Լէօ (Առաքել Բաբախանեան, 1860-1932). Հայ Մտքի Եւ Պատմագիտութեան Մեծավաստակ Մշակը

Ն.

eSVDRC3ufsS40LfakZS8kYxuvz14 նոյեմբերին ոգեկոչուեցաւ մահուան 82-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի մեծանուն մտաւորականներէն Լէոյի:

Պատմագիտական եւ ազգային-հասարակական ուսումնասիրութեանց իր բեղուն վաստակով` Լէօ կը հանդիսանայ մեծարժէք հեղինակութիւն մը ընդհանրապէս հայ մտքի զարգացման եւ, յատկապէս, հայ իրականութեան քննական վերլուծութեան ու արժեւորման մէջ:

Իրաւացիօրէն Աւետիք Իսահակեան գրած է. «Մարդու հետաքրքիր օրինակ է Լէոն: Հազիւ թէ այդպիսի երկրորդը գտնուի մեր մէջ, որի հետաքրքրութիւնների ոլորտը սահման չի ունեցել»:

Իսկ հայրենի արձակագիր Վիգէն Խեչումեանի վկայութեամբ` «Ժամանակի ահռելի ծածկոյթի մէջ նա իրեն զգում է ոչ թէ որեւէ հիւր, այլ ամէն դիպուածի մասնակից: Ա՛յս է նրա շնչաւոր գրքերի գաղտնիքներից մէկը»:

Լէօ միաժամանակ կը խորհրդանշէ վիճայարոյց հայ մտաւորականի դասական կերպարը, որ ապրեցաւ եւ գործեց հայոց պատմութեան ամէնէն վճռորոշ ժամանակաշրջանին` հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներ թեւակոխման դարձակէտին, 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին:

Ան սոսկ արձագանգող մը չեղաւ ազգային մեր այսօրը հունաւորած պատմակշիռ իրադարձութիւններուն` հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին, թրքական պետութեան գործադրած հայասպանութեան եւ Հայաստանի կործանումին, ապա եւ բուռ մը Հայաստանի ազատագրումին, հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումին ու ապա խորտակումին…

Ընդհակառակն`

Դարակազմիկ այդ բոլոր վերիվայրումներուն մասնակիցն ու մտաւորական վկան դարձաւ Լէօ, որ ինչպէս հայ ժողովուրդը` իր հերթին ունեցաւ անկումի խոտորումներն ու վերականգնումի թռիչքները: Որքան համախոհներ, նոյնքան եւ աւելի տարախոհներ ունեցաւ ան` իր մտածումներով եւ գաղափարական կողմնորոշումներով:

1118_p6Աւազանի անունով Առաքել Գրիգորի Բաբախանեան, Լէօ ծնած էր 14 ապրիլ 1860-ին, Շուշի: Կեանքի պայմանները չօգնեցին, որպէսզի Լէօ կարենար բարձրագոյն ուսման հետեւիլ: Ան ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Շուշիի Թեմական եւ Քաղաքային վերակազմեալ վարժարաններու ջամբած ուսումով: Աւարտեց 1878-ին եւ գնաց Պաքու` նոտարական աշխատանք գտնելով եւ ազատ ժամանակը լրիւ օգտագործելով թէ՛ ինքնազարգացման, թէ՛ գրական ստեղծագործութեան, եւ թէ հրապարակագրութեան համար:

1880-ականներէն սկսեալ Լէօ մնայուն աշխատակիցը եղաւ Գրիգոր Արծրունիի մեծահռչակ «Մշակ» թերթին` անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւելով եւ ատենի ծանօթ գրողներու եւ հեղինակաւոր դէմքերու խրախուսանքին արժանանալով:

Ինքնազարգացումը դարձաւ Լէոյի կեանքին առաջնորդող եղանակը` զինք դարձնելով հեղինակը աւելի քան 200 հատոր կազմող ստեղծագործութեանց եւ աշխատասիրութեանց: Իր այդ պատկառելի վաստակը նկատի ունէին իր ժամանակակիցները, երբ կ՛ըսէին. «Լէոն ո՛չ թէ գրող է, այլ գրական հիմնարկութիւն»:

Բեղմնաւոր գրիչ էր Լէօ, որուն կարճ պատմուածքները, վիպակները, հրապարակագրական յօդուածները, գրախօսականները, ուղեգրութիւններն ու վէպերը արագօրէն յաջորդեցին իրարու` լոյս տեսնելով Թիֆլիսի, Պաքուի, Շուշիի, Վենետիկի, Ս. Ղազարի եւ Պոլսոյ հայ մամուլի էջերուն:

1895-ին Լէօ տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց մինչեւ 1924 թուականը, երբ հրաւիրուեցաւ Երեւան` իբրեւ Պետական համալսարանի աւագ դասախօս: Թիֆլիսեան իր գործունէութեան շրջանին, երկու տարիով, 1906-էն 1908, Լէօ դասախօսական պաշտօնի կոչուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Այլապէս երկար տարիներ եղաւ «Մշակ»-ի խմբագրութեան քարտուղարը, իսկ 1908-էն ետք դարձաւ «Մուրճ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը:

Լէոյի գաղափարական կազմաւորման վրայ զգալի եղաւ դրոշմը ինչպէս Գրիգոր Արծրունիի ազատական մտածողութեան, նոյնպէս եւ Րաֆֆիի ազատախոհ ուղղութեան: Իբրեւ այդպիսին` Լէօ ատենին անխնայ քննադատողը եղաւ իր ժամանակաշրջանի հայ պահպանողականութեան եւ կղերամտութեան: Դարձաւ քննադատական մտքի դասական եւ ուսանելի օրինակ մը հայ իրականութեան մէջ:

Թիֆլիսի մէջ Լէօ մեծ հռչակի տիրացաւ ոչ միայն իբրեւ գրող, գրականագէտ, հրապարակախօս եւ նորարար պատմագիր, այլեւ` իբրեւ լայն պատրաստութեան եւ գիտութեան տէր մտաւորական մը, որուն քննական արժեւորման կ՛արժանանար հայ իրականութիւնը յուզող իւրաքանչիւր հարց:

Թէեւ Լէոյի գրախօսականները ծայր աստիճան խիստ էին իր ժամանակակից գրողներուն նկատմամբ, այսուհանդերձ` ան մեծապէս գնահատուեցաւ իր կատարած քննադատութեանց համար եւ պատահական չէր, որ Կովկասի Հայ գրողներու ընկերութեան եւ յատկապէս անոր նախագահ Յովհ. Թումանեանի նախաձեռնութեամբ, 1908-ին եւ 1910-ին մեծ շուքով նշուեցան Լէոյի գրական գործունէութեան 25-ամեակն ու ծննդեան 50-ամեակը:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին հանուած ծանրագոյն ողբերգութիւնը` թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութիւնը ծայր աստիճան ծանր անդրադարձ ունեցան Լէոյի վրայ: Մեծ մտաւորականի գաղափարական աշխարհը հիմնովին փուլ եկաւ, եւ ան գրեց «Անցեալից» խորագիրով աշխատասիրութիւնը, ուր գլխիվայր շրջուած պատկերով կը ներկայանայ Լէոյի արժեւորումը հայ ազգային-ազատագրական շարժման վերաբերեալ, այն աստիճան` որ մեղաւորի փնտռտուքը Լէոն առաջնորդեց հետեւեալ տիպի անհիմն եզրակացութեանց.-

… «Մեղաւորը մտաւորականներն էին, հայ հասարակական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններն, որոնք յիմարաբար եւ անխոհեմ հաւատացին շահամոլ բուրժուական արեւմուտքին ու Ռուսաստանին, եւ մենք` որ մանկամիտ ձեւով հաւատացինք լուսաւորեալ մարդկութեան հումանիզմին, ծախու եւ ստոր հաւաստիացումներին… Տարիներ շարունակ ես յանցագործ ձեւով պայքարել եմ մեր պահպանողականների դէմ, բայց նրանք աւելի իրատեսական գտնուեցին, քանի որ աւելի լաւ էին հասկացել աշխարհի ուժեղների անամօթութիւնը եւ անբարոյականութիւնը»:

Լէօ իր կեանքի վերջին տարիները, 1924-1932, անցուց Երեւան` դասաւանդելով Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Ան վախճանեցաւ 14 նոյեմբեր 1932-ին, գրեթէ կուրացած վիճակի մէջ, բայց մինչեւ վերջին շունչ գրիչը` ձեռքին եւ հայոց վիշտը` հոգիին խորը: Լէոյի աճիւնը ամփոփուեցաւ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ: Իր կտակը եղաւ.

«Երանի նրանց, որոնք մեռան միամտութեան մէջ` հաւատալով, որ հայոց հարցը պիտի լուծուի հայ ժողովրդի երջանկութեան համար: Ես մի մխիթարանք ունեմ այժմ, աւերուած եւ բզքտուած Հայաստանից մնացել է մի փոքրիկ հողակտոր, որը շատ մեծ գնով է ձեռք բերուել…: Բայց հայ ժողովուրդը… պիտի նորից ապրի: Ապրի այնպէս, որ հինը երբեք չկրկնուի: Ապրել ոչ միայն նորից, այլեւ նորովի ու անէծքով խափանուած ճանապարհների փոխարէն պիտի բացուեն նորերը…»:

Հայ մտքի եւ պատմագիտութեան մեծավաստակ երախտաւորի յիշատակին անպայման պիտի ընդգծուի, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լէօ դրսեւորեց պատմաքաղաքական իր հայեացքներն ու արժեւորումները հիմնովին վերանայման ենթարկելու աննախանձելի վարքագիծ մը: Լէոյի վերջին տարիներու գաղափարախօսական խոտորումները, յատկապէս իր կոթողական «Հայոց պատմութիւն» եռահատոր գործին վերջին հատորին (նորագոյն շրջանին վերաբերեալ) եզրայանգումները անընդունելի եղան այն աստիճան, որ մինչեւ իսկ «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ը, 1970-ականներուն, դատապարտանքով անդրադարձաւ Հայ ազգային-ազատագրական շարժման դէմ ուղղուած Լէոյի «մեղադրանքներուն»…

1925-էն ետք գրուած իր աշխատութեանց մէջ, Լէօ փաստօրէն հայկական յեղափոխութեան վրայ բարդեց յանցանքի եւ պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը` հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ջարդերուն «պատճառ» նկատելով հայ յեղափոխականներու այսպէս կոչուած «յանպատրաստի» եւ «կանխահաս» պոռթկումները:

Պատմագիտական եւ գաղափարախօսական իր այդ խորհրդահաճոյ վերանայումներուն համար, օրին իսկ, Լէօ «յապաղած մարգարէ» հռչակուած էր Դաշնակցութեան տեսաբան Միքայէլ Վարանդեանի կողմէ:

Բայց այդօրինակ խոտորումներով հանդերձ` Լէօ մեր ժողովուրդին յանձնած է ժառանգութիւն մը, ուր հայ քննական միտքը կը ճառագայթէ ամենայն խորիմացութեամբ ու միտք լուսաւորող ջերմութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )