Թուրքիոյ Բանակի Կայքէն Վերցուած Է Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Հատուածը

Jumhuriet_turkish-army-websiteԹուրքիոյ զինուած ուժերու սպայակոյտը իր պաշտօնական կայքէն վերցուցած է «Հատուածներ պատմութենէն» բաժինին մէջ տեղադրուած «1914-1918 թուականներուն հայերու գործունէութիւնը` արխիւային փաստաթուղթերուն մէջ» ենթաբաժինը, որուն նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ:

Ըստ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին, Թուրքիոյ բանակի ռազմական պատմութեան եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու նախագահութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան «պնդումներուն պատասխանելու» համար պատրաստուած 8 հատորնոց գործը PDF վիճակով տեղադրուած էր պաշտօնական կայքին վրայ: Թրքերէն եւ անգլերէն այդ գործին համար աշխատանքները սկսած էին 2006-ին եւ աւարտած` 2008-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )