«Սապահ». Թուրքիա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ` 1915-ի Դէպքերը Վերլուծելու Համար Պատմաբաններու Օժանդակութեան Դիմելու

1111Armenian-Genocide_New-YorkԱյշէ Շահին «Տէյլի Սապահ»-ի մէջ կը գրէ, որ մինչ «1915-ի դէպքերուն» 100-ամեակը կը մօտենայ, հայկական սփիւռքը իր ջանքերը կը բազմապատկէ «աշխարհը համոզելու», որ դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատեն` հակառակ Թուրքիոյ կողմէ լուրջ ընդդիմութեան: Միւս կողմէ` Թուրքիա իր ջանքերը կը բազմապատկէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ նոյն ատեն կը վերահաստատէ, որ հարցը պէտք է պատմաբաններու եւ այլ մասնագէտներու կողմէ քննուի:

Թրքահայ մտաւորական Մարգար Եսայեան «Տէյլի Սապահ»-ին յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու տարբեր ձեւեր կան, սակայն վերջնական լուծումի հասնելու համար պէտք է համբերութիւն ունենալ, որովհետեւ այս հարցը 100-ամեայ անտարբերութեան պատճառով շատ բարդացած է: Ան կը յայտնէ, որ լուծումի հասնելու համար Թուրքիոյ դիմաց երկու ուղի կայ, առաջինը պաշտօնական (կառավարական) ուղին է, իսկ միւսը` քաղաքացիական: Պետական ուղին աւելի ծանր է, որովհետեւ հարցը «գերքաղաքականացուած է», թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ միջազգային շրջանակներու մօտ:

«Էրտողանի ուղերձը (23 ապրիլ 2014, «Հ») հարցը մեղմացնելու ուղղութեամբ նկատառելի քայլ մըն էր, սակայն պաշտօնական մակարդակի վրայ գոհացուցիչ ըլլալէ շատ հեռու է: Բայց եւ այնպէս, ան արժանացած է քաղաքացիական հասարակութեան գնահատանքին, ինչ որ պէտք չէ անտեսել», ըսած է ան:

Եսայեան կը յայտնէ, որ Էրտողանին քայլը հայկական հասարակութեան մէջ հանգստութիւն յառաջացուցած է, եւ եթէ կրկնուի, այդ մթնոլորտը կրնայ ընդլայնիլ` ներառելով նաեւ պաշտօնական ուղին: Ան կը նշէ, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնն ու անոր ժառանգորդները կը նկատէ «քեմալականներ», որոնք շեղած են Օսմանեան կայսրութեան բազմամշակութային բնոյթէն, որովհետեւ իրենց մտածելակերպը բարեպաշտ մարդոց եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու բռնաբարում արտօնած է: «Բարեպաշտ մարդիկն ու հայերը այս դիպաշարին մէջ համարժէք են», կ՛ըսէ Եսայեան:

Էթիէն Մահչուբեան իր կարգին օրաթերթին յայտնած է, որ դէպքին յստակ սահմանումը կրնայ ճգնաժամը լուծել: Ան կ՛առաջարկէ, որ առնչակից կողմերը կրնան 9 դեկտեմբեր 1948-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ճշդուած եզրէն աւելի մեղմը ընտրել:

Ան կ՛ըսէ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը տարբեր հնչողութիւն ունի երկու երկիրներուն մէջ: Եթէ երկու երկիրները աւելի հասարակաց ու ընդհանրական սահմանում մը որդեգրեն, այդ մէկը երկիրներուն մէջ հանգստութիւն պիտի յառաջացնէ: Ան կ՛առաջարկէ, որ որդեգրուի միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Թուրքիան կ՛ընդունի 1915-ին տեղի ունեցած մեծաթիւ մահերը, իսկ Հայաստան ներողամտական ոճով կ՛ընդունի, որ այդպիսի ջարդեր բոլոր կրօններու պատկանող ժողովուրդներու պատմութեան մէջ միշտ ալ պատահած են:

Մէկ այլ հարց, որ հայկական հասարակութեան գոհացում պիտի պատճառէ, այդ ալ կորուստներու համար փոխհատուցումն է: Դէպքերը պաշտօնապէս իբրեւ ցեղասպանութիւն ընդունիլը կը նշանակէ միջազգային օրէնքի հիմամբ, զոհերու ազգականներուն մեծաթիւ գումարներ վճարել: Մահչուբեանի կարծիքով, փոխհատուցումը պէտք է ուղղուած ըլլայ հայկական ժառանգութեան եւ ոչ թէ` անհատներու: Ան կը նշէ, որ հայ ժողովուրդի հոգին պիտի բժշկուի, եթէ ժառանգութեան մեծ մասը պահպանուի թրքական կառավարութեան կողմէ, ըլլայ այդ փոխհատուցման անուան տակ կամ միայն հայ ժողովուրդին հետ կապերու վերականգնման ձեւով: Եթէ կառավարութիւնը հայկական մշակութային ժառանգութեան վերանորոգութիւնը, վերակառուցումն ու գործածութեան մէջ դրուիլը ֆինանսաւորէ, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները անկասկած կ՛ամրապնդուին:

Մինչ այդ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան քաղաքավար կերպով մերժած է կարծիք յայտնել` նշելով, որ վէրքերը կը բուժուին: «Ցաւօք, պէտք է ձեզի յայտնեմ, որ պատրիարքութիւնը կամ անոր առնչակից հիմնարկները 1915-ի դէպքերուն չեն անդրադառնար: Կը ցաւիմ, որ ձեզի օգտակար չկրցայ ըլլալ», ըսած է ան յայտարարութեան մը մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )