Նախագահ Սարգսեան Զինուորական Ուղղաթիռով Մեկնեցաւ Լեռնային Ղարաբաղ

9079_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան  երէկ  աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի օդակայան հասած է զինուորական ուղղաթիռով եւ զայն դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան ուղղաթիռի վար առնուելու դէպքին անդրադառնալով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ Ղարաբաղի օդային տարածքը ոչ թռիչքային գօտի հռչակած է եւ այդ մասին արդէն տեղեկացուցած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամներուն:

Արցախի  նախագահ Բակօ Սահակեանի, հայկական երկու հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ զինեալ ուժերու հրամանատարութեանց  ներկայացուցիչներուն հետ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի զինեալ ուժերու «Միասնութիւն-2014» միացեալ մարտավարական ռազմափորձերու ծիրին մէջ, այցելած է պաշտպանութեան բանակի զօրամասեր, ծանօթացած է զինեալ ուժերու մարտական պատրաստականութեան եւ բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն եւ դիտած է ցուցադրական վարժանքները:

Ուղղաթիռի Անձնակազմի Անդամներէն
Մէկը Կրնայ Ողջ Ըլլալ

Կասկածներ կան, որ ուղղաթիռի անձնակազմէն մէկը կրնայ ողջ ըլլալ, թէեւ ատիկա ճշդելը տակաւին կարելի չէ եղած, որովհետեւ  ազրպէյճանական կողմը ուղղաթիռին ինկած վայրը կրակոցներու ենթակայ կը պահէ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան:

Ուղղաթիռը կը գտնուի սահմանագիծին չէզոք հատուածին մէջ: Նախապէս յայտարարուած էր, որ անձնակազմի երեք անդամները զոհուած են:

Չորեքշաբթի գիշեր համացանցին մէջ յայտնուած է ուղղաթիռը հարուածելու տեսանիւթը: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած  է, որ տեսանիւթին մէջ հարուածուող ուղղաթիռը հայկական է: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի յայտարարած էր, որ հայկական ուղղաթիռը հարուածուած է պատասխան կրակով, երբ կը յարձակէր  ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն վրայ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով` այդ տեսանիւթը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող ուղղաթիռները չեն խախտած սահմանը եւ ոչ մէկ դիրքի վրայ յարձակած են: Ըստ անոր, ազրպէյճանական կողմէն տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ հայկական երկու ուղղաթիռներ պարզապէս թռիչք կը կատարեն, երբ ազրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցներէն ուղղաթիռներէն մէկը կը հարուածուի:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան լուրջ չեն վերաբերիր: Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ թռիչքներ հինգշաբթի ալ իրականացուած են եւ պիտի շարունակուին` շեշտելով, որ Ղարաբաղի օդային տարածքը բաց է:

«Իրօք փակ է, բայց Ազրպէյճանի օդուժին համար, պարզապէս անոնք տղամարդ պէտք է ըլլային եւ այս երկրորդ մասը նոյնպէս նշէին», ըսած է Բաբայեան:

Ան նոյնպէս հաստատած է այն կասկածները, որ անձնակազմի անդամներէն մէկը կրնայ ողջ ըլլալ: Աշխատանք կը կատարուի ատիկա ճշդելու համար:

«Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի վերադարձնենք անձնակազմին դիակները, բայց արդէն դիմած ենք Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդին, այսինքն` քաղաքակիրթ ձեւով կ՛ուզենք ատիկա իրականացնել», նշած է Բաբայեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )