Փորձ Հարցարան. Լա՞ւ Տնտեսուհի Էք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

1120_test1Թերեւս այս մասին երբեք չէք մտածած… Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 16 հարցումներուն` «այո» կամ «ոչ»-ով: Իւրաքանչիւր դրական պատասխանի համար արձանագրեցէք 1 կէտ, իսկ իւրաքանչիւր ժխտականի` 2 կէտ:

1.- Կ՛արձանագրէ՞ք ձեր եկամուտները:

2.- Կրնա՞ք արագօրէն թեթեւ ընթրիք մը պատրաստել, անակնկալ հիւրերու համար (անշուշտ տունը գտնուող մթերքներով):

3.- Կրնա՞ք պատրաստել տասը «արագ» ճաշատեսակ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին պատրաստութիւնը կէս ժամէն աւելի չի խլեր:

4.- Յաճախ կը պատահի՞, որ ձեր ամսականը չբաւէ մինչեւ ամսավերջ:

5.- Յաճախ կը պատահի՞, որ աղբամանը թափէք մթերք մը, որ երկար ժամանակ սառնարանը մնացած ու հինցած է:

6.- Արդեօք միշտ տեղեա՞կ էք, թէ տունը ինչ մթերք կը պակսի, օրինակ` շաքարաւազ, աղ, հաց եւ այլն…

7.- Պահածոներ կը պատրաստէ՞ք:

8.- Մեծ գումարով գնումներ կ՛ընէք, հակառակ ձեր սահմանափակ պիւտճէին:

9.- Ձեր ամուսինէն գաղտնի կը պահէ՞ք, եթէ պզտիկ խնայողութիւն մը մէկ կողմ դրած ըլլաք:

10.- Օրակա՞ն կը մաքրէք ձեր տունը, թէ՞ որոշակի օրերու:

11.- Երկար ժամանակ չօգտագործուած իր մը գիտէ՞ք ուր, որ պայուսակին մէջ կամ որ դարանին վրայ տեղաւորած էք:

12.- Ձեզ կ՛անհանգստացնէ՞ չլուացուած ամանեղէնի կոյտը:

13.- Ձեր ամուսինը կամ զաւակները ձեռք կ՛երկարե՞ն տան մաքրութեան:

14.- Առտուները կրնա՞ք 20 վայրկեան յատկացնել ձեզի համար, որպէսզի հանգիստ նախաճաշէք եւ զբաղիք ձեր արտաքինով:

15.- Կը սիրէ՞ք երկար ժամանակ տրամադրել ձեր արտաքինին, շպարին եւ այլն…

16.- Կը պատահի՞ որ կէսօրուան կերակուր պատրաստած չըլլաք եւ դուրսէն ապսպրանք ընէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ 10-16 կէտ հաւաքած էք, դուք օրինակելի տնտեսուհի էք, ձեր մէջ խտացուած են բազմաթիւ շնորհքներ: Կամ այն է, որ աննման կազմակերպիչ էք: Ունիք ժամանակ եւ համբերութիւն

***

Եթէ 6-9 կէտ հաւաքած էք, դուք խելացի տնտեսուհի էք, բայց քիչ մը խստապահանջ: Տան  կարգուկանոնը կարեւոր գործ է, բայց ոչ միակը: Պէտք է ժամանակ տրամադրէք դուք ձեզի եւ ձեր հաճոյքին:

***

Եթէ 0-5 կէտ հաւաքած էք, տնային տնտեսութիւնը ձեր երազանքը չէ: Դուք ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունիք: Մի՛ նեղանաք, տնտեսավարութեան արուեստը սորվելու համար երբեք ուշ չէ, կարելի է այսօրուընէ իսկ սկսիլ:

 

Մեր Զաւակները Եւ Մենք

Երեկոյեան Խաղեր, Որոնք Կ՛օգնեն…

1120_Baby-Child-BathingԵրեկոյեան ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ երբ իրենց հրաշք մանուկը հանգիստ պիտի պառկի, աչքերը պիտի փակէ եւ անմիջապէս քունի անցնի: Սակայն կ՛անցնին ժամեր, իսկ երեխան տակաւին կը թռչկոտէ:

Որպէսզի երեխան քնացնելը տանջանքի չվերածուի, կարելի է կազմակերպել երեկոյեան խաղեր, որոնք կ՛օգնեն քնանալու առանց աւելորդ չափազանցութիւններու:

Թուղթ պատռելու խաղ

Երեխաները շատ կը սիրեն թուղթ պատռել եւ լսել պատռուող թուղթի ձայնը: Այս խաղը կը հանգստացնէ եւ կը մեղմացնէ անոնց լարուածութիւնը:

Օգտագործեցէք անպէտք օրաթերթերը, ամսաթերթերը, պատռեցէք ոչ կոպիտ եւ յարձակողական ձեւով, այլ հանգիստ, ապա քալեցէք կամ ցատկռտեցէք պատռուած թուղթերու կոյտին վրայ:

Գոց աչքերով խաղալիքները հաւաքել

Երեկոյեան թելադրելի է կազմակերպել խաղեր, ուր մրցակցութիւն չկայ: Օրինակ` գետին թափած խաղալիքները գոց աչքերով լեցնել խոշոր զամբիւղին մէջ: Երեխան թող ասիկա կատարէ առանց աճապարելու, ձեր ցուցմունքներով:

Ջուրով խաղ

Ջուրով խաղալը կ՛օգնէ ձերբազատելու աւելորդ լարուածութենէ եւ կը հանդարտեցնէ ջիղերը: Այսպէս, երեխային առջեւ դրէք ջուրով լեցուն դոյլ մը, սպունգ մը եւ պարապ դոյլ մը: Թող երեխան սպունգին միջոցաւ լեցուն դոյլէն ջուրը փոխադրէ պարապին մէջ:

Բացի այս խաղերէն, ծնողները ուշադիր պէտք է ըլլան հետեւեալ կէտերուն.

ա.- Երեկոյեան անջատել պատկերասփիւռը: Պաստառէն արձակուած ելեկտրամագնիսական ալիքները կը գրգռեն ուղեղը, ինչ որ կը վնասէ քունին:

բ.- Երեխային գիրք կարդալու պարագային, նիւթը պէտք է ըլլայ բարի եւ դրական:

գ.- Ժպտերես եւ սիրալիր մայրը աւելի արագ կը քնացնէ իր փոքրիկը, քան ջղային եւ կամակոր մայրը…

Այս բոլորին հետեւիլը այդքան ալ դժուար չէ: Այս խորհուրդները օգտագործելու պարագային, ձեր փոքրիկին քունը տանջալի չ՛ըլլար թէ՛ ձեզի, եւ թէ անոր համար:

 

Գեղեցկագիտական. Առողջապահական

Առողջ Մազերու Գաղտնիքը

Մազերը ուղղակիօրէն կ՛արտացոլեն մեր առողջութիւնը: Առողջ, ամուր ու գեղեցիկ մազեր ունենալու համար ձեր սննդակարգին մէջ ներառէք հետեւեալ կենսանիւթերն ու հանքայինները:

Սպիտակուց Մազերը կազմուած են սպիտակուցէ, ուստի սնունդին մէջ անոր պակասը կրնայ յանգեցնել չոր, տկար եւ ճիւղաւորուած մազերու, իսկ ծանր պակասի պարագային` հերաթափութիւն: Սննդառութեան մէջ անպայման ներառէք թռչնամիս, ձուկ, կաթնամթերք եւ հաւկիթ: Բուսակերներու պարագային սպիտակուցի աղբիւր են ընկուզեղէնն ու ընդեղէնը:

Սպիտակուց
Մազերը կազմուած են սպիտակուցէ, ուստի սնունդին մէջ անոր պակասը կրնայ յանգեցնել չոր, տկար եւ ճիւղաւորուած մազերու, իսկ ծանր պակասի պարագային` հերաթափութիւն: Սննդառութեան մէջ անպայման ներառէք թռչնամիս, ձուկ, կաթնամթերք եւ հաւկիթ: Բուսակերներու պարագային սպիտակուցի աղբիւր են ընկուզեղէնն ու ընդեղէնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սէ. կենսանիւթ Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ երկաթով հարուստ սնունդի մարսման, ուստի այս կենսանիւթով հարուստ սնունդը պէտք է համատեղել երկաթով հարուստ սնունդի հետ: Լաւագոյն աղբիւրներն են սեւ հաղարջը, քիուին, նարինջը, ելակը, պրոքոլին եւ այլն...

Սէ. կենսանիւթ
Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ երկաթով հարուստ սնունդի մարսման, ուստի այս կենսանիւթով հարուստ սնունդը պէտք է համատեղել երկաթով հարուստ սնունդի հետ: Լաւագոյն աղբիւրներն են սեւ հաղարջը, քիուին, նարինջը, ելակը, պրոքոլին եւ այլն…

Երկաթ Երկաթը անհրաժեշտ է յատկապէս մազերուն համար, քանի որ սննդանիւթերով հարուստ արիւնն է, որ կը սնանէ մազարմատը: Երբ արեան մէջ երկաթը կը նուազի` սակաւարիւնութիւն կը յառաջանայ, եւ մազերու մակարդակին սննդանիւթերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հերաթափութեան: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք կարմիր միսն ու ձուկը, ոսպը, շոմինը, պրոքոլին եւ այլն...

Երկաթ
Երկաթը անհրաժեշտ է յատկապէս մազերուն համար, քանի որ սննդանիւթերով հարուստ արիւնն է, որ կը սնանէ մազարմատը: Երբ արեան մէջ երկաթը կը նուազի` սակաւարիւնութիւն կը յառաջանայ, եւ մազերու մակարդակին սննդանիւթերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ հերաթափութեան: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք կարմիր միսն ու ձուկը, ոսպը, շոմինը, պրոքոլին եւ այլն…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Ա. կենսանիւթ Այս կենսանիւթին պակասը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մազերը չորնան եւ ճիւղաւորուին: Ձեր սնունդին մէջ ներառէք կենդանական ծագումով ուտելիք, նարնջագոյն միրգեր եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են պէթաքարոթէնով, օրինակ` ստեպղին, դդում, քաղցր գետնախնձոր, գունաւոր թարմ պղպեղներ:

Ա. կենսանիւթ
Այս կենսանիւթին պակասը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մազերը չորնան եւ ճիւղաւորուին: Ձեր սնունդին մէջ ներառէք կենդանական ծագումով ուտելիք, նարնջագոյն միրգեր եւ բանջարեղէններ, որոնք հարուստ են պէթաքարոթէնով, օրինակ` ստեպղին, դդում, քաղցր գետնախնձոր, գունաւոր թարմ պղպեղներ:

Օմեկա -3 ճարպաթթուներ Այս ճարպաթթուները անհրաժեշտ են, քանի որ մեր մարմինը չի կրնար զանոնք արտադրել: Այս ճարպաթթուները կը գտնուին գանկամաշկին տակ եւ կը սնանեն մաշկն ու մազարմատները: Օմեկա-3-ով հարուստ են իւղոտ ձկնատեսակները, աւոքատոն, ընկոյզը եւ այլն...

Օմեկա -3 ճարպաթթուներ
Այս ճարպաթթուները անհրաժեշտ են, քանի որ մեր մարմինը չի կրնար զանոնք արտադրել: Այս ճարպաթթուները կը գտնուին գանկամաշկին տակ եւ կը սնանեն մաշկն ու մազարմատները: Օմեկա-3-ով հարուստ են իւղոտ ձկնատեսակները, աւոքատոն, ընկոյզը եւ այլն..

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԷՕ. կենսանիւթ Արեւին ճառագայթները կը վնասեն ո՛չ միայն մեր մորթին, այլ նաեւ մազերուն. վերջիններուն առողջութիւնը եւ փայլուն տեսքը կ՛ապահովեն ընկուզեղէնը` նուշ, ընկոյզ, հնդկընկոյզ, կաղին, նուշ, եւ այլն...

ԷՕ. կենսանիւթ
Արեւին ճառագայթները կը վնասեն ո՛չ միայն մեր մորթին, այլ նաեւ մազերուն. վերջիններուն առողջութիւնը եւ փայլուն տեսքը կ՛ապահովեն ընկուզեղէնը` նուշ, ընկոյզ, հնդկընկոյզ, կաղին, նուշ, եւ այլն…

Զինկ եւ սելենիոմ Թեփն ու հերաթափութիւնը անմիջականօրէն կապուած են այս հանքանիւթերու պակասին հետ: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք հնդկացորենը, ընկուզեղէնը, ծովամթերքը, կովու միսն ու հաւկիթը:

Զինկ եւ սելենիոմ
Թեփն ու հերաթափութիւնը անմիջականօրէն կապուած են այս հանքանիւթերու պակասին հետ: Ձեր ճաշացուցակէն անպակաս ըրէք հնդկացորենը, ընկուզեղէնը, ծովամթերքը, կովու միսն ու հաւկիթը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Խոհագիր

Բալի Չիրով Եւ Նուշով Բրինձ

1120_brindsԲաղադրութիւն

3 թէյի բաժակ ջուր
1 գլուխ սոխ
100 կր. կարագ
150 կր. կեղւըուած նուշ
1 թէյի դգալ կասիա
1 թէյի դգալ շաքարաւազ
Կէս թէյի բաժակ բրինձ
150 կր. բալի չիր
Աղ, սեւ պղպեղ

Պատրաստութիւն

Ջուրը եռացնել: Առանձին կաթսայի մէջ հալեցնել կարագը, տապկել մանրուած սոխը, աւելցնել աղը, պղպեղը, շաքարաւազը, կասիան, նուշը եւ խառնել, ապա աւելցնել բալի չիրը, երկու վայրկեան եւս տապկել: Աւելցնել եռացած ջուրը եւ բրինձը: Կափարիչը գոցել եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել սովորական բրինձով` եղինձին պէս:

Հրամցնել մսեղէնի մը կողքին:

 

Խաչքար

Հրաշքին թեւով եկար ու հասար,
Քսաներորդ դար:
Բայց այս քանի՞ դար
Ձեռքեր անարդար,
Քեզ թեւատեցին
Հայրենի իմ տան հարազատ խաչքար…

* * *

Մատներու միտքեր,
Շնորհքի շողեր
Շղարշեցին քեզ:
Իսկ երբ անխնայ ուզեցին ջնջել
Գիծերդ հայածին,
Դուն խոնարհեցար, փարեցար հողին,
Որ օր մը արեւ,
Քեզ դուրս բերենք մենք
Քու գերեզմանէն:
Յարութեան շունչով ներ կեանք տանք կրկին,
Քու մայր երակին…

* * *

Լեռներու ծերպին, ժայռերու ուսին,
Գամուած մեծ խաչեալ,
Լուռ լացող խաչքար,
Ահա՛ քեզ համար, իմ սէրը վարար:
Բայց ի՞նչ խօսք կամ բառ
Ձօնեմ քեզ յարմար,
Ու արժանաբար,
Ցոյց տամ մարդերուն, համայն աշխարհին,
Թէ լոկ մեր երկրի,
Տաղանդներն արի,
Գիտցած են հիւսել քարը թել առ թել,
Ու զայն վերածել,
Շղարշ ժանեակի,
Ու անոր սիրոյն թափած են արիւն
Ծակած, ծակծկած
Եղունգ, միս ու մատ,
Ուխտով ծոմապահ
Ու սրտերուն` ահ,
Գեղեցկին խանդով քանդակած են հոն,
Հաւատք ու հոգի,
Մասունք աղօթքի,
Նշխար ու Նարեկ,
Երազներ բեկ-բեկ,
Խնկաբոյր խորան,
Տիրամայր վրան:
Դեռ` Աւետարան,
Քանդակ առ քանդակ
Մաշտոցէն մինչեւ Պարոյրը Սեւակ
Ա՜խ, այս ի՜նչ հմայք…

* * *

Քու դէմքին վրայ Միւռոն կը շողայ,
Արեւ կը տեղայ, թել-թել ճառագայթ,
Հուր ցոլքերու ցայտք,
Սիրտեր կ’ողողես քու լոյսով արդար,
Իմ հայրենի տան նրբահիւս խաչքար:
Կիսափուլ վանքի, մրոտ մատուռի,
Դրան դուն կանգուն
Պահապան արթուն:
Պատճենն ես նաշխուն մեր տաճարներուն,
Լոյս Էջմիածին,
Հաւատք Հաղարծին,
Զնգուն Զուարթնոց,
Սուրբ Առաքելոց,
Հեթանոս Գառնի,
Ժայռամուխ Այրի,
Գանձատուն Գեղարդ,
Շէկլիկ Կարմրաւոր,
Հրաշք Հռիփսիմէ,
Շէնշող Շողակաթ,
Շրջուն Պատարագ,
Քեզ կը տանինք մենք շալակ առ շալակ,
Գողգոթաներէ մինչեւ յաղթանակ
Մինչեւ ատենը Ազգերու Համակ,
Զերթ քարէ նամակ…

* * *

Մեր մեծ գոյութեան չստող վկան,
Մեր լինելիութեան անբեկ դատաստան:
Մեր չքանդուող հաւատքի ամրոց,
Որուն շուրջն եթէ նոյնիսկ սողայ օձ,
Իժի սուր խայթողն իսկ պիտ’ չկրնայ,
Իր դեղնած թոյնով
Փոխել գոյնդ նոր,
Դուն մեր մեծազօր,
Դուն մեր անառիկ
Հաւատքի երդիք,
Հոգիի Մասիս,
Մեր պանդուխտ կեանքի
Կանաչ ովասիս…

* * *

Ձուլումին դիմաց սուր ու սաղաւարտ,
Մեր վահանն ես յաղթ:
Անէծքներ վանող լուսեղէն հրաշք,
Դեռ չարխափան աչք,
Օրհնութիւն ցանող ձեռք ու ափ առատ,
Մեր անցեալին մեծ, ներկային յամառ
Լեզուն անբարբառ,
Մեր շրջուն կամար,
Ա՜խ, խաչուած խաչքար…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )