«Ազնիւ Մտածողը Թող Գայ»

ՇԱՂԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Zavarianagan_photoԶաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած գործուղումները կը ծառայեն ոչ միայն հարիւրաւոր պատանիներու ազգային դաստիարակչական ծրագրով քանի մը շաբաթ զբաղած պահելու, այլ նաեւ անոնք առիթ կու տան գործուղուած զաւարեանականին հայրենի հողին վրայ տեղացիին առօրեային ծանօթանալու եւ ազգային կամ ընկերային հարցերու մասին աւելի խոր մտածել տալու: Այս տարի իմ կարգս էր, որ ծանօթանամ Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքի առօրեային եւ անոր բնակիչներուն: Երեք շաբթուան վրայ երկարող այս փորձառութեամբ կրցայ մուտք գործել տարբեր տեսակի մարդոց աշխարհը: Սակայն ամէնէն հաճելի, միեւնոյն ատեն արժէքաւոր աշխարհը ընկեր Վարդանին աշխարհն էր:

Ընկեր Վարդան մանրակազմ, գրեթէ ատամներէ զուրկ բերանով, զիլ ձայնով, իւրայատուկ եւ մանկական խնդուքով բարեսիրտ անձ մըն է: Ընդհանրապէս իր զուարթ տրամադրութեամբ, ան միշտ դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ ներկաներուն մօտ: Գործուղման սկզբնական շրջանին այնպէս մը թուեցաւ ինծի, թէ Վարդան իր ընկերներուն մօտ կարծես «խամաճիկ» մըն է: Յաճախ անոնք հեգնանքով կամ ծաղրանքով կը մօտենային անոր արտայայտութիւններուն կամ շարժուձեւերուն: Սակայն յաճախ կը նշմարէի, որ տարբեր նիւթերու արծարծման ժամանակ ան շատ կարճ, բայց խելացի խօսքեր կ՛ըսէր: Բայց նկատի ունենալով իր ունեցած փոքր տղու վարուելակերպը, անոր խելացի խօսքերը կը լուծուէին անոնց յաջորդող ծաղրանքի հոսանքին մէջ:

Առաջին անգամ Վարդանը տեսայ իր իսկական լուրջ եւ տղամարդու կերպարին մէջ, երբ ան հապճեպով ու մեծ հպարտութեամբ մտաւ Չարենցաւանի Երկրորդ դպրոց` պատասխանատուին յանձնելու թուղթի կտոր մը, որուն վրայ գրուած էր իր եղբօր` Սարգիս Պատալեանի կենսագրականը: Սարգիս Պատալեան Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակ իր արեան պարտքը մատուցած համեստ ազատամարտիկ մըն էր եւ անոր անունով է, որ ճամբարի փոքրերու խումբը անուանուեցաւ «Սարգիս Պատալեան» խումբ: Վարդանի հանդէպ նայուածքիս առաջին փոփոխութեան պատճառը այս եղելութիւնն էր: Այդ վառվռուն ու ծաղրանքի առարկայ դարձող անձը նահատակի մը եղբայրն էր:

Շատ չանցած` արդէն իսկ տեղեկացայ, թէ ինք` Վարդան եւս մասնակցած է Արցախի ազատագրական պայքարին: Այս տեղեկութիւնը ի յայտ եկաւ, երբ իր հազուադէպ ջղային վայրկեաններէն մէկուն ընթացքին ան պոռթկաց եւ գրեթէ իր կրկնակի հասակը ունեցող ընկերը ազդարարեց, թէ զայն գետին փռելու աստիճան ջղայնացած է անոր կատակներէն: Այդ ժամանակ էր, որ բարձրահասակ ընկերը խոստովանեցաւ, թէ Վարդան կարողութիւնը ունի այդ մէկը ընելու, որովհետեւ ան ազերիներուն դէմ կռուած մարդ է ու իր «հասակին չափ ալ գետնին տակ ունի»: Ահա այս մէկը Վարդանին հանդէպ իմ տպաւորութեանս երկրորդ հիմնական փոփոխութեան պատճառն էր: Յարգանքս Վարդանի հանդէպ, նահատակի եղբայր ըլլալուն կողքին, ինքնին ազատամարտիկ ըլլալու հանգամանքին համար էր:

Երրորդ եւ հիմնական ապտակը, որ ստացայ Վարդանէն, հասաւ աւելի ուշ` ճամբարին աւարտին յաջորդ օրը: Ի պատիւ գործուղման մասնակիցներուն, ՀՅԴ Չարենցաւանի կոմիտէի անդամները կազմակերպեցին դաշտագնացութիւն մը: Օրուան վերջը, երբ Վարդանին ընկերները հեռուն զբաղած էին, Վարդան կարծես շաբաթներով սրտին մէջ պահած խելացի խօսքերը արձակեց: Ֆետայիի նստուածքով գետեզերքը նստած` Վարդան սկսաւ պատմել պատերազմի իր յուշերէն կարճ դրուագներ: Ան ժիր ու ինքնավստահ ձեւով կը պատմէր ամէն մանրամասնութիւն: Աչքիս առջեւ այլեւս Վարդան այդ անտեսուած ու ծիծաղի առարկայ անձը չէր: Կատաղի բնութեան ձայները արդէն անլսելի դարձան, երբ Վարդան հպարտութեամբ յայտնեց, թէ ինք Պետոյի գումարտակի անդամ եղած է: Երրորդ ապտակը ամէնէն ուժեղն էր: Դիմացս նստած էր մեր անպարտ հրամանատար Պետոյին հետ դժուար օրեր բաժնեկցած, անոր ներկայութիւնը վայելած ու անկէ շատ դասեր սորված համեստ ազատամարտիկը: Հպարտութեան յաղթահարեց յուզմունքը, երբ Վարդան դժուարութեամբ բառերը կրցաւ քով քովի շարել նկարագրելու  Քարվաճառի շրջանի մէջ` Պետոյի խումբէն հեռանալու վերջին  քայլերը: Այդ տեսարանը եղած է Պետոյի վերջին կենդանի պատկերը, որմէ ետք ազատամարտիկները տեսած են Պետոյին անշունչ մարմինը: Արցունքներս կուլ տուի: Ի՛նչ ալ ըսէի, տեղին պիտի չըլլար: Վարդանին մանկական խնդուքը ճեղքեց տիրող երկար լռութիւնը: Խնդուքին յաջորդեց Պետոյին մասին դրուագ մը եւս: Երբ Վարդանի բերնէն ելած բառերուն հետ խառնուած էր անոր խնդուքը, ան պատմեց, թէ օր մը Պետոն, երբ իր  խուցին մէջ նստած էր, ազատամարտիկներէն մէկը ներս մտնելով` պնակ մը կերակուր կը հրամցնէ անոր: Պետոն իր սովորական խոժոռ դէմքը ա՛լ աւելի խոժոռած, առնելով պնակը` ազատամարտիկին երեսին կը նետէ ըսելով, որ ինք երբեք չ’ընդունիր, որ իր զինուորները «ծառայեն» իրեն: Վարդանին յաջորդող խօսքերը, որոնք կը նկարագրէին Պետոն, գրեթէ կրկնութիւն էր: Ներկաները լաւ գիտէին, թէ Պետոն որքան ազնիւ, համեստ, քաջ, խոհեմ եւ հետաքրքիր հրամանատար մըն էր: Վերջապէս, Վարդան յայտնեց, թէ յուլիս-օգոստոս ամսուան ընթացքին Արցախի սահմանի վրայ բուռն բախումները որքան կ՛անհանգստացնէին զինք, եւ ինք իբրեւ նախկին ազատամարտիկ անհամբեր կը սպասէր ճակատ երթալու հրամանին:

Վարդանի խօսքերէն բացի, Պետոյին յիշատակները ա՛լ աւելի դրոշմուեցան մտքիս մէջ, երբ ԶՈՄ-ի գործուղումներու աւանդութիւն դարձած ազատամարտիկի մը ընտանեկան պարագաներուն այցելութիւնը այս տարի զուգադիպեցաւ Պռօշեան շրջանի հերոսներու այցելութիւններուն: Հրաչ Մուրատեանի եւ Կարօտ Մկրտչեանի ընտանեկան պարագաներու այցելութենէն ետք, այցելեցինք Պետոյին ընտանիքին: Այցելութենէն քանի մը օր առաջ իսկ արդէն ես լուռ կ՛ապրէի Պետոյի յիշատակներով եւ անընդհատ կը մտածէի անոնց մասին: Իսկ Պետոյին տունը եղած ատենս Վարդանին նկարագրած պատկերները կը թափանցէին Պետոյի հարազատ տան իւրաքանչիւր անկիւն: Պետոյին խոժոռ նայուածքը կը տեսնէի հարազատներուն աչքերուն մէջ: Պետոյին կեցուածքը կը նմանէր անոր հօր` Արշալոյս հայրիկին կեցուածքին: ԶՈՄ-ական ընկերներու Լիբանան վերադարձէն ետք էր, որ տեղեկացանք, թէ հերոսածին Արշալոյս հայրիկը մահացած է:

Պետոյի տան այցելութեան ամէնէն ազդեցիկ բաժինը Պետոյի նշանաւոր ձիթագոյն գլխարկն էր: Երբ ներկաներուն ուշադրութիւնը Արշալոյս հայրիկին անհանգստութեան վրայ  էր, երեխայի մը նման փախայ այն սենեակը, ուր դրուած էր Պետոյի գլխարկը` մօտէն քննելու համար զայն: Գլխարկին արժէքը Պետոյինը ըլլալուն մէջն էր: Գուրգուրանքով շօշափելէ ետք, մեծ վախով զայն դրի գլխուս  ու աչքերս բարձրացուցի պատէն կախուած Պետոյի նշանաւոր նկարին, որուն մէջ ինք գլխուն ունէր նոյն գլխարկը: Այդ վայրկեանին Պետոն կը խօսէր ինծի: Վերապրեցայ Վարդանի պատմութիւններուն յուզմունքն ու անոր հետ խառն զգացումները: Սակայն քովի սենեակի ներկաներուն անակնկալ բարձր  աղմուկը ընդհատեց Պետոյի եւ իմ միջեւ եղած մտային խօսակցութիւնը: Վախս սաստկացաւ: Շատ արագ իր տեղը դրի գլխարկը ու վազեցի դուրս: Այդ ժամանակ զգացի, որ ներկաներուն խօսած նիւթերը բնաւ հաճելի չէին թուեր, քանի միտքս ու հոգիս ներսն էին` Պետոյին հետ:

Վարդանին աշխարհը յաւելեալ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ ապրումներուս վրայ: Աւելի ուշ, երբ կը մտածէի քանի մը շաբթուան եղածներուն մասին, այն եզրակացութեան հասայ, որ յաճախ լուռ եւ համեստ մարդիկն են, որ կրկնապատիկ գործ կը տանին: Համեստ Վարդանը, որ բոլորին ծաղրանքին առարկայ էր, պոռոտախօսներէն եւ ինքնահաւաններէ շատ աւելի ներդրում ունեցած է ազգային կեանքին մէջ: Պետոն իր համեստութեամբ ու լռութեամբ «թնդացուցած է ձորեր» եւ գրած է իր անմահութեան պատմութիւնը, իսկ անդին` հայկական իրականութեան մէջ «գործիչներ» ներկայիս հանդէս կու գան մի միայն իրենց լաւ շարադրուած խօսքերով: Հետեւաբար կ՛արժէ մտածել, թէ որո՛նք են մեր հիմնական արժէքները: Մենք մեզ միշտ ուրիշներէն բարձր գերադասելու եւ ինքնահաւանօրէն խօսքով ու վարուելակերպով զանոնք ծաղրանքի առարկայ դարձնելու սովորութեան բերումով հաւանաբար մենք հեռու կը մնանք Պետոյին ունեցած մարդկային ու դաշնակցական ազնիւ արժէքները ընկալելէ: Եկէ՛ք` չխաբուինք «պայծառ» երեւոյթներէ ու խօսքերէ եւ սորվինք լուռ ու ազնիւ գործիչներէ: Գործը շատ է եւ կարեւոր է, պէտք է  աշխատինք ու գործենք, բայց մնանք համեստ:  Հետեւաբար, միայն Պետոյին եւ Վարդանին պէս «ազնիւ մտածողը թող գայ» աշխատանքի դաշտ…

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )