50 Տարի Առաջ (15 Նոյեմբեր 1964)

Տոմսեր

Մոսկուա Պիտի Քանդէ
Լենինի Արձանը…

Թուրքիոյ արտաքին նախարար Էրքին, որ Մոսկուա գնաց եւ համաձայնագիր մը ստորագրեց, չիրքին բաներ ըրաւ:

Աթէնքի մէջ, Էրքին Կիպրոսի մասին հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Կիպրոսի մէջ փոքրամասնութիւն կամ մեծամասնութիւն չկայ, այլ կան երկու տարբեր ժողովուրդներ: Արդ, մեծամասնութիւն կոչուածը չի կրնար իր կամքը պարտադրել կղզիի թուրքերուն: Մենք վստահութիւն չունինք երաշխիքներու»:

Այս յայտարարութեան վերջին մասը ուշագրաւ է: Եւ ամբողջովին կ՛արտայայտէ իր պետութեան եւ ժողովուրդին հոգեբանութիւնը: Արդարեւ, թուրքերու համար շատ պարզ բան մըն է երաշխիք կոչուածը, քանի որ իրենց պատմութեան ընթացքին երբեք չեն գործադրած իրենց տուած երաշխիքներն ու խոստումները:

*
*   *

Էրքին համաձայնագիր մը ստորագրած է Խորհրդային Միութեան հետ, ըստ որում, երկու երկիրները պիտի զարգացնեն տնտեսական եւ մշակութային փոխանակումները: Տեղի պիտի ունենայ եղեր նաեւ մասնագէտներու փոխանակում…

Տնտեսական եւ մշակութային փոխանակումները հասկնալի են: Թուրքիա կրնայ շատ դիւրութեամբ իր Արեւմուտքէն ստացած տոլարներու մէկ մասը փոխանցել մեծ դրացիին: Մշակութային փոխանակութիւնն ալ դժուար չէ: Բայց մէկ բան քիչ մը տարօրինակ կը թուի, Թուրքիա ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ մասնագէտ պիտի ղրկէ դէպի Խորհրդային Միութիւն եւ ի՞նչ ընելու համար:

Հասկնալի է, որ սովետները այդ ուղղութեամբ հարուստ են եւ կրնան ամէն կողմէ մասնագէտներ ղրկել: Այս պարագային պատշաճ է, որ մասնագէտներ ղրկեն Թուրքիա` Իզմիրի ցուցահանդէսի ռուսական տաղաւարի խորտակուած ու քանդուած ցուցափեղկերը նորոգելու համար:

Թուրք «մասնագէտները» սակայն ի՞նչ պիտի ընեն Ռուսիոյ մէջ. անոնք մասնագէտ են քանդելու, կողոպտելու եւ աւերելու: Արդեօք Լենինի դամբանը քանդելու եւ Փեքին ղրկելու ծրագի՞ր ունին: Թուրք մասնագէտները իրենց մասնագիտութեան փաստաթուղթերն ալ պէտք է միասին տանին, որպէսզի սովետները լաւագոյնս գնահատեն իրենց կարողութիւնները: Այդ փաստաթուղթերն են քանդուած ու աւերակուած հայկական կոթողներու, վանքերու, եկեղեցիներու եւ դպրոցներու նկարները:

*
*   *

«Փրաւտա»-ի խմբագիրը կը յայտարարէ, թէ սովետները հողային պահանջ չունին Թուրքիայէն: Իրաւունք ունի մարդը: Իր մեծաւորը` Խրուշչեւ, Ռուսիոյ կոյս հողերը «պղծելուն» համար շնորհազրկուեցաւ, այլեւս ո՞ւր կը մնայ դրացիին հողերը առեւանգելը… Գլխուն փորձա՞նք պիտի փաթթէ:

Այս ուղղութեամբ, սակայն ուշադրութեան արժանի է մեր Միկի ըրած յայտարարութիւնները Էրքինին: Այս մարդը, որ ըստ Արեւմտեաններու աղուէս մըն է եւ Խորհրդային միութեան ամենախելացի մարդը, խնդրած է Էրքինէն. «Մոռնանք անցեալը եւ ապագային նայինք` ամրացնելու համար թուրքեւսովետ բարեկամութիւնը…»:

*
*   *

Էրքին բարեկամ, խօսքս մտիկ ըրէ եւ մի խաբուիր այդ տեսակ խոստումներէ եւ երաշխիքներէ. որովհետեւ իր խոստումն ու տուած երաշխիքները չյարգողը, պէտք չէ ուրիշէն սպասէ հաւատարմութիւն…:

 Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Այնճար

 

ՆԵՐՔԻՆ ԿԵԱՆՔ

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ ԿԸ ԹԱՓՈՒԻ

Պէյրութի քաղաքապետութեան մէջ գործող քաղաքի մաքրութեան սպասարկութիւնը վերակազմութեան կ՛ենթարկուի ներկայիս: Պէյրութի քաղաքապետական յանձնախումբը որոշեց գործի առնել 100 յաւելեալ աղբահաւաքներ եւ վարձել 20 բեռնակառքեր` տուներու աղբերը փոխադրելու համար: Յանձնախումբը որոշեց այս բեռնակառքերէն  անմիջապէս վարձել, մինչեւ որ նուազուրդ մը տեղի ունենայ 20 նոր բեռնատարներ գնելու համար:

Քաղաքապետական յանձնախումբը որոշեց նաեւ խորհուրդը հարցնել մասնագէտի մը` Քեհերնի, որ ներկայիս Պէյրութ կը գտնուի, Պէյրութի մէջ աղբահաւաքման գործը մասնաւոր ընկերութեան մը մը յանձնելու հարցի մասին: Յիշեցնենք, որ երկու տարի առաջ այս նպատակով կատարուած նուազուրդը արդիւնքի մը չէր յանգած:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )