«Հիլըրի Քլինթընը Հրաշալի Նախագահ Պիտի Ըլլար» Կ՛ըսէ Օպամա

1124_HILARY

Հիլըրի Քլինթըն

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Հիլըրի Քլինթըն պիտի համապատասխանէր Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին:

Օպամա նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարելու չորս տարիներէն ետք (2009-2013) Քլինթընէն «տպաւորիչ թեկնածու» եւ «հրաշալի նախագահ» պիտի ստացուի:

Օպամա նաեւ նշած է, որ կան դեմոկրատական թեկնածուներու քանի մը հաւանական անուններ, որոնցմէ յաջող նախագահներ պիտի ստացուին, եւ որ անոնք բոլոր ջանքերը պիտի գործադրեն 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն մէջ, որպէսզի յաղթէ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:

Այսօր Քլինթընին կը վստահի ամերիկացիներուն 69 առ հարիւրը, 59 առ հարիւրին կարծիքով ան նոր գաղափարներ պիտի առաջարկէ` Միացեալ Նահանգներու ապագային վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ յաջորդ նախագահական ընտրութիւնները նախատեսուած են 2016-ին, սակայն նախընտրական արշաւը արդէն պիտի սկսի 2015-ին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )