Մոմավառութեան Մատուռի Եւ Կաթողիկոսական Դամբարանի Հիմնօրհնէք Էջմիածինի Մէջ

14-Himnorhneq-5Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 14 նոյեմբերին տեղի ունեցած է մայր տաճարի շրջափակին մէջ կառուցուելիք մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի հիմնօրհնէքի արարողութիւն:

Արարողութեան ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին առիթով Հայաստան գտնուող եպիսկոպոսաց դասը, Մայր Աթոռի բարերարներ, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար, Մայր Աթոռի Ճարտարապետական խորհուրդի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը, Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը եւ այլ հրաւիրեալներ: Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի նախագահութեամբ կատարուած հիմնօրհնէքի արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանը կարդացած է կառոյցի հիմքերուն մէջ ամփոփուելիք յիշատակարանը, որուն մէջ գրուած է. «Բարեհաճ կամօքն Բարձրեալն Աստուծոյ, Եպիսկոպոսաց Բ. ժողովի գումարման օրերին` նոյեմբերի 14-ին, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի, ներկայութեամբ եպիսկոպոսաց դասի, Մայր Աթոռի միաբանութեան, բարերարների եւ հաւատացելոց, կատարուեց հիմնօրհնէքի արարողութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի:

14-Himnorhneq-3«Առաքելական մեր սուրբ եկեղեցու արժանաւոր զաւակներ, բարեպաշտ եւ ազգասէր Գառնիկ եւ Անի Եագուպեանների սրտաբուխ նուիրաբերութեամբ կառուցուող մատուռում հաւատաւոր հայորդիք մոմավառութեամբ իրենց աղօթքը պիտի վերառաքեն առ Աստուած` հայցելով Ամենակալ Տիրոջ օրհնութիւնն ու հովանին իրենց կեանքին, մեր սուրբ եկեղեցուն եւ համայն ազգիս հայոց: Այս աղօթավայրը նաեւ հանգրուան պիտի լինի հայրապետաց աճիւնների, եւ այստեղ մշտահունչ պիտի լինի աղօթքը ազգիս երախտարժան հովուապետաց հոգուոց հանգստութեան համար:

«Թող Փրկիչ մեր Տէրը շէն ու պայծառ պահի առաքելական մեր սուրբ եկեղեցին, հանապազ օրհնի մեր հայրենիքն ու ժողովրդին, ազգիս բարերար զաւակներին եւ միշտ պահպանի Իր ամենախնամ սուրբ աջի հովանու ներքոյ»:

14-Himnorhneq-6Այնուհետեւ այս առիթով իր օրհնութիւնը փոխանցած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: «Այս պահուն մեր հոգին կը ցնծայ ուրախութեամբ: Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ աղօթակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, եպիսկոպոսաց դասուն, Մայր Աթոռի միաբանութեան, բարերարներու եւ հաւատաւոր ժողովուրդին կատարուեցաւ մոմավառութեան մատուռին եւ կաթողիկոսական դամբարանին հիմնօրհնէքը, ուր հաւատաւոր մեր զաւակունք պիտի գան իրենց մոմերը վառելու եւ իրենց աղօթքն առ Աստուած բարձրացնելու ազգիս, հայրենիքի համար: Իրենց աղօթքը պիտի բարձրանայ նաեւ մեր 131 հայրապետների համար, որոնց իմաստուն առաջնորդութեամբ մեր ժողովուրդը դիմագրաւած է բոլոր դժուարութիւնները եւ կ’ապրի ազատ երկինքի ներքոյ` կրկին պայքարելով իր ազգային գոյութեան պահպանութեան համար», ըսած է Ամենայն Հայոց հայրապետը:

Ան գնահատած է բարեպաշտ Եագուպեան ամոլը, որ իր արդար քրտինքով վաստակածէն մնայուն կերպով բաժին կը հանէ ազգին եւ եկեղեցիին: Ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անի Եագուպեաններուն օժանդակութեամբ իրականութիւն դարձած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը, իսկ տարիներ առաջ կառուցուած է դպրանոցին նոր շէնքը:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունած է այս եւ բոլոր այն ծրագիրները, որոնք վերջին տարիներուն կեանքի կոչուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ: Ան ընդգծած է, որ ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին վերաբերող ամէն ծրագիր կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ կը նպաստէ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, ազգի հզօրացման եւ միասնութեան ամրապնդման:

Ապա շարականի երգեցողութեամբ յիշատակարանը ամփոփուած է մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի հիմքերուն մէջ:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներ տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անի Եագուպեաններու (Միացեալ Նահանգներ) հովանաւորութեամբ կառուցուող մոմավառութեան մատուռին ճարտարապետներն են Ասլան Մխիթարեանը, Հայկ Մկրտչեանը եւ Արտաւազդ Նազարէթեանը:

Շինարարութիւնը կը կատարէ «Հորիզոն 95» կազմակերպութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )