Նախագահ Սարգսեան Եւրոպացի Դեսպաններուն Հետ Հանդիպման Ընթացքին Անդրադարձած Է Ուղղաթիռի Դէպքին

1126_yevrobaՆախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային ճաշ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայան Հրիսթէայի հետ:

Նախագահին մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան դեսպաններուն հետ խօսած է Հայաստանի  արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մասին` անդրադառնալով Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն օրակարգային հարցերուն եւ  համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին, Եւրասիական տնտեսական միութեան  Հայաստանի անդամակցութեան, շրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

«Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներն ու խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը, անդրադարձած է այդ հոլովոյթին մէջ Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան եւ հոլովոյթը վտանգի տակ դնող սադրիչ գործողութիւններուն, որոնցմէ վերջինը Արցախի սահմանագիծին վրայ ազրպէյճանական զինեալ  ուժերուն կողմէ վարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի կործանման միջադէպն է», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )