Տեսակէտ. Ի Խնդիր Իրական Անկախութեան

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

JH_Mideast Lebanon-1Լիբանան այսօր կը նշէ իր անկախութեան 71-ամեակը քաղաքական սուր լարուածութեան, երկփեղկումի ու տագնապի մթնոլորտի մը մէջ: Խորհրդարանը ամիսներէ ի վեր չէ կրցած հանրապետութեան համար նոր նախագահ մը ընտրել, միւս կողմէ, սակայն, պաշտօնավարութեան առաջին երկարաձգումէն ետք խորհրդարանը երկրորդ անգամ երկարաձգեց իր պաշտօնը` այն պատրուակով, որ երկրին քաղաքական եւ մանաւանդ ապահովական վիճակը թոյլ չի տար, որ բնականոն ընտրական հոլովոյթ մը կիրարկուի երկրին մէջ:

Լիբանանի մէջ քաղաքական լարուածութեան եւ երկփեղկումին պատճառները յայտնի են: Անոնց սկզբնակէտը պէտք է փնտռել 2005 թուականին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ ցնցում յառաջացուցած դէպքին` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան մէջ: Դէպք մը, որ քաղաքական դաշտը բաժնեց երկուքի, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մաս կազմող քաղաքական ուժերը թէեւ հիմնական շատ կէտերու մէջ համամիտ կը ձեւանան ըլլալ նոյն դաշինքին անդամ միւս ուժերուն հետ, սակայն շատ յաճախ ալ յայտնի կ՛ըլլայ, թէ անոնց միջեւ քաղաքական կամ գաղափարական ընդհանուր եզր գոյութիւն չունի: Ահաւասիկ այս երկու քաղաքական հիմնական դաշինքներուն` այսպէս կոչուած Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի դաշինքներուն միջեւ անհասկացողութեան պատճառով է, որ երկրին քաղաքական կեանքը կը գտնուի անել վիճակի մէջ, բայց անշուշտ պիտի չբացառենք նաեւ շրջանային տագնապներու գործօններուն բացասական ազդեցութիւնը լիբանանեան առօրեային վրայ, մանաւանդ որ քաղաքական զոյգ դաշինքներէն իւրաքանչիւրին մաս կազմող հիմնական ուժերը իրենց քաղաքական կապուածութիւնները եւ պայմանաւորուածութիւնները ունին շրջանային մակարդակի վրայ:

Վերադառնանք սակայն մեր բուն հարցին, այն է` արդարացուցի՞չ է այն պատրուակը, թէ որովհետեւ երկրին մէջ ապահովական դրութիւնը այդքան ալ բարւոք վիճակի մէջ չէ, ուրեմն կարելի չէ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել: 2005 թուականէն մինչեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան առաջին երկարաձգումը ապահովական վիճակը ե՞րբ 100 առ հարիւր կայուն էր: Այսուհանդերձ այդ ժամանակաշրջանին ընտրական եւ ժողովրդավարական հոլովոյթները վատ կամ լաւ կը կիրարկուէին բնականոն կերպով: Կացութիւնը այդքան ալ լաւ չէր նաեւ ուրիշ հանգրուաններու, այսուհանդերձ տեղի կ՛ունենային ընտրութիւններ` յարգելով սահմանադրական ժամկէտները: Լիբանանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ միակ ժամանակաշրջանը, երբ ժողովրդավարական հոլովոյթը խափանուեցաւ, այդ ալ` հասկնալի եւ արդարալի պատճառներով, քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանին էր, որովհետեւ իրապէս ստեղծուած էր արտակարգ իրավիճակ, եւ պէտք էր ամէն գնով պահպանել պետութեան կառոյցները` գէթ նուազագոյն մակարդակով:

Իսկ հիմա՞: Հիմա գոյութիւն չունի այդ արտակարգ իրավիճակը, որ կը ստիպէ ժողովրդավարական եւ ընտրական հոլովոյթներուն խափանումը երկրին մէջ: Այո՛, կայ հաւատադրժողական հոսանքի սպառնալիքը, սակայն այդ սպառնալիքը այդքան մեծ չէ, որ խափանէ քաղաքական կեանքին բնականոն ընթացքը: Ուստի պարզ քաղաքացիներուն համար բաւական զարմանալի եւ անհասկնալի է, թէ երկրին քաղաքական վերնախաւը ինչո՞ւ հակաժողովրդավարական որոշումը կայացուց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու իմաստով:

Ըմբռնելու համար կացութիւնը, պէտք չէ բաւարարուիլ միայն երեւութական այն դիտարկումով, թէ այս բոլորին պատճառը այսպէս կոչուած Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուժերուն միջեւ պարանաձգութիւնն է: Պէտք է թափանցել հարցերուն խորքը` գիտնալու համար, որ 1943-էն` անկախութեան առաջին օրերէն ի վեր լիբանանեան վարչակարգը, իր համայնքային դրութեամբ, կ՛ապրի իր ներքին հակասութիւնները: Այս ներքին հակասութիւններն ալ տարբեր հանգրուաններու պատճառ դարձան, որ քաղաքական ուժեր կամ համայնքային ղեկավարութիւններ միշտ ձգտին ունենալու օտար երկիրներու հովանաւորութիւնը, ինչ որ հարցականի տակ կ՛առնէ, թէ իրապէ՞ս Լիբանանը, իբրեւ երկիր, անկախ հանրապետութիւն է: Հարցը աւելի բարդացաւ 2005-ի քաղաքական եւ ապահովական մեծ ցնցումէն ետք, երբ պայմանական հովանաւոր երկիրը` Սուրիան, գործադրելով Թաէֆի համաձայնագիրին համապատասխան կէտերը, իր ուժերը քաշեց Լիբանանէն: Բայց «հովանաւոր»-ին փոխարէն ի յայտ եկան «հովանաւորներ», ինչ որ մեզ հասցուց այս օրուան…

Ինչպէս որ արտաքին հովանաւոր փնտռելը խախտում մըն է անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներուն, նոյնպէս ալ կամայական որոշումներով ժողովրդավարական հոլովոյթները խափանելը խախտում է անկախութեան, ազատ կամքի արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքներուն: Ասոր համար ալ պէտք էր ամէն գնով ընդդիմանալ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման այդ որոշումին, թէկուզ եւ այդ ընդդիմութիւնը ըլլար չնչին` քաղաքական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ: Հոս պէտք է նշել անշուշտ, որ ի պատիւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, անիկա միակ խորհրդարանական խմբակցութիւնն էր, որ խորհրդարանին մէջ արտայայտեց իր ընդդիմադիր կեցուածքը` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին հիման վրայ դէմ քուէարկելով երկարաձգումի որոշումին: Կեցուածք մը, որ արժանացաւ լիբանանեան քաղաքացիական հասարակութեան եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման դէմ պայքարող շրջանակներուն դրուատանքին: Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքը կարեւոր էր նաեւ այն իմաստով, որ անիկա մէկ քայլ առջեւ էր երկարաձգումին ընդդիմացող խորհրդարանական այլ խմբակցութիւններու կեցուածքէն, որով անոնք բաւականացան միայն խորհրդարանի համապատասխան նիստը պոյքոթի ենթարկելով:

Եթէ կ՛ուզենք, որ այս երկիրը իրապէս անկախ երկիր դառնայ ու ամրապնդուի անկախութիւնը անոր մէջ, ապա խորհրդարանական վարչակարգի մէջ ընտրութիւններու միջոցով իշխանութեան հերթափոխութեան սկզբունքը անձեռնմխելի պէտք է ըլլայ: Վերջ ի վերջոյ այս երկիրը կառուցուած է խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգի հիման վրայ, եւ որեւէ խախտում այս սկզբունքին, խախտում է այն հիմքերուն, որոնց վրայ ստեղծուած է լիբանանեան գոյացութիւնը: Իշխանութեան հերթափոխութեան պահպանումը այն երաշխիքներէն մէկն է, որ պիտի ապահովէ երկրին քաղաքական կեանքին զարգացումը` հասնելով ոչ համայնքային, քաղաքացիական պետութեան հիմնումին: Իրապէս այս երկիրը արժանի է աւելի լաւին, քան ինչ որ գոյութիւն ունի ներկայիս: Ա՛լ կացութիւնը չի դիմանար յաւելեալ արիւնահեղութեան ականատես դառնալու իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը` համայնքային ներքին հակասութիւններուն պատճառով: Քաղաքացիական, աշխարհիկ պետութիւնը երաշխիքն է իրական անկախութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )