէջ, Սըլտըրան լերան ստորոտին, Տափասայի բարձունքներուն (ուր գեղաշէն առանձնատուներ կան) եւ Էքիզոլուխ գիւղին մէջ: Նուազ չափով վնասուած են Քէօրքիւնա եւ Չինար գիւղերը: Կը հաստատենք, որ մեծ մասամբ մեր տուները թալանի ենթարկուած են եւ, ըստ երեւոյթին թալանի «ոճէն» դատելով, մերձակայ թրքական գիւղերու բնակչութեան ձեռքի հպումը կայ թալանի գործին մէջ: Համարեա բոլոր տուներէն վերցուած են հագուստ-կապուստը, անկողիններու վերաբերող իրեր, մանաւանդ` արդի ներքնակները եւ ամէն մանրամասնութիւն, մանաւանդ հարուստներու տուներէն: Այդպէս, անոնք իրենց «քիթերնուն չեն դրած» բուրդէ կամ բամպակէ վերմակները, այլ առած են արդիական տաքրոն շինուածները…

Տուներէն կը բացակային հեռատեսիլները, մանաւանդ` ֆլաթ  տեսակները, եւ անոր առնչուող արբանեակային սարքերը (ռիսիվըր), սառնարանները, փուռերը, լուացքի կամ պնակեղէն լուացող մեքենաները, մանր ալիք փուռերը, բաղնիքի վառարանները եւ տաք ջուրի տակառները… մէկ խօսքով` ելեկտրոնային սարքերը, պղնձեայ եւ ապակեայ իրեր…

Այդ «ոճին» կը պատկանի նաեւ թալանը` փայտի ելեկտրական սղոցներուն, ելեկտրական արհեստանոցի իրերուն, թրաքթէօրներուն, դեղ սրսկող սարքերուն, այսինքն` գիւղատնտեսութեան պատկանող եւ ծառայող իրերուն:

Այսպէս, ասոր փաստերէն մէկն է իմ վաճառատունիս կնիքին գտնուիլը Էսկիւրան գիւղի ծայրամասը, թրքական սահմանին վրայ գտնուող պարտէզի մը մէջ, որուն տէրը` Ստեփան Շէխուկեան, քանի մը ժամուան համար որպէս պատանդ չեչէն կամ աֆղան զինեալներու կողմէ 21 մարտ 2014-ին գերի ինկաւ, բայց յաջողեցաւ խոյս տալ` փախուստի դիմելով:

Ի դէպ, պատերուն վրայ գրուած զզուելի գրութիւններէն ի յայտ կու գան, որ Քեսապէն անցած են երեք տեսակի զինեալներ: Նախ` օտար, արաբ, ոչ արաբ եւ ոչ սուրիացի զինեալներ, որոնց յաջորդած են թիւրքմենական- թրքական ծագումով հորդաներ, որոնք բնակութիւն հաստատած են կարգ մը տուներու մէջ. փաստը արտաքին պատերուն վրայ գրուած արձանագրութիւններն են. «Այս տան մէջ կը բնակի ընտանիք» (իմա` կին կայ տան մէջ, չմօտենալ), ինչպէս նաեւ` կենցաղային իրերը (փոքրերու շորեր, ասեղ-դերձան..) եւ այլն…

Վերջին խումբին կը պատկանին փոքր թիւով սուրիացի արաբներ (եւ անշուշտ օտարներ), մեծ մասամբ` Իտլիպ նահանգէն եւ հաւանաբար` դեռատի կամ շատ երիտասարդ, իրենց ձգած (պատմութեան համար) անձնական արձանագրութիւններէն դատելով:

Քեսապ վերադարձիս (ազատագրութեան երկրորդ օրը) եւ տակաւին առաջին 15 օրերուն, երբ տակաւին գիւղին ելեկտրականութեան ցանցը մասնակի վերականգնուած էր, ստիպուած` գիշերները նախամարդոց պէս «սուրբ» կրակ վառելով կ՛անցընէի, մասամբ պահակութիւն կատարելով մեր եւ դրացիներու տուներուն, անկումի յատակը հասած կարգ մը մարդոցմէ, որոնք կը համարձակէին «այցելելու, քննելու եւ օգտուելու համար» չկողոպտուած տուներու կահ-կարասիներէն:

Լուսցնելու համար երբ կ՛ունկնդրէի ինքնաշարժիս ձայնասփիւռը, պատահմամբ ընդդիմադիր կայանի մը ականջալուր եղայ (որ հաւանաբար կը ձայնասփռուէր Թուրքիոյ հողերէն), ռազմադաշտի լրագրողի մը հետ կատարուած հարցազրոյցին հետեւեցայ, ան առանց բառերը ծամծմելու` յայտարարեց, որ Քեսապի գրաւումին զինեալները տուած են 5500 վիրաւոր եւ 600 զոհ (թէեւ Սուրիոյ մեր պետութեան տուեալներով, զոհերուն թիւը կը հասնի 2700-ի), բայց այդ ստուար թիւը (խոստովանութիւնը) կը փաստէ, որ աւելի քան տասը հազար (գուցէ  20000) զինեալներ թափած էին Քեսապ` գրաւելու, կողոպտելու, բնակելու կամ չգիտեմ` ի՛նչ ընելու…

Եւ երբ Թուրքիոյ` Քեսապի եւ աւելի յառաջադէմ գիւղերու թաքուն ծրագիրները ձախողեցան, եւ «Քեսապը իր մէջ տեղաւորուած զինեալներով» բեռ դարձաւ արիւնարբու սուլթան Էրտողանի ուսերուն եւ ան զլացաւ շարունակել զինական թէ գումակային օժանդակութիւնը այդ վայրագ հորդաներուն եւ փոխարէնը մեր ազգային սուրիական բանակը զանոնք «կրծելու» ռազմավարութեամբ ռազմադաշտ քաշեց ու կրծեց, անոնք փախուստ տուին Քեսապէն եւ, ըստ հնարաւորին, հուրի տուին եկեղեցիներ, մշակութային կեդրոններ, պանդոկներ, խանութներ, տուներ…

Վերջապէս, անոնք «հողմերու պէս անցան վայրագ» եւ որպէս հետք` ձգեցին իրենց արեան, հուրի, սուրի քանդումի եւ սելճուքեան ու թաթարական աւարի մշակոյթը:

Աւերակ դարձաւ շքեղ «Ատանան», բայց այսօր իրողութիւնը եւ փաստը այն է, որ  Քեսապ աւելի քան 75 օրէ ի վեր ազատագրուած է եւ այսօր «վերափոխուեցաւ»:

Անցնող 75 օրերուն, հակառակ Սուրիոյ պարտադրուած տնտեսական պաշարումին, պետութիւնը, հակառակ պատերազմական վիճակին, գերմարդկային ճիգեր թափեց ամենակարճ ժամանակամիջոցին վերականգնելու գիւղիս ենթակառոյցը, որպէսզի ամենակարճ ժամանակամիջոցին ժողովուրդը վերադառնայ Քեսապ:

Գիւղիս ջուրի մատակարարման ցանցին եօթը ելեկտրական մղիչները գողցուած ու տարուած են:

Այժմ ջուրի մատակարարման  համար կը գործէ աւելի համեստ, տիզելով բանող ջրմուղ մը եւ մասամբ կը գոհացնէ գիւղիս կարիքները:

15-20 օրերու ընթացքին վերականգնեցաւ ելեկտրական ցանցը, որ այժմ  կը բաւարարէ գիւղիս նոյնիսկ ծայրամասերը, այսինքն վերականգնուած է 95 տոկոսով:

Տասը օրուան ընթացքին վերականգնեցան բջիջային հեռաձայնի երկու ընկերութիւններուն սարքերը, որոնք այժմ կը գործեն անթերի:

Իսկ հեռաձայնային գետնի ցանցը, որուն պղինձէ լարեը կ՛արժէին աւելի քան  50 միլիոն սուրիական թղթոսկի եւ գողցուած էին, վերականգնման համար (անոր զուգահեռ նաեւ համացանցը) աւելի երկար ժամանակի կը կարօտի (մինչեւ օգոստոսի վերջը):

Քանդուած ճամբաները եւս կուպրապատուեցան:

Քեսապի թալանուած շուկան կիսով կը բանի: Քանի մը տասնեակ վաճառատուներէն այսօր հազիւ տասնեակ մը վերացուած է եւ կը գործէ, կ՛ապահովէ քեսապահայութեան (որուն 80 տոկոսը  վերադարձած է) մթերքի կարիքները, հացը, բանջարեղէնը եւ վերականգնումի կամ վերաշինութեան կարգ մը անհրաժեշտ առարկաներ, իրեր:

Սկսած են գործել կարգ մը արհեստանոցներ (ատաղձագործ, ապակեգործ, կահագործ, երկաթագործ…): Սկսած է գործել երկու դեղատուն: Երկու վաճառատուն կ՛ապահովէ բնակարանային կազի կարիքները:

Փուռը ցարդ չի գործեր, որովհետեւ շէնքը խարխլած է, իսկ ներսի գործիքները` կողոպտուած: Գիւղապետարանը` համապատասխան նախարարութեան մօտ վաւերացուցած է նոր փուռ մը շինելու ծրագիրը, որուն հետապնդումը կը կատարուի հեւ ի հեւ: Հացը կ՛ապահովեն վաճառատուները:

Գիւղապետարանը իր առօրեայ մաքրութեան, աղբերու հաւաքման եւ այլ բնոյթի գործերը վերակազմակերպած է եւ հակառակ գործիքներու սակաւութեան` դրացի գիւղերու սարքերու փոխառութեամբ կը գործէ անխափան:

Գիւղատնտեսութեան պատկերին վրայ կանգ պիտի առնենք աւելի երկար:

Երբ ժողովուրդը գիւղ վերադարձաւ, պարտէզներուն վիճակը ամէնէն անմխիթար պատկերը կը պարզէր:

Այգիները խոպան էին: Խոտին բարձրութիւնը կ՛անցնէր ծառերուն բունը: Վախ կար, որ որեւէ կայծ կրնար հրդեհ յառաջացնել` ի սպառ փճացնելով այգին:

Բերքը, աստուածային հրաշագործ կարգադրութեամբ, առատ էր, թէեւ` անմշակ: Առաջին հերթին վերահասու եղանք, որ դեղձի առաջնեկ տեսակները փճացած են պտուղի ճանճի որդերու  պատճառով, սակայն ուշ հասնող տեսակները կարելի էր փրկել: Մինչ պետութիւնը` գիւղատնտեսական նախարարութիւնը շտապ օգնութեամբ Քեսապին կը տրամադրէր հինգ թրաքթէօր` իր դեղ սրսկելու կազմածներով, իսկ նիւթապէս համեմատաբար կարող կարգ մը պարտիզպաններ կ՛ապահովէին դեղ սրսկող սարքեր, իսկոյն ժողովուրդը փոխն ի փոխ կը գործածէր այդ սարքերը եւ առաջին 15 օրուան ընթացքին կը յաջողէր գէթ առաջին դեղերը սրսկել:

Յաջորդ յաղթական քայլը կ՛ըլլար գտնուած կամ նոր գնուած հողը ճանկոռտող փոքր թրաքթէօրներով հողերը հերկել` երբեմն վարձքով, դրացի գիւղերէն եւս նման գործիքներ ապահովելով: Եւ արդէն մէկ ամսուան մէջ խոպան եւ անմշակ կալուածներուն 75-80 տոկոսը վերամշակուած եւ բերքը կորուստէ փրկուած էր:

Այս գործընթացին նպաստեցին տուներու նախնական եւ գիւղատնտեսութեան վերականգնումի օժանդակութիւնները, որոնք հինը ամբողջութեամբ վերագտնելու չէին միտեր, այլ նեցուկ էին, որ քեսապցին իր աշխատանքով (կ՛ընդգըծենք` օժանդակութեամբ, սակայն` իր աշխատանքով) վերագտնէ իր նախկին վիճակը, որուն համար թերեւս մէկ տարեշրջանը կրնայ բաւարար չըլլալ:

Խնձորի բերքը մեծ մասամբ առողջ պատկեր կը ներկայացնէ, բացի քանի մը շրջաններէ, ուր սնկային վարակներ վնասած են բերքը:

Այս շրջանին, պետական պատասխանատու կողմերէն Քեսապ այցելեց նահանգապետը (քանիցս)` հետիոտն շրջելով եւ ժողովուրդին հետ առնչուելով: Ան հեռատեսիլով կոչ ուղղեց ժողովուրդին շուտափոյթ վերադառնալու եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ամէն տեսակ օժանդակութիւն տրամադրելու գիւղի վերականգնումին համար:

Ապա ընդունեցինք Պաաս կուսակցութեան Սուրիոյ փոխկուսակցապետը, իր կարգին տեսակցեցաւ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն հետ:

Երկրի խնամատարութեան նախարարը շուէտական բարեսիրական պատուիրակութիւն մը առաջնորդելով` այցելեց Քեսապ, մինչ շուէտական կողմը յանձնառու կ՛ըլլար վերականգնելու Քեսապի քանդուած եւ կողոպտուած բուժտունը եւ անոր տրամադրելու անհրաժեշտ եւ արդիական տարրալուծարան մը:

Շրջան այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ, Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինի ատենապետ` Շահան արք. Սարգիսեան, գլխաւորելով Ազգային իշխանութեան պատասխանատուները: Ասիկա անոնց հինգերորդ այցելութիւնն էր քեսապահայութեան` չորս ամսուան ընթացքին: Անոր այցելութիւնները եղան տեղահանուած քեսապահայութեան, Լաթաքիա: Առաջինը` առաջին շաբթուան ընթացքին, իրեն հետ բերելով Արամ Ա. կաթողիկոսին օժանդակութիւնը, օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւններն ու աղօթքները: Տեղին է յիշել, որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի միաբանութենէն վեհափառ հայրապետը քանիցս Լաթաքիա գործուղեց միաբան հայրեր` օժանդակելու, զօրակցելու, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու եւ վեհափառին տեղեկացնելու ժողովուրդին վիճակը: Իսկ  սրբազան հօր միւս այցերը եղան` զօրակցելու ժողովուրդին, ուժեղացնելու անոր վերադարձի կամքն ու յոյսը, ինչպէս նաեւ` զօրացնելու օժանդակութեանց յանձանձման  կազմակերպական աշխատանքները:

Սակայն սրբազան հօր ազատագրուած Քեսապ անդրանիկ այցելութիւնը ունէր այլ բնոյթ:

Նախ այցը խօսուն եւ գործօն արտայայտութիւնն էր վերապրելու, վերադառնալու, վերականգնելու իր յորդորներուն եւ խրախուսանքին: Ան եւ շքախումբը մօտէն սերտեցին Քեսապի պատահած աւերն ու աւարը` այցելելով անխտիր քեսապահայութեան պատկանող եկեղեցիներն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ` Ազգ. գերեզմանատունը, պատշաճ աղօթք կատարելով այնտեղ:

Սրբազան հայրը տեսակցութիւն ունեցաւ Քեսապի ազգային մարմիններուն եւ վարչութիւններուն հետ` կազմակերպելով օժանդակութիւններու գործը, խրախուսելով ժողովուրդը` վերականգնելու իր ձգտումին մէջ: Այս այցելութեան սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր հայ աւետարանական համայնքին փոխհամայնքապետ, Քեսապի զաւակ, վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանը:

Սրբազան հայրը  երկրորդ անգամ Քեսապ այցելեց 25 յուլիս 2014-ին, հետեւեցաւ վերականգնումի գործին, ինչպէս նաեւ վերաօծեց Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, սրբազան հայրը իր պատգամով ու քարոզով յորդորեց ժողովուրդը, որ վերադառանայ գիւղ, վերաշինէ օճախը, փարած մնայ պապենական հողին, Կիլիկիոյ այս պատառին, վերականգնէ դպրոցն ու եկեղեցին եւ վերակազմակերպէ իր տնտեսութիւնը:

4 յուլիս 2014-ին Քեսապ այցելեց նաեւ հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան: Ան եւս աղօթեց հայ համայնքներուն պատկանող եկեղեցիներուն մէջ` փառաբանելու եւ փառք տալու Աստուծոյ Քեսապի վերաազատագրման համար: Վերապատուելին իր զօրակցութիւնը յայտնեց ժողովուրդին, երբ հանդիպում ունեցաւ Քեսապի ազգայիններուն հետ եւ փոխանցեց իր յորդորներն ու թելադրանքները:

Յիշատակման արժանի է նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր եւ վերապատուելիին միատեղ այցելութիւնը 25 յուլիս 2014-ին, յատկապէս` սատարելու եւ զօրակցելու քեսապահայութեան, անոր վերականգնումի, մաքարումի գործին` բանիւ եւ գործով:

Սրբազան հօր երրորդ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 15 օգոստոս 2014-ին, Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէին Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան եւ Զարեհ քհնյ. Շաքարեան:

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերաօծումը Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան, որ, ինչպէս Քեսապի հայկական բոլոր եկեղեցիները, նոյնպէս պղծուած էր Քեսապը բռնագրաւող զինեալներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ նաեւ մատաղցու խոյերուն օրհնութիւնը:

Յաջորդ առաւօտ, կիրակի, 17 օգոստոս 2014-ին, յետ ժամերգութեան, տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, օրուան պատարագիչն էր Քեսապի Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան, Քեսապի հոգեւոր հովիւ: Դպրաց դասը կը ղեկավարէր Զարեհ քհնյ. Շաքարեան:

Ս. պատարագին ներկայ հոծ բազմութիւնը, բաղկացած` քեսապցիներէ եւ հալէպցիներէ, Քեսապ էր` ներկայ գտնուելու Ս. Աստուածածնայ տօնի արարողութիւններուն: Յետ պատարագին, սրբազան հայրը, պատարագիչ քահանան եւ միւս քահանայ հայրերը, դպրաց դասին եւ սարկաւագներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան մատաղի սենեակին առջեւ, հնամենի հսկայ սօսի ծառին տակ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք:

Սրբազան հայրը ժողովուրդին ուղղեց յաւուր պատշաճի քարոզ:

Ան նախ նշեց, թէ ապրելու կամքի ամենազօրաւոր ու ամենաջերմ դրսեւորումն էր Քեսապ գալ, առաջնորդել ժողովուրդը հոն եւ անպայման տօնել Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ Քեսապի համար աւանդական եւ  խորիմաստ տօն է: Թէեւ ամէն տարի վերափոխման տօնին կ՛ընկերակցէր ժողովրդական տօնախմբութիւնը` աշխարհիկ դիմագիծով, սակայն վերաազատագրուած Քեսապի Ս. Աստուածածնայ տօնը այս անգամ ունեցաւ զուտ եկեղեցական եւ հոգեւոր դիմագիծ, որ Աստուծոյ, Ս. Աստուածածնայ վերափոխութեան տօնին առիթով, փառք տալու քեսապահայութեան տուն եւ գիւղ վերադարձին:

Այս պատճառով խաղողօրհնէքը, մատաղօրհնէքը, մատուռի օծումն ու սուրբ եւ անմահ պատարագը այս տարի բացառաբար ամփոփուեցան մէկ` կիրակի օրուան մէջ, թէեւ` նոյն վայրին եւ հնամենի ու Աստուածախնամ հսկայ սօսի ծառին տակ:

Ս. Աստուածածնայ վերափոխումը մահկանացու մարդուս ապրած աստուածահաճոյ կեանքին համար մեռելներէն վերանալու իմաստը կը պարունակէ իր մէջ: Յարութիւնը կը վերագրուի Յիսուս Քրիստոսի, սակայն կարգ մը մարգարէներու եւ Աստուածամօր երկինք բարձրանալու իրողութիւնը կ՛անուանենք վերափոխում, որ կը նշանակէ, թէ աստուածահաճոյ մարդոց մարմինները պիտի վերակենդանանան, ինչպէս որ վերակենդանացած է Քեսապը այսօր:

Նոյն տօնին խաղողօրհնէքը, որպէս Քրիստոսի թափած արեան իմաստը կրող գինիի հիւթալի պտուղին օրհնութիւնը, իր մէջ կ՛ամփոփէ կեանքի շարունակութիւնը, արգասաւորումը, հասունութիւնը: Խաղողօրհնէքի իմաստը կ՛ամբողջանայ, երբ պարտիզպանը, այս պարագային` իր այգին ազատագրուած եւ վերագտած պարտիզպանը, իր անդրանիկ բերքը կը նուիրէ Աստուծոյ:

Սրբազան հայրը վերոյիշեալ իմաստով դիմեց քեսապահայութեան եւ համայն սուրիահայերուն, որ կեանքի շարունակութեան, հողին եւ հայրենիքին կառչած մնալու, հոն ապրելու կամքով շարունակեն իրենց կեանքը:

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը խոստումնալից է քեսապահայութեան: Անոր համար մեծագոյն տոկոսը վերադարձած է գիւղ: Կեանքը հոն սկսած է եռալ, օրերը խոստմնալից են: Անոր դիմաց յաջորդող շաբաթներուն գծուած են երեք պսակներու թուականները, սեպտեմբեր ամսուան կիսուն դպրոցներու վերամուտը, բերքահաւաքը: Այս է վերափոխումը Քեսապի, որուն համար այս առիթով քեսապահայութիւնը փառք կու տայ Աստուծոյ, որ իրեն պարգեւեց վերապրելու առիթն ու յոյսը:

Այս առիթով քեսապահայութիւնը երախտապարտութեան խօսք ունի նախ իր հայրենիքին, անոր ղեկավարութեան, վսեմաշուք նախագահին, հայրենի բանակին: Երախտապարտ է իրեն զօրավիգ կանգնած հայ ժողովուրդին, անոր բոլոր հատուածներուն: Երախտապարտ է Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Ազգային իշխանութեան (Կ. վարչութեան), որոնք առաջին օժանդակողները հանդիսացան, երբ ան իբրեւ տեղահանուած` ոտք դրաւ Լաթաքիա, եւ բազմիցս Ս. Աթոռի միաբանները գործուղուեցան ժողովուրդին մօտ, անոր հետ ըլլալու:

Երախտապարտ է քեսապահայութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան եւ անոր գլխաւորին, յանձինս` առաջնորդ սրբազան հօր` Շահան արք. Սարգիսեանին, որ անխափան, աննկուն կամքով` տէր կանգնեցաւ իր ժողովուրդին եւ անոր հետ եղաւ ամէն քայլափոխի եւ հանգրուանի:

Երախտապարտ է նաեւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանին` համայնքապետ Սուրիոյ հայ աւետ. համայնքի,  Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանին, որ ներկայութեամբ եւ հեռակայ կապով միշտ մեզի հետ եղաւ: Տիգրան Գէորգեանին` Սուրիոյ մէջ (Հալէպի) Հայաստանի հիւպատոսին, նաեւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին, որ Քեսապի ազատագրութենէն ետք Հայաստանի  դիւանագիտական անձնակազմին հետ, ապա նաեւ, երկրորդ անգամ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստան» կլոր սեղան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Նազարեանին  հետ միասին (որուն նաեւ երախտապարտութեան խօսք ունինք) եկաւ Քեսապ, եղաւ պղծուած եկեղեցիներուն մէջ` աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած:

Երախտապարտութեան խօսք ունինք Անդրանիկ Ծ. վրդ. Այվազեանին` առաջնորդ Ճեզիրէի կաթողիկէ հայոց, եւ բոլոր այն անձնաւորութիւններուն, որոնք եղան Լաթաքիա կամ Քեսապ, հայկական թէ օտար կազմակերպութիւններուն, վարչութեանց, որոնք ճիգ ու նպաստ չխնայեցին տեղահանուած, ապա վերադարձած  քեսապահայութեան օժանդակելու ու նպաստելու` բանիւ թէ գործով:

Երախտապարտ է քեսապահայութիւնը Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալաքիին, հանրապետութեան միւֆթիին, Պաաս կուսակցութեան Սուրիոյ փոխ կուսակցապետին, առողջապահութեան նախարարին, Լաթաքիոյ նահանգի ելեկտրականութեան եւ ջուրի ընկերութեանց եւ գիւղատնտեսութեան տնօրէններուն, որոնք բոլորն ալ այցելելով` գործնական աշխատանքներով զօրակցեցան Քեսապին ու քեսապահայութեան, օժանդակեցին ժողովուրդին, Լաթաքիոյ կեցութեան եւ Քեսապ վերադարձէն ետք ու հետամուտ եղան, որ Քեսապը շուտով վերականգնի:

Քեսապահայութիւնը երախտապարտ է Լաթաքիոյ ժողովուրդին, անոր մարդասիրական  եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս Կարմիր մահիկին եւ յոյն ուղղափառ, աւետարանական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու պատասխանատուներուն եւ անոնց կողմէ կատարուած օժանդակութեանց: Քեսապահայութիւնը երախտապարտ է մանաւանդ Լաթաքիոյ հայութեան, անոր Ազգային իշխանութեան, բարեսիրական բոլոր միութիւններուն, որոնք իրենց  տուներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Նահատակաց վարժարանի եւ սրտերուն դռները լայն բացին  տեղահանուած քեսապահայութեան առջեւ եւ օժանդակութիւն կամ խնամք չխնայեցին:

Երախտապարտութեան խօսք աշխարհացրիւ հայութեան` Պէյրութ, Այնճար, Արաբ. Էմիրութիւններ, Լոս Անճելըս, Պոսթոն, Եւրոպա` Ֆրանսա, Պելճիքա, Անգլիա, Գերմանիա, Քանատա, Աւստրալիա եւ այլուր, մանաւանդ` քեսապահայերուն: Ձեր զօրակցութիւնը եղաւ բանիւ եւ գործով:

Այս անկիւնադարձին Քեսապի վերականգնումը կը շարունակուի:

Այս տատասկոտ ճամբան երկար է տակաւին: Տակաւին ազգային եւ կրօնական կառոյցները չեն վերականգնած: Տակաւին կիսափուլ (այրած կամ քանդուած) կը մնայ աւելի քան 70 կառոյց (տուներ եւ հաստատութիւններ), որոնց վերականգնումի հրամայականը ընդգծուած է քեսապահայութեան առջեւ:

Գիւղատնտեսութիւնը տակաւին ամրապնդման լայն կարիքներ ունի, ան պիտի նպաստէ ժողովուրդին` հողին ու գիւղին կառչած մնալու համար:

Գալիք մեր մէկ-երկու տարիներուն ընթացքին, վերականգնուած տնտեսութեամբ, քեսապահայութիւնը վերականգնումի ցուպը պիտի երկարէ սուրիահայութեան այլ օրրաններուն, մանաւանդ Հալէպին` զանոնք եւս վերափոխուած եւ վերականգնած տեսնելու տեսիլքով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )