Հալէպահայ Կեանք. Միջդպրոցական Արտասանական Մրցումը Ի Մի Բերաւ Հալէպահայ Վարժարաններու Պատանի Ներկայացուցիչները

ԼԵՒՈՆ  ՇԱՌՈՅԵԱՆ  

Աւանդութիւնը այս տարի ալ յարգուեցաւ: Թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ տարիներէ ի վեր անխափան կազմակերպուող միջդպրոցական արտասանական մրցանքը դարձեալ կայացաւ` ի մի ժողվելով հալէպահայ մեր վարժարաններէն ընտրուած պատանի դպրոցականներու խումբ մը եւ անոնց շրթներուն վրայ ապրեցնելով հայ բանաստեղծութեան ընդարձակ պարտէզէն ընտրուած երփներանգ ու բուրումնաւէտ ծաղիկներ:

Արդարեւ, 23  նոյեմբեր, կիրակի յետմիջօրէին, բոլոր անոնք, որոնք համախմբուեցան Հալէպի «Եկաւեան մատենադարան»-ի սրահին մէջ եւ հետեւեցան մրցանքի յաջորդական փուլերուն, գէթ պահ մը մոռցան իրենց առօրեան թունաւորող պատերազմական գորշ մթնոլորտը ու ատոր փոխարէն` նոյնացան մեր բանաստեղծներուն երազային աշխարհին հետ…

Միւս կողմէ, կրկի՛ն ուշադրութեան առարկայ դարձան մեր դպրոցները, որոնք ինչ-ինչ դժուարութիւններու կուրծք տալով` կը շարունակեն խմորել սերունդ մը, որ թէ՛ կրնայ խանդավառուիլ հայ բանաստեղծութեամբ, թէ՛ ալ կրնայ խանդավառել:

Հալէպահայ հինգ երկրորդական վարժարաններն ալ բերած էին իրենց մասնակցութիւնը, իւրաքանչիւրը` երկու մասնակիցով: Հնգանդամ դատական կազմ մըն ալ` բոլոր դպրոցներէն ներկայացուցիչներով, պիտի արժեւորէր արտասանութիւնները եւ ըստ այնմ գնահատէր զանոնք:

Մասնակիցները պիտի արտասանէին երկու բանաստեղծութիւններ, մին` պարտադիր կտոր մը (Վահան Թէքէեանի «Յոյսեր, մեծ յոյսեր»-ը), միւսը` ընտրովի:

Ընտրովի կտորներ ընտրուած էին հալէպաբնակ Վերա Գալեմքերեան-Պոսնոյեանի «Հալէպ» խորագրեալ չափածոյ մէկ գործը, Միքայէլ Նալբանդեանի «Երգ ազատութեան»-ը, Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը, Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը, Կապուտիկեանի «Ընդդիմախօսութիւն»-ը, Իգնա Սարըասլանի «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք»-ը, Վահագն Դաւթեանի «Ներբող մայրենի երգի»-ն, Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն»-ն ու «Յոյսի համար»-ը եւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն»-ը:

Ունկնդրեցինք մեր դպրոցականները հաճոյքով: Բնականաբար կային յաջող եւ նուազ յաջող ելոյթներ:

Դատական կազմը յայտարարեց իր արժեւորումները. առաջնութիւնը կը խլէր Կիլիկեան ճեմարանէն Նազօ Նազարեան, Բ. մրցանակը` ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան կեդր. վարժարանէն Նուէր Ներսէսեան, Գ. մրցանակն ալ` Հայ աւետ. Բեթէլ վարժարանէն Լուսինէ Սազեան:

Մրցանակակիրներուն քաջալերական պարգեւներ կը յանձնուէին Թէքէեան մշակութային միութեան անունով:

Շարունակ կ՛ըսուի, կը պնդուի, թէ հակառակ եռամեայ պատերազմին ու անապահովութեան` Հալէպ դեռ կը շնչէ, դեռ «գործ» կը տեսնէ:

Սխալ չէ:

Երէկ, երբ հալէպահայ մեր աշակերտները քերթուածներ կ՛արտասանէին ԱՊՐՈՂ ԳՐՈՂՆԵՐ Իգնա Սարըասլանէն (Պոլիս) կամ Ժագ Յակոբեանէն (Լոս Անճելըս), մեր այս սիրելի բանաստեղծներուն ականջներուն մէջ բզզիւն մը չէ՞ր յառաջանար…:

 

Հալէպ
Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )