2014-ի Մոնտիալէն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով`. Պալոթելլի Հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

1110_balotelliԼիվըրփուլի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի նախորդ շաբաթավերջին հրաւիրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ` 2014-ի Մոնտիալէն ետք առաջին անգամ ըլլալով:

Նշենք, որ Իտալիա այս շաբաթավերջին Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք Խրուաթիոյ դէմ:

Իտալիոյ մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ առաջին անգամ ըլլալով իր կազմին միացուց միջնապահներ Անտրէա Պերթոլաքին (Ճենովա) եւ Ռոպերթօ Սորիանոն (Սամտորիա):

Նշենք, որ վիրաւոր ըլլալնուն պատճառով Իտալիոյ կազմէն դուրս մնացին միջնապահ Անտրէա Փիրլօ եւ յառաջապահ Լորենցօ Ինսինիէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )