Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Կը զղջաք, եթէ դադրեցնէք ձեր մարզանքը: Հետեւեցէք որեւէ տեսակի մարզաձեւի, կ՛օգտուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բոլոր ճշմարտութիւնները արտայայտելը լաւ չէ ընտանիքին համար: Ընտրեցէք արտայայտելու լաւագոյն ձեւը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գործ փնտռելու պարագային գործնական եղէք, որովհետեւ բոլոր տուեալները ունիք յաջողելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր ուզածը չկատարուի, աղմուկ մի՛ բարձրացնէք: Օրը յարմար չէ, սպասեցէք ուրիշ առիթի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեր վրայ վստահութիւն ունեցէք, բայց միեւնոյն ատեն ինքնահաւան մի՛ ըլլաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Որոշ նախանշաններ կը յայտնուին առողջութեան իմաստով: Լուրջի առէք այս պարագան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամները չեն կրնար ներկայ գտնուիլ ձեր փափաքած պահուն: Բռնակալի նման մի՛ վարուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յիշեցուցէք այն անձերուն, որոնք խոստումներ տուած են ձեզի եւ` մոռցած:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ նկատէք, որ ճամբորդելը յարմար չէ այս պահուն, յետաձգեցէք աւելի յարմար օրուան:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ չհաւասարակշռէք ձեր պիւտճէն, անիկա աւելի պիտի վատթարանայ: Արթուն եղէք, մոռացութեան մի՛ տաք հարցը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սխալ հաշիւներ կատարելը մի՛ շարունակէք: Խոհեմ եղէք եւ արթուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պէտք ունիք ուրիշներու` ձեզ քաջալերող: Մի՛ տկարանք եւ մի՛ յուսահատիք: Ամէն ինչ կը կարգադրուի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )