Այս Անգամ Ալ Տարբեր Չէր

ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Գիշերօթիկը իր անհասանելի բարձունքով, քարքրոտ, դժուար, բայց հաճելի ճանապարհով կը սպասէր մեզ: Հասանք բաւական ուշ եւ յոգնած. երեխաներուն թիւը անցած էր քսանչորսը` Արայիկը, Մովսէսը, Պորիսը, Հայկը, Պարգեւը… իսկ Յակոբը արդէն կը կատարէր իր ազգային պարտականութիւնը` ծառայելով հայոց բանակին: Ընկեր Սամուէլը, ըստ սովորութեան, անցած էր կրակին գլուխը  եւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ըսաւ. «Ընկե՛ր Արա, ուշացաք … մազերդ ո՞ւր են…»: Անցանք սեղան: Պատմութիւնները սկսան, բաժակները լեցուեցան, իսկ յոգնութիւնը արդէն մոռցուեցաւ:

Յաջորդ առաւօտ առաջին խումբը մեկնեցաւ Կովսական, իսկ մենք Բերձորի հրապարակը գացինք գնումներ կատարելու: Յանկարծ կը տեսնեմ ծանօթ դէմք մը, դէմք մը, զոր կը ճանչնամ, իսկ անունը լեզուիս ծայրն է… ո՞վ է ան: Կը մտնէ խանութ, կը մօտենամ … «Ընկեր Արա՜, ինչպէ՞ս ես, Տարօնը, Փաթիլը ո՞ւր են…»: 2010 թուականն է, կը գտնուինք Այգեհովիտ, տունը` ընկեր Զօրիկին, որ նաեւ գիւղի դպրոցին տնօրէնն է: Կը յիշեմ ընկերը, կը խօսինք. ան գործով եկած էր Բերձոր. մեզ կը հրաւիրէ գիւղ, կը հարցնէ միութեան մասին, կը հարցնեմ աշակերտներուն մասին. դպրոցը վերանորոգուած է… Կը հեռանամ ուրախ, իսկ Անին, Նանորը եւ Հրակը զարմացած կը նային, իսկ ես արդէն հոն չեմ մտքով, չորս տարի ետ կ՛երթամ, կը յիշեմ քանդուած եւ ցեխոտ դպրոցը, փլատակ աստիճանները, բայց կը հասկնամ, որ միայն հողին վրայ աշխատելով է, որ ամէն ինչ լաւ կը դառնայ…

Քանի մը ժամ ետք արդէն դպրոցն ենք. կը տեղաւորուինք, կը պատրաստենք առաջին օրուան աշխատանքները: Երիտասարդուհի մը կը մօտենայ իր փոքր աղջկան հետ. կը խօսի հետս ճամբարին մասին, իսկ ես… Լատա ինքնաշարժով Թամարին հետ կը հասնիմ Գարեկահ: Մեզ կը դիմաւորէ գիւղապետ եւ դպրոցի տնօրէն ընկեր Մարինէն: Տունին մէջ Լիլիթը անհանդարտ է, իսկ Նելլին կը փորձէ սեղանը շտկել: Ա՛յ քեզ բա՜ն, արդէն անցեր է 5 տարի առաջին գործուղումէս: Խօսակցութիւնը ընդհատելով` «Նելլի՛, կը յիշե՞ս զիս»: Նելլին պահ մը կը զարմանայ, թէ ուրկէ՛ գիտեմ անունը. կը մօտենամ եւ կը համբուրեմ նոյն անհանդարտ Լիլիթը, որ արդէն 8 տարեկան է… Նելլին կը յիշէ զիս եւ կ՛ըսէ` «Որքա՜ն փոխուեր ես Արա ջան». երկար կը խօսինք Գարեկահի մասին. յաջորդ առաւօտ կը սկսի ճամբարը Լիլիթի ներկայութեամբ ժամը 8-ին:

Ժամը 10, երեխաները արդէն դասարանն են. մուտքին կեցած` կը դիտեմ Բերձորի վրայ ծագած արեւը. կը մօտենայ նոր մանուկ մը, բաւական ամչկոտ` «պապիս ըսաւ` ես ալ պէտք է մասնակցիմ Դաշնակցութեան ճամբարին…». դասարան կը մտնէ. հեռուէն կը տեսնեմ շարժում մը եւ կը լսեմ ձայն մը, որ կ՛ըսէ. «Օ՜, ընկե՛ր Արա, դարձեալ կը հանդիպինք…», բայց արեւը թոյլ չի տար, որ ճանչնամ մօտեցող, բայց ձայնը` բաւական ծանօթ ու հարազատ… «կարմիր կակաչները … ծաղկած խնձորենի…». առաջին գիշերն է 2010-ին. ընկեր Արէնը իր կիթառով տան մէջ` Տիգրանաւան, կ՛ընդունի Կարոն, Վահանը, Կարինը եւ զիս, իսկ Ալեքսը տակաւին հինգ տարեկան` կը խաղար շան հետ: Երանելի երեկոյ, երանելի ընկերներ, երանելի դպրոց` Պետօ Ղեւոնդեանի անուան: Կը փաթթուիմ ընկերոջ, կը հարցնեմ Տիգրանաւանին մասին,  կը յիշենք այդ տարուան հանդէսը: Կը հեռանայ ընկերը, կը մտնեմ դասարան, կը նայիմ Ալեքսին  ու կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ այդ տղան գիտէր մեր կուսակցութեան անունը…

Քանի մը օր ետք կը բարձրանանք գիշերօթիկ. ընթրելէ ետք ընկեր Սամուէլը կ՛ըսէ, թէ պէտք է հրապարակ երթանք, ուր մեզ կը սպասեն ընկերներ: Կը հասնինք, երգն ու պարը արդէն սկսած էին… Կովսականի հանդէսի օրն է, 2011 թուական, բաւական ներկաներ կան, Շաղիկը պարախումբին գլուխը անցած, Փաթիլը լուսանկարչական մեքենան բռնած, Յովսէփեանը Անժելային հետ չարերուն ետեւէն ինկած, Դաւիթը եւ Մարիան հիւրերով զբաղած, Կարէնը եւ Սեպուհը զարդարանքով գործ գտած, իսկ ընկեր Կարէնը, Կովսականի Կարէնը, մեր Կարէնը կիթառը առած եւ ձայնը ձգած` կը մասնակցէր խնճոյքին: Այո՛, ընկեր Կարէնն է, որ հիմա փոքր խումբով եկած է Բերձոր, նոյն համեստ մեր ընկերը, որ իր աննման երգերով բոլորը կը փոխադրէր անբացատրելի աշխարհ մը: Կը խօսինք միասին, կը hարցնէ Մենարին, թէ ան ինչպէ՛ս է. կը հարցնեմ գիւղին աշխատանքներուն,  աշակերտներուն մասին… Ընկե՛ր Սամուէլը` «Կարէ՛ն ջան, երգո՞ւմ ենք, թէ՞…» ու յաջորդ երգը` «Ով կամաւոր է կռւում…». եւ իրապէս Արցախը կամաւորներու շնորհիւ է, որ ազատագրեցինք. մեր Կարէնը արդէն կամովին կը գտնուի Կովսական` շարունակելու իր սուրբ գործը, կազմելով հայ ազգագրական երգի ու պարի խումբեր…

Կը հասնի վերջին օրը, օր մը, երբ ոեւէ գործուղուող չի կրնար բացատրել իր զգացումները: Կը գտնուինք ընկեր Սամուէլին մօտ, ընկեր մը որ մեր 10 տարուան գործուղումներուն մէջ ունեցած է իր ներդրումը տարբեր ձեւերով. ընկեր մը, որ միշտ օգնած եւ ընդունած է մեզ, ընկեր մը, առանց որուն` մեր գործուղումները դժուարութիւններու կը հանդիպէին: Վստահ եմ, որ երբ ընկեր Սամը կարդայ այս տողերը, պիտի նեղանայ ինձմէ, քանի որ իր կարծիքով դաշնակցականը միշտ պարտաւոր է օգնել եւ թիկունք կանգնիլ իր դաշնակցական ընկերոջ, բայց վերջաւորութեան այս մէկը իրականութիւն մըն է, որ պէտք էր ըսէի: Վարձքդ կատար, ընկե՛ր, քեզմէ սորվեցայ շատ բաներ, հասկցայ, որ իսկական տէրը մեր կուսակցութիւնն է, առաջին բաժակ խմելը պարտադիր է, իսկ մահը միշտ ոսոխին է:

Վերջաւորութեան, կ՛ուզեմ ըսել, որ աշխարհի վրայ կան շատ մը իրականութիւններ, որոնց կրնանք աւելցնել նաեւ ուրիշ մը. ճիշդ է որ սփիւռքի մէջ մենք կ՛երգենք Արցախի մասին, կը խօսինք Արցախի մասին, բայց, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս պիտի կրկնեմ առաջին ճամբարէս վերադարձիս խօսքս` միայն Արցախի մէջ ըլլալով է, որ կը հասկնանք մեր յաղթութեան իմաստը, միայն Արցախի մէջ ըլլալով է, որ կը հասկնանք մեր հողին կարեւորութիւնը: Այս տարի 4-րդ եւ վերջին անգամն էր, որ կը գործուղուէի, բայց շատ շուտով կը հանդիպիմ վերը նշած բոլոր ընկերներուս, որովհետեւ Արցախը հարազատ է, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է. այս անգամ ալ տարբեր չէր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )