Պողազիչի Համալսարանին Մէջ 2015-ի Մասին Աշխատաժողով. «Հայերն Ալ, Թուրքերն Ալ Կը Վախնան 2015-էն»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1125_Bogazici UniversityՊողազիչի համալսարանն ու ԹԻՒՍԻԱՏ հիմնարկը Պողազիչի համալսարանի մէջ միասնաբար կազմակերպեցին 1915-ի ողբերգութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ աշխատաժողով մը, որուն նպատակն էր քննարկել 100-րդ տարելիցին իմաստը, յիշողութիւնը եւ քաղաքականութիւնը: Աշխատաժողովի հանդիսավարն էր Պողազիչի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Հաքան Եըլմազ, զեկուցեցին Պենթլի համալսարանի դասախօս, պատմաբան Ասպետ Գոչիկեան, Փարիզի ՓՕ գիտութիւններու համալսարանի դասախօս Միշէլ Մարիան եւ Երեւանի Համաշխարհայնացման եւ շրջանային գործակցութեան կեդրոնի տնօրէն Ստեփան Գրիգորեան: Աշխատաժողովին բացումը ԹԻՒՍԻԱՏ-ի անունով կատարեց ԹԻՒՍԻԱՏ-ի վարչութեան անդամ, վաստակաւոր դեսպան Վոլքան Վուրալ: Վոլքան Վուրալ ըսաւ, որ ԹԻՒՍԻԱՏ կը մերժէ գործածել ցեղասպանութիւն բառը, որովհետեւ ատիկա քաղաքական հասկացողութիւն է:

«1915-ի հայկական տեղահանութիւնը կը ճանչնանք ու կը հասկնանք: Այս խնդիրը պէտք է դիտուի որպէս մարդկութեան հարց: Որպէսզի խնդիրը գտնէ ճշգրիտ լուծում, պայման է, որ Թուրքիա եւ Հայաստան միասնաբար քալեն», ըսաւ Վոլքան Վուրալ:

Առաջին ելոյթ ունեցողը եղաւ Ստեփան Գրիգորեան, որ խօսեցաւ Հայաստանի ժողովուրդին այն ակնկալութիւններուն մասին, որոնք կը վերաբերին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւման եւ 1915-ի ճանաչման: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի ժողովուրդը գործընթացի նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուց, երբ Ապտիւլլա Կիւլի եւ Սերժ Սարգսեանի ձեռնարկած գործընթացը ընդհատուեցաւ: Իսկ Փարիզի ՓՕ համալսարանի դասախօս Միշէլ Մարիան, որ միաժամանակ փրոֆ. Ահմեթ Ինսելի հետ միասին գրած է «Երկխօսութիւն` հայկական թապուի մասին» խորագրեալ գիրքը, իր զեկուցումին մէջ ըսաւ, որ 2015 թուականը գագաթնակէտ մը պիտի ըլլայ թէ՛ հայերու եւ թէ՛ թուրքերու համար, եւ երկու կողմերն ալ կը վախնան այս թուականէն: Թրքական կողմը կը վախնայ այն ձայներէն, որոնք պիտի բարձրանան 2015-ին, իսկ հայերը կը վախնան, որ 2015-ին ալ պիտի չկարենան գոհացում գտնել եւ որեւէ շահ պիտի չունենան 2015-էն:

Միշէլ Մարիան ըսաւ, որ հայերը զգացական կապ մը կը գտնեն ցեղասպանութիւն բառին մէջ եւ այդ պատճառով կը պնդեն այս բառին վրայ: Եթէ նայուի պատմութեան, կը տեսնուի, որ թուրքերն ու հայերը ունին յիշողութիւններ, որոնք թէ՛ զուգահեռ են իրարու եւ թէ՛ կը տարբերին իրարմէ: Սկզբնական շրջաններուն երկու կողմերն ալ մոռնալու հակամէտ էին, բայց Բ. Աշխարհամարտէն ետք երեւան եկաւ ցեղասպանութեան հասկացողութիւն մը, եւ երբ թրքական կողմը սկսաւ մերժել, յիշողութիւնները սկսան տարբերիլ իրարմէ:

Վերջին զեկուցողն էր Պենթլի համալսարանի դասախօս Ասպետ Գոչիկեան, որ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու հայկական սփիւռքին պատմութենէն եւ պահանջներէն: Ան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար գործածեց «կորսուած առիթներու պատմութիւն» բացատրութիւնը: «Եթէ տասը տարի առաջ թուրք կառավարութեան խորհրդականը ըլլայի, կը յանձնարարէի, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչնան, որովհետեւ այն ատեն սփիւռքահայութիւնը չէր գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք էր ընէր, բայց հիմա գիտէ, սփիւռքահայութիւնը ծրագրուած յայտագիր ունի այլեւս:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )