Ակնարկ. Երեւանը Մեկուսացուող Մոսկուայի Եւ Ապամեկուսացուող Թեհրանի Միջեւ

Map-051012_jpg_470x424_q85Հիւլէական թղթածրարի հարցին շուրջ միջազգային ընտանիքի 6+1 ձեւաչափով տարուող բանակցութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ կը միտին Իրանի ապամեկուսացման: Նախադրեալները կը յուշեն, որ Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ելքեր կը փնտռէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու: Հիւլէականի հետ կապուած իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումի պահանջներն ու ընդառաջումներու ելեւէջները հիմնովին քաղաքական շարժառիթներ ունին:

Ընթացքը այնպէս է, որ Ռուսիոյ մեկուսացման դիմաց Իրանի ապամեկուսացման միտումներ կը դրսեւորուին Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ, ինչ որ նաեւ կը յատկանշէ Իրանի հետ բանակցութիւններու աշխուժացումը եւ դրական արդիւնքներու յանգման հաւանականութիւններու բարձրացումը:

Իրանի գործօնին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յարափոփոխ դիրքորոշումները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Երեւանի ուղղութեամբ. մանաւանդ որ միւս կողմը Ռուսիան է այս պարագային, որուն նկատմամբ որդեգրուած պատժամիջոցները կը ստանան հետեւողական մագլցողականութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկու ռազմավարական գործընկերներուն նկատմամբ կիրարկման ընթացքի մէջ է հակոտնեայ քաղաքականութիւն: Մէկուն ուղղութեամբ պատժամիջոցներու որդեգրում, միւսին ուղղութեամբ պատժամիջոցներու հետզհետէ վերացում:

Պահ մը կեդրոնանանք ապամեկուսացուող Թեհրանին եւ Երեւանին միջեւ կայացած վերջին համաձայնութեան վրայ:

Իրանն ու Հայաստանը համաձայնագիր կնքած են հայկական տարածքի վրայ ջրելեկտրակայանի կառուցման վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարութիւն ըրած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիտչեանը: «Ստորագրուած է համաձայնագիր` Հայաստանի մէջ ջրելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ, եւ այդ երկրին մէջ իրանական կազմակերպութիւնները շուտով պիտի սկսին աշխատանքներուն», յայտարարած է Իրանի ուժանիւթի նախարարը:

Բայց նաեւ` այս տեղեկութեան վրայ:

Իրանա-ազրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, Բայահանլի գիւղին մօտ. իսկ փոխհրաձգութեան մասնակցած են ազրպէյճանցի սահմանապահները եւ թմրավաճառները: Այդուհանդերձ ազրպէյճանական պետական մարմինները չեն հաստատած այս տեղեկութիւնները:

Վերլուծական ամփոփ հայեացք նետելէ առաջ, անտեղի չ՛ըլլար յիշելը նաեւ Իրանի նախագահին Պաքու այցելութիւնը, որ համընկնեցաւ Ղարաբաղի միջադէպին հետ, երբ Ազրպէյճանը ռուսական հրթիռային համակարգով խփած էր հայկական ուղղաթիռը: Ռուհանին կարեւոր յայտարարութիւն ըրած էր Պաքուի մէջ` ըսելով, որ ղարաբաղեան խնդիրը զինուորական լուծում չունի: Այլ խօսքով, ան ակնարկած է, որ զինուորական արկածախնդրութեան պարագային, չի պատրաստուիր աջակցելու Պաքուին:

Անշուշտ կարելի չէ սահմանային միջադէպը գերագնահատելով յանգիլ այն եզրակացութեան, որ իրանաազրպէյճանական սահմանը լարուած իրավիճակի մէջ է: Սակայն, այն, որ զսպուած յարաբերութիւններ կան Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ, ատիկա փաստ է: Ծագումով ազերի բազմամիլիոնանոց ազգաբնակչութիւնը երկու պետութիւններուն համար զսպիչ գործօնի հանգամանք ունի:

Իրանի ապամեկուսացման նախադրեալներ, Թեհրան-Երեւան ուժանիւթային  բնոյթի համաձայնութեան կնքում, Իրան-Ազրպէյճան սահմանային միջադէպ, նախագահ Ռուհանիի յատկանշականութեամբ չառանձնացող այցելութիւն Պաքու եւ յայտարարութիւն` Արցախի հարցի լուծումի զինուորական միջոցը բացառելու:

Ուաշինկթըն-Թեհրան բնականոնացման  եւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա խզման երեւցող միտումի նախադրեալները իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն տարբեր տարածաշրջաններու վրայ: Սկսելով Միջին Արեւելքէն, հասնելով Կովկաս: Երեւանը սուր հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ է:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )