Վատնումի Դէմ Ձրիօրէն Ուտելիք Բաժնող Սառնարաններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1122_oudelik-1Պերլինի մէջ գոյութիւն ունի միութիւն մը, որ կը պայքարի չծախուած, սակայն տակաւին թարմ ուտելիքներուն փճացումին դէմ շատ իւրայատուկ ձեւով:

Երբ ուտելիքի տեսակի մը սպառումի պաշտօնական թուականը կ՛անցնի խանութները պէտք է աղբաման թափեն այդ ուտելիքը, մինչ ան տակաւին թարմ է եւ կարելի է զայն ուտել: Ուտելիքի վատնումին դէմ պայքարելու համար, «Լիպընս միթըլ րեթթըր» միութիւնը («Ուտելիքի փրկիչները») Պերլինի մէջ հաստատած է փողոցներու մէջ զետեղուած սառնարաններու դրութիւն մը: Այդ սառնարաններուն մէջ պիտի դրուին խանութներէն հաւաքուած, նետուելիք, բայց տակաւին թարմ ուտելիքները, որոնք այս ձեւով ձրիօրէն դրուած պիտի ըլլան անցորդներու տրամադրութեան տակ:

***

2012 թուականէն է վեր գործի անցած այս կամաւորները 2013-ին կազմած են 1700 անդամներէ կազմուած խմբակ մը «Ֆեր թելլըր» (պարկեշտ բաժանում): Այս կամաւորները կը շրջին Պերլինի խանութները` հաւաքելու համար այն ուտելիքները, որոնք այլեւս չեն ծախուիր եւ կրնան աղբը նետուիլ: Ապա այս տարբեր ուտելիքները կը զետեղուին քաղաքին տարբեր վայրերու մէջ հաստատուած սառնարաններու մէջ, ուրկէ ժողովուրդը կրնայ ձրիօրէն առնել այդ ուտելիքները:

Այս յատուկ սառնարանները զետեղուած են փողոցներու մէջ կամ նոյնիսկ կարգ մը խանութներու մէջ, մօտաւորապէս` 20 սառնարան, որոնք ժողովուրդին տրամադրութեան տակ կը գտնուին 24 ժամ 24 ժամի վրայ: Այս ուտելիքներէն բաժին մըն ալ կը ղրկուի ճամբան ապրող անձերու յատուկ կեդրոններ:

Ամբողջ Գերմանիոյ մէջ աւելի քան 8000 կամաւորներ ունեցող այս միութեան մօտեցումը այնքան մեծ յաջողութիւն գտած է, որ նոյնիսկ ուրիշ երկիրներ այս գաղափարը սկսած են որդեգրել: Մինչ Պերլինի մէջ այդ սառնարանները կը լեցուին օրական մինչեւ երեք անգամ` քաղաքացիներուն եւ նոյնիսկ զբօսաշրջիկներուն կողմէ:

Մինչ Լոզանի Մէջ…

1122_oudelik-2… Ուտելիքի վատնումին դէմ պայքարելու համար, ուսանողներ որոշած են օգտագործել օրական թափուած թոներով բանջարեղէնները` մեծ չափի կաթսաներով ապուր պատրաստելու համար:

Նոյնիսկ եթէ բանջարեղէնները շատ փոքր ըլլան, տձեւ, ոչ շատ գեղեցիկ` խանութին դարակներուն վրայ շարուելու համար, անոնք կրնան շատ համով ապուր մը հրամցնել մեզի: Որպէսզի այս «տարբեր» բանջարեղէնները ուղղակիօրէն աղբամանին մէջ չնետուին, եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կազմակերպուին «Տիսքօ ապուրներ»: Պատրաստութեան ձեւը շատ պարզ է. չծախուած բանջարեղէնները կը մաքրուին, կը կեղուըուին, կը կտրտուին` փողոցի մէջ ապուր պատրաստելու համար: Բարձր երաժշտութեան կշռոյթին հետեւելով` կամաւորները ապուրը կ՛եփեն եւ ապա զայն ձրիօրէն կը բաժնեն անցորդներուն:

Այս գաղափարը ծնած է Գերմանիոյ մէջ, 2012 թուականին, «Շնիփփըլ տիսքօ» անունին տակ: Այդ թուականէն ի վեր անիկա տարածուած է մօտաւորապէս տասնհինգ երկիրներու մէջ: Փարիզի, Լոնտոնի, կամ Պերլինի մէջ այս խմբային աշխատանքին կը մասնակցին հազարաւոր կամաւորներ: Այս ձեւով, յունիսին Ամսթերտամի մէջ կազմակերպուած «Տիսքօ ապուր»-ի մը ընթացքին, 6500 կամաւորներ կեղուած են մէկ թոն բանջարեղէն:

Զուիցերիոյ մէջ ամէն տարի երկու թոն ուտելիք աղբամաններուն մէջ կը թափուի: Ասիկա գրեթէ համապատասխան է մէկ անձի մը համար օրական մէկ ճաշի: Հետեւաբար Լոզանէն վատնումին դէմ պայքարող բազմաթիւ միութիւններէ կամաւոր ուսանողներ ուզած են փաստել, թէ գոյութիւն ունին տարբեր ձեւեր` ուտելիք մը ամբողջովին գործածելու համար:

Ապրիլ ամսուն շրջանէն տասնեակ մը երկրագործներ ընդունած են մէկ կողմ ձգուած բանջարեղէններէն 50-70 քիլօ հայթայթել, բազմաթիւ սուփըրմարքեթներ նուիրած են հացը, եւ քաղաքէն երեք երգչախումբեր իրենց երգերով առաջարկած են մթնոլորտ ստեղծել միասին պատրաստելու, եւ ճաշակելու այս խմբային ապուրը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

– Միջնադարեան Հնդկաստանի մէջ խաղաթուղթերու բազմաթիւ օրինակներ կլորակ էին:

 

– Հարաւային Ամերիկայի մէջ, մօտաւորապէս 3000 տարիներ առաջ, մարդիկ արդէն պիստակի կարագ (փինաթ պաթըր) կ՛ուտէին:

– Ք. Ե. 589 թուականին չիները հնարեցին բաղնիքի թուղթէ թաշկինակները:

– 1891 թուականին պասքեթպոլի խաղերը կը խաղցուէին դեղձի կողովներով:

1122_anhavadali-2– 1700-1800 թուականներու սկիզբը նաւաստիները երբեմն իրենց երկար մազերուն վրայ խայծղան կը քսէին, որպէսզի անոնք նաւուն պարաններուն մէջ չանցնին:

– 1930-ական թուականներուն, առաջին օդանաւային թռիչքներէ վախցող ճամբորդները հանգստացնելու համար օդանաւային ընկերութիւնները միայն հիւանդապահուհիներ աշխատցուցին իբրեւ հիւրընկալ պաշտօնեայ:

– Եգիպտոսի Թութանխամոն փարաւոնը գահ բարձրացաւ ինը տարեկանին:

 

– 1876 թուականին, երբ սկիզբի շրջանին պանանները սկսան ծախուիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ հազուագիւտ պտուղին մէկ հատը կը ծախուէր այսօրուան 2 տոլարի համապատասխան գումարի մը:

 

1122_anhavadali-3– Ք. Ա. 800 – Ք. Ե. 476 թուականներուն բազմաթիւ հին հռոմէական արձաններուն գլուխները շարժուն էին, որպէսզի դիւրին ըլլայ զանոնք փոխել եւ նոր ղեկավարին նմանող դէմք մը դնել:

 

– 1494 թուականին խոզ մը ոճիրի մը համար դատապարտուեցաւ:

 

Առանց Պատուհաններու
Օդանա՞ւ

1122_otanavԱնշո՛ւշտ, օդանաւէն վախցող անձերը բնաւ պիտի չուզեն այս օդանաւին մէջ մտնել: Սակայն այդ օդանաւին ճամբորդները պիտի կարենան օգտուիլ իրենց աչքերուն առջեւ պարզուած տեսարանէն:

Այդ օդանաւը տակաւին ծրագիր մըն է, որ կրնայ ապագային իրականանալ: Անգլիացի մասնագէտներ մտածած են օդանաւին պատերը ամբողջովին ծածկել հսկայական յատուկ պաստառներով, ուր ուղղակիօրէն պիտի սփռուի դուրսի տեսարանը: Այս ձեւով, ճամբորդները ամբողջովին ամպերուն մէջ ըլլալու տպաւորութիւնը պիտի ունենան եւ ապրին իւրայատուկ փորձառութիւն մը:

Զբաղումի ծառայելու իրենց պաշտօնին կողքին, այս պաստառներուն հաստատումը ունի ուրիշ առաւելութիւն մը: Պատուհաններուն ջնջումը պիտի նուազեցնէ օդանաւին ընդհանուր ծանրութիւնը: Ծանրութեան նուազեցումին շնորհիւ` օդանաւը նուազ վառելանիւթ պիտի սպառէ, նուազեցնելով օդանաւային ընկերութեան ծախսերը եւ… տոմսերու գիները:

Անշուշտ այս նոր տեսակի օդանաւը տակաւին ծրագիր մըն է, սակայն, ըստ մասնագէտներուն, անիկա կրնայ իրականութիւն դառնալ տասը տարիէն: Հետեւաբար կրնաք արդէն սկսիլ ծրագրել ձեր ապագայ ճամբորդութիւնները:

 

Կարճ Լուրեր

Անգլիոյ մէջ այժմ տեղի կ՛ունենայ «Տի Արթ օֆ Պրիք» անունով ցուցահանդէս մը: Հոն կարելի է տեսնել մէկ միլիոն լեկոյի քարերով շինուած 75 արձաններ: Այս ձեւով, մենք հոն կրնանք հանդիպիլ 80,000 լեկոյի քարերով շինուած եւ աւելի քան 6 մեթր երկայնք ունեցող թի-րէքս հոյամողէսի կմախքի մը:

Անգլիոյ մէջ այժմ տեղի կ՛ունենայ «Տի Արթ օֆ Պրիք» անունով ցուցահանդէս մը: Հոն կարելի է տեսնել մէկ միլիոն լեկոյի քարերով շինուած 75 արձաններ: Այս ձեւով, մենք հոն կրնանք հանդիպիլ 80,000 լեկոյի քարերով շինուած եւ աւելի քան 6 մեթր երկայնք ունեցող թի-րէքս հոյամողէսի կմախքի մը:

Ուաթսըն համակարգիչի յայտագիր մըն է, որ պատրաստուած է Այ. Պի. Էմ. ամերիկեան ընկերութեան կողմէ: Անոր պաշտօնն է նոր խոհագիրեր ստեղծել: Մենք կ՛ընտրենք մեր ուզած բաղադրութիւնները. Ուաթսըն զանոնք իրարու կը խառնէ: Ան կը համախմբէ անոնց համ տուող մասնիկները (մոլեքիւլ): Ապա ան այս բոլորը կը խաչաձեւէ իր յիշողութեան մէջ ունեցած 9000 խոհագիրներուն հետ: Վերջապէս, ան ձեզի կ՛առաջարկէ, օրինակի համար պրոքոլիով եւ մանկայով ապուր մը:

Ուաթսըն համակարգիչի յայտագիր մըն է, որ պատրաստուած է Այ. Պի. Էմ. ամերիկեան ընկերութեան կողմէ: Անոր պաշտօնն է նոր խոհագիրեր ստեղծել: Մենք կ՛ընտրենք մեր ուզած բաղադրութիւնները. Ուաթսըն զանոնք իրարու կը խառնէ: Ան կը համախմբէ անոնց համ տուող մասնիկները (մոլեքիւլ): Ապա ան այս բոլորը կը խաչաձեւէ իր յիշողութեան մէջ ունեցած 9000 խոհագիրներուն հետ: Վերջապէս, ան ձեզի կ՛առաջարկէ, օրինակի համար պրոքոլիով եւ մանկայով ապուր մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

– Ինքնաշարժ շինող ճափոնցի մը հնարած է տարօրինակ ներկ մը. ան փոշին կը հեռացնէ: Այս ներկը ինքնաշարժին շուրջ կը կազմէ օդի խաւ մը, որ արգելք կ՛ըլլայ փոշիին` ինքնաշարժին վրայ իջնելու: Այս ձեւով մենք այլեւս պէտք պիտի չունենանք մեր ինքնաշարժը լուալու:

 

– Չինաստանի մէջ գոյութիւն ունին բջիջային հեռաձայններ գործածողներու յատուկ մայթեր: Բջիջայինով խօսող եւ քալողները ուրիշ անցորդներու զարնուելէ հեռու պահելու համար, գետինը գծուած են նշաններ, որոնք անոնց ցոյց կու տան հետեւելիք ճամբան:

 

– 2014 թուականը լաւ տարի մը չէ եղած բուսաբաններուն համար: Տարուան սկիզբը նէնուֆարի աշխարհի ամէնէն փոքր տեսակը գողցուեցաւ Լոնտոնի բուսաբանական պարտէզին մէջէն: Նման գողութիւնները հազուագիւտ չեն: Սակայն այս ծաղիկը, որ պզտիկ դահեկանի մը չափը ունի, ամբողջովին կորսուած է իր ծննդավայր Ռուանտայէն: Լոնտոնի մէջ գտնուած օրինակը տակաւին գոյութիւն ունեցող քանի մը ծաղիկներէն մէկն էր:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թեւատի իրարու համապատասխանող երկու բաժինները:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր թեւատի իրարու համապատասխանող երկու բաժինները:

Կրնա՞ս օգնել Հանսելին եւ Կրեթըլին` գտնելու տան ճամբան, խուսափելով վհուկէն:

Կրնա՞ս օգնել Հանսելին եւ Կրեթըլին` գտնելու տան ճամբան, խուսափելով վհուկէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց զոյգ տուփիկները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող վեց զոյգ տուփիկները:

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու թիւերուն գումարումին:

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու բուրգը` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր կլորակի մէջի թիւը հաւասար է անոր տակի երկու թիւերուն գումարումին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )