Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Հանդիպում Հայաստանի Մէջ
Իրանի Դեսպան Ռէյիսիի Հետ

1113_aderbadaganՆոյեմբեր 13-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Երեւանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ  Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Ռէյիսիի հետ:

Առաջնորդական իր ընտրութենէն ետք առաջնորդ սրբազանին առաջին այցելութիւնն էր: Խօսուեցաւ հայ-իրանական յարաբերութիւններու սերտացման եւ մասնաւորապէս Ատրպատականի մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպատականի հայոց թեմի մշակութային ժառանգութեան` վանքերուն ու բազմաթիւ եկեղեցիներուն, որոնք որպէս քրիստոնէական հաւատքի կեդրոններ` երկու կրօններու միջեւ երկխօսութեան լուռ պատգամ հանդիսացած են դարեր շարունակ:

Դեսպան Ռէյիսի, որ յայտնի է արդէն իր հայասէր նկարագրով, դրուատիքով անդրադարձաւ իրանահայ համայնքին դրական ներկայութեան երկրին եւ յատկապէս Ատրպատականի մէջ:

 

Յունաստան

Հայոց Պետականութեան Կերտիչ Արամ
Մանուկեանի Ծննդեան 135-Ամեակի Նշում

1123_hounasdan1123_Mihran-Kurdoghlian23 նոյեմբերի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց պետականութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Հանդիսաւոր եւ բազմամարդ տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի եւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի համագործակցութեամբ:

Ձեռնարկին նախագահեց Օննիկ Խաչիկեանը, որ  շնորհակալութեան եւ հպարտութեան զգացումներով անդրադարձաւ Արամ Մանուկեանի կենսագրական գիծերուն, իր հարուստ գործունէութեան, շեշտելով Արամ Մանուկեանի դերը հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադրութեան մէջ:

Յաջորդաբար խօսքը փոխանցուեցաւ օրուան բանախօս Միհրան Քիւրտօղլեանին, որ ներկայացուց արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչ` Արամ Մանուկեանի ինքնուրոյն տիպարը` կեդրոնանալով անոր նկարագրային ու գաղափարապաշտ յատկութիւններուն վրայ:  Թէեւ կարճ էր կեանքը անզուգական Արամին, բայց այնքան բեղուն եղան իր տարիները, որ յաջողեցաւ ազգային ղեկավարի դերը ստանձնել ու ժողովուրդը առաջնորդել Հայաստանի անկախութեան կերտման, հաստատեց ան:

Մթնոլորտը խանդավառեց եւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ երգիչ Կարօ Պարտաքճեան: Հանդէս եկան նաեւ երեք խոստմնալից պարմանուհիներ` Սուլա Պարտաքճեան, Անի Մանուկեան եւ Մարիաննա:

Ցուցադրուեցաւ նաեւ վաւերագրական ժապաւէն մը` «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստութեամբ:

Յունաստանի Համազգայինի
19-
րդ Շրջանային Ժողովը

1109ATHENSՅունաստանի Համազգայինի 19-րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ կիրակի, 9 նոյեմբերին: Նիստը բացուած յայտարարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յովսէփ Պարազեան, Աթէնքի, Քոքինիոյ եւ Սերեսի պատգամաւորներու, պարի միաւորի, թատերախումբի պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու 19 իրաւասու եւ յաւելեալ խորհրդակցական ձայնով մասնակիցներու ներկայութեան:

Ժողովէն կը բացակայէին Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Քերոբ Էքիզեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան կողմէ Արա Մանկոյեան, ՀԿ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ Նորա Քիւրտօղլեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ Խաչիկ Մինասեան, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Ռազմիկ Էրջենեան եւ Մարալ Գույումճեան ու «Ազատ օր»-ի խմբագիրը:

Ժողովական ընթացիկ դասաւորումներէ ետք կարդացուեցաւ Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տեղեկագիրը:

Օրակարգերու քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ կազմակերպական ուժեղացման եւ մշակոյթի տարածման ծրագիրներով առաջնորդուելու հրամայականը:

Ժողովը աւարտեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմի ընտրութեամբ: Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալները` Յովսէփ Պարազեան, Յովիկ Պապօղլեան, Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, Էտկար Էկեան, Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Վազգէն Յարութիւնեան (հեռանիստ), Նուարդ Ղալիլէա (հեռանիստ):

 

Ֆրանսա

Քրիստսփոր Միքայէլեանի Մասին
Արա Գրիգորեանի Գիրքին Ներկայացումը
Շաւիլի Մէջ

1107_FranceՈւրբաթ, նոյեմբեր 7-ին, Փարիզի մերձակայ Շաւիլ շրջանի եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը եկեղեցւոյ «Պալապանեան» սրահին մէջ կ՛ընդունէր Հայ դատի նուիրեալ Արա Գրիգորեանը, իր վերջին աշխատասիրութեան` Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին եւ գործին նուիրուած գիրքին լոյս ընծայման առթիւ: Գիրքը կը բաղկանայ երկու հատորներէ. առաջինը յատկացուած է յեղափոխական գործիչ, ՀՅԴ-ի հիմնադիր Քրիստափորի կենսագրութեան, իսկ երկրորդը տեսակ մը «բառարան» է` առաջինին մէջ նշուած շուրջ 500 անուններու կենսագրականներով:

Երեկոյթին բացումը կատարեցին Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Ժաք Փանոսեան եւ մշակութային պատասխանատուն Հրայր Հրաչեան, որոնք երկուքն ալ յիշատակներ պատմեցին հեղինակին հետ իրենց ունեցած բարեկամութենէն: Ապա Արա Գրիգորեան մանրամասնօրէն պատմեց, թէ ինչպէ՛ս վեց տարիներ առաջ առիթ մը ունեցած էր աւելի մօտէն ծանօթանալու իր իսկ կուսակցութեան հիմնադիրին պայծառ դէմքին եւ որոշած է անոր նուիրել ուսումնասիրութիւն մը: Ատիկա պահանջած է շուրջ 50,000 էջերու ընթերցում ֆրանսերէն, հայերէն` նաեւ դժուարին խորհրդային ուղղագրութեամբ: Եւ արդիւնքը այսօրուան այս երկու հատորներն են իրենց 500 էջերով (320 եւ180), որոնց ընդմէջէն կը յայտնուին դաշնակցական այս գործիչին լայն մտասեւեռումները եւ լայնախոհութիւնը, որոնք անոր ապահոված են մեծ յարգանք, նոյնիսկ` քաղաքական իր հակառակորդներէն:

Քրիստափոր Միքայէլեան ծնած է Ագուլիս, Նախիջեւանի Գողթն գաւառին մէջ, 1859-ին: Կանուխէն որբացած` ան խորապէս պիտի ազդուէր 1885-ին Ալեքսանտր Գ. ցարին կողմէ Կովկասի հայկական բոլոր դպրոցները փակելու որոշումէն: Այնուհետեւ, ան իր կեանքը պիտի նուիրէր իր ազգի ազատագրումի պայքարին` զայն փրկելու համար ցարական ճնշումներէն եւ օսմանեան լուծէն. 1890-ին Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) եւ Սիմոն Զաւարեանի հետ պիտի հիմնէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս արդար դատը Եւրոպայի մէջ լսելի դարձնելու համար Ֆրանսայի մէջ ալ պիտի ստեղծուէր «Փրօ Արմենիա» շարժումը, որուն նախագահութիւնը պիտի ստանձնէր իր բարեկամը` Փիեռ Քիյարը, ապա պիտի հիմնուէր «Դրօշակ» թերթը` տարածելու համար կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը:

1904-ին, կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին կ՛որոշուի պատժել Ապտիւլ Համիտ Բ.ը, որ 1896 եւ 1897-ին 300,000 հայերու սպանութեան պատասխանատուն էր: Այդ մահափորձի պատրաստութիւններուն ընթացքին է, որ Քրիստափոր կը նահատակուի 1905 մարտ 5-ին` որպէս հետեւանք իր պատրաստած ռումբին արկածով պայթումին: Իր շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ:

Տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք այս գործէն կը յայտնաբերենք իսկապէս եզակի անձնաւորութիւն մը, որ ինչպէս եզրակացուց Արա Գրիգորեան, «եթէ այսօր ապրէր, պիտի կարենար կարգել հուրն ու ջուրը»:

Երեկոյթը վերջ գտաւ քանի մը հարցումներով, ապա զրոյցները շարունակուեցան բարեկամական բաժակներու շուրջ, մինչ հեղինակը կը մակագրէր իր գիրքը:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Ասպարէզ-ի 106-րդ Տարեդարձի Նշում

1120asbarez1711120asbarez231Հինգշաբթի, 13 նոյեմբերին, «Ասպարէզ»-ի 250 բարեկամներ հաւաքուած էին «Ֆինիշիա» ճաշարանը` միասնաբար նշելու թերթի 106-րդ տարեդարձը:

Մթնոլորտը մտերմիկ էր` շնորհիւ ճաշարանին շնորհած պայմաններուն, ոչ պաշտօնական յայտագիրին, Վահէ Պէրպէրեանի ասպարէզեան կեանքէն առնուած անմիջական ու անկաշկանդ կատակախօսութեան (ինչպէս միշտ), Արա Տապանճեանի ու ընկերներուն մատուցած երաժշտութեան:

Թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրները խօսեցան իրենց նոր ծրագիրներուն մասին, որոնց սատար կանգնողները, այսինքն` ներկաներն ու այդ օրը «Ասպարէզ»-ի ընտանիքին հետ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող բազմահարիւր այլ հայրենակիցներ, ոչ թէ կ՛աջակցին թերթին, այլ, ինչպէս բնութագրեց անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատրեան` «ներդրում կը կատարեն» մեր համայնքի ապագային ի խնդիր:

Հայերէն բաժինի խմբագիր Աբօ Պողիկեան կարդաց թերթի տարեդարձին առիթով նուիրատուութիւններ կատարողներու անուանացանկը: Երեկոյին ընթացքին եղան յաւելեալ նուիրատուութիւններ` օրուան հասոյթը հասցնելով 65,000 տոլարի:

Աւարտին հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը:

Հայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու
Ցուցադրութիւն

1114_exhibitionՆախաձեռնութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան,  14-16 նոյեմբերին Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ հայ գեղանկարչութեան ու կերպարուեստի դասական ու ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս: Ձեռնարկին  պատկերասրահի հիմնադիր, նկարիչ Յովիկ Քոչինեան ներկայացուցած էր իր հաւաքածոյէն մօտ յիսուն հայ նկարիչներու գործեր: Յովիկ Քոչինեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները միայն կտաւներ կամ գծանկարներ չեն, այլ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մասնիկն է անհատականութեան հոգեւոր աշխարհի մը:

Անդրադառնալով ցուցահանդէսի նպատակին` Համազգայինի  Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան յայտնեց, որ նման ձեռնարկներու միջոցով կ՛ուզեն ներկայացնել ու աջակցիլ նաեւ հայ ժամանակակից գեղանկարիչներուն:  Ան նաեւ յայտնեց, որ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կեդրոնը շուտով պիտի վերածուի արուեստի ակադեմիայի, ուր պիտի դասաւանդուին նկարչութեան,  քանդակագործութեան, բրուտագործութեան դասընթացներ բոլոր տարիքներու համար:

Ֆեթհիէ Չեթինի Այցելութիւնները

1114_prelacyՑեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակման մարմինին հրաւէրով, Լոս Անճելըս իր այցելութեան առիթով, թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին 14 նոյեմբերին այցելեց Ազգային առաջնորդարան:

Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ողջոյնի խօսք արտասանեց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի մարմինին մօտ Ազգ. առաջնորդարանի ներկայացուցիչ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան: Ան յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազանը այս օրերուն Հայաստան կը գտնուի Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցող Եպիսկոպոսաց ժողովին մասնակցելու համար, իսկ այդ ժողովին օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն էին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումն ու հայութեան պահանջատիրութեան հետապնդումը: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հրանդ Տինքի եւ մարդկային իրաւունքներուն վերաբերեալ դատերու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթինի աշխատանքին մասին եւ առաջնորդ սրբազանին կողմէ մակագրուած գիրքեր, իբրեւ յուշանուէր, յանձնեց անոր:

Ազգ. վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան իր խօսքին մէջ նկատեց, որ անձի մը ու անոր աշխատանքին մասին երկարօրէն լսելէ ետք, անոր հետ ուղղակի հանդիպում ունենալը տարբեր հանգամանք կը ստանայ եւ առիթ է խօսակցելու մարդկային ու հասարակական հարցերու մասին: Ան հաստատեց, որ երբ հայութիւնը կը պատրաստուի յիշատակելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այդ յիշատակումը նաեւ ընդհանուր արդարութեան հետամտութիւն է:

Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նաեւ խորհրդանշական իմաստ ունի` աւելցնելով, որ Ֆ. Չեթին արդարատենչութեան հարցերը իրաւական գետնի վրայ հետապնդող առաջիններէն է, եւ որ ինք անձամբ ծանօթ է հիւր իրաւաբանին մօտիկ շրջանակի մարդոց, որոնք Թուրքիոյ մէջ քաջաբար առաջ կը տանին արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Եագուպեան գնահատանք արձանագրեց Չեթինի յանդուգն ու վտանգներ յանձն առնող աշխատանքներուն համար:

Ապա խօսք առաւ Ֆեթհիէ Չեթին, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան ու անկէ բխող հարցերուն` ան հաստատեց, որ անոնք իրաւական հարցեր են, եւ ինք կ՛աշխատի անոնց լուծման ի խնդիր: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք այս ծիրին մէջ կը դիմեն իրեն: Ակնարկելով Էրտողանի կողմէ հայութենէն ներողութիւն խնդրելու արտայայտութեան` ան նկատել տուաւ, որ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, ո՛չ ալ պէտք է այս հարցը քաղաքական գործիքի վերածել, այլ անհրաժեշտ է, որ յանցաւորը ընդունի իր յանցանքը, ունենայ ամօթի զգացում, Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ ցարդ արձանագրուած սխալ տեղեկութիւնները ճշդուին ու ճշմարտութիւնը տեղ գտնէ հոն, եւ վերջապէս, Ցեղասպանութեան զոհերու զաւակները, թոռներն ու ծոռները արդար հատուցում ստանան ստացուածքի եւ այլ կորուստներու դիմաց:

Չեթին ըսաւ, որ այս առաջադրանքներու իրականացման համար ինք կարելին պիտի ընէ. պէտք է իրականացնել այն, ինչ կարելի է ու հասանելի:

1114_shamlian* Նոյն օրը Չեթին այցելեց Շամլեան ազգային վարժարան, ուր մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններու աշակերտներուն հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )