Համաստեղ (Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966). Սփիւռքահայ Գրականութեան «Սպիտակ Ձիաւորը»

Ն.

1128HamasdeghՆոյեմբեր 26-ին մեր ժողովուրդը կ՛ոգեկոչէ տիպար հայու ներշնչող օրինակը Համաստեղի, որ իր գրական ժառանգութեամբ ամբողջ սերունդներ կապեց հայրենի հողին, հայոց ազգային յիշողութեան եւ հայու արժանաւորութեան:

Շուրջ յիսուն տարի անցած է Համաստեղի մահէն ասդին, բայց որքան ժամանակը թաւալի, այնքան ընթերցողին աչքին կը պայծառանայ դէմքը գրեթէ գիւղագիր կոչուելու արժանի Համաստեղի, որ Հայաստան աշխարհէն վերցուց հայրենի հողին կապուած հայ մարդու հարազատ եւ անխառն կերպարը, զայն նետեց ամերիկեան բազմազգեան ովկիանոսին մէջ ու յաջողեցաւ, ազգերու ձուլման հարթիչ գլանին տակ անգամ, հայօրէն ապրելու գաղտնիքն ու խորհուրդը իբրեւ գերագոյն արժէքի կտակել բոլոր ժամանակներուն:

1966-ի նոյեմբեր 26-ին, Քալիֆորնիոյ մէջ իր ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, երբ օրուան եզրափակիչ ելոյթը կ՛ունենար` բեմին վրայ, յանկարծամահ եղաւ հայ հողին ու գիւղին, հայ գիւղացիին եւ պարզ ու վճիտ հայկականութեան մեծանուն երգիչը:

Յետեղեռնեան շրջանի հայ ժողովուրդին տարագիր բազմութիւնները, աշխարհի ո՛ր ծագին ալ յայտնուած ըլլային, հայրենի իրենց արմատներուն եւ ազգային յիշողութեան տէր կանգնելու ամէնէն հարազատ եւ վաւերական կանչը ստացան Համաստեղի գրականութենէն:

Տարեց թէ պատանի, հայրենամերձ գօտիները ինկած թէ հեռաւոր ափեր տարտղնուած հայու բեկորները իրենց սրտին երգը, մտքին լոյսը եւ հայկականութեան համն ու հոտը գտան Համաստեղի բանաստեղծութիւններուն եւ պատմուածքներուն մէջ: Սիրեցին ու կապուեցան անոր եւ, իրերայաջորդ սերունդներով, հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական տաղանդի պատուանդանին արժանացուցին Համաստեղը:

Աւազանի անունով Համբարձում Կէլէնեանն էր Համաստեղ: Ծնած էր Խարբերդի մեծ գիւղերէն Փերչէնճի մէջ, 1895-ին: Ինչպէս որ հետագային իր ինքնակենսագրութեան մէջ Համաստեղ պիտի շեշտէր, Փերչէնճի հողն ու երկինքը, մարդիկն ու անասունները իրենց նմանը չունէին որեւէ այլ տեղ. իւրայատուկ եւ անկրկնելի էին…

Գիւղական դպրոցը աւարտելէ ետք Համաստեղ իր ուսումը ստացաւ Խարբերդ նահանգի մեծ քաղաքներէն Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ` աշակերտելով հայ գիւղագրութեան հիմնադիրներէն Թլկատինցիի եւ հայ բանաստեղծաշունչ արձակի վարպետներէն Ռուբէն Զարդարեանի, որոնք Համաստեղի մէջ ցանեցին արգասաբեր սերմերը նրբաճաշակ հայերէնի եւ բարձրորակ գեղարուեստի:

1128hamastex-233x3001911-ին աւարտեց Կեդրոնականը, տարի մը ուսուցչութիւն ըրաւ իր ծննդավայրի գիւղական դպրոցին մէջ եւ 1913-ին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` միանալու համար տարի մը առաջ հոն պանդուխտ գացած հօրը: Այնուհետեւ մինչեւ մահ Համաստեղծ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց Նիւ Եորքի մէջ, որուն բազմազգեան մեծ քաղաքի խայտաբղէտ ու խաժամուժ մթնոլորտը չկրցաւ կլանել հայրենի հողին ու ջուրին, հայ գիւղացիին եւ անոր պարզ ու վճիտ բարութեան պաշտամունքով եւ անմար յիշողութեամբ բաբախուն Համաստեղի սիրտն ու միտքը:

Ինչպէս որ իր մտերիմները եւ կենսագիրները կը վկայեն, նոյնինքն Նիւ Եորքի մէջ Համաստեղ ստեղծեց ի՛ր «Հայաստան»-ը, տան պարտէզը մշակեց եւ հողագործութիւնը դարձուց կեանքի վայելքներէն մէկը: Գտաւ նաեւ իր աշխարհայեացքն ու հայու յուզաշխարհը լիովին կիսող կեանքի ընկերը` Սրբուհի Համաստեղը, որուն հետ աւելի քան երեսուն տարի իրենց կեանքը լեցուցին հանրանուէր գործունէութեամբ` իրենց երկու դստրերուն ալ վարակելով հայաշունչ առօրեայով:

Համաստեղի գրական տունը դարձաւ Պոսթընի «Հայրենիք»-ը, որուն էջերուն` օրաթերթ եղած ժամանակ, 1917-ին, լոյս տեսան Համաստեղի առաջին բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները: Իսկ 1922-էն ետք, երբ Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ սկսաւ «Հայրենիք ամսագիր»-ի հրատարակութիւնը, Համաստեղ դարձաւ անոր մնայուն աշխատակիցը` միաժամանակ ամէնէն աւելի կարդացուող ու փնտռուած ստորագրութիւնը:

Ինչպէս որ իր գրականութեան մէջ իրաւ արժէքներու անդաւաճան փարած հեղինակը մնաց, այնպէս ալ ազգային-հանրային կեանքի մէջ, երիտասարդ իր տարիքէն, Համաստեղ եղաւ Դաշնակցութեան հաւատաւոր գործիչներէն, որ իր լայնախոհութեամբ եւ ազնուականութեամբ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ նաեւ հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ միջկուսակցական վէճերն ու հակադրութիւնները անշնչելի դարձուցած էին ամերիկահայ իրականութիւնը:

Համաստեղ անխոնջ ստեղծագործող էր եւ «Հայրենիք»-ներու թէ հայ մամուլի այլ պարբերականներու էջերուն լոյս տեսած իր գործերը աւելի քան եօթը մեծադիր հատորներ կը կազմեն: Իր առաջին գործերը` «Գիւղը», «Անձրեւ»ը եւ «Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ» հատորները 1920-ականներու վերջերուն արդէն հրատարակուած էին` հետագային արժանանալով մէկէ աւելի վերահրատարակութեանց:

Իր մեծագոյն երազն էր ամբողջացնել 1920-ականներուն սկսած «Սպիտակ Ձիաւորը» երկհատոր վէպը, որ 1950-ականներու վերջերուն իրականութիւն դարձաւ: Բանաստեղծական իր ժառանգութեան յիշարժան գործերը կը հանդիսանան «Այծետոմար» եւ «Աղօթարան» հատորները: Իսկ իր կեանքի վերջալոյսին, ծննդեան 70-ամեակի յոբելեանին առիթով, Համաստեղ ամբողջացուց եւ «Համազգային»-ը լոյս ընծայեց «Առաջին սէրը» վիպակը:

Պէտք է կարդալ եւ ըմբոշխնել Համաստեղի գրականութիւնը` լիարժէք պատկերացում կազմելու համար հայ գրականութեան այս անզուգական ասպետին արժանաւորութեան մասին:

Համաստեղի տարաբախտ վախճանը արագացաւ, երբ 1965-ի մարտին կորսնցուց իր կեանքի ընկերը` Սրբուհին, որուն մահուան պատճառած վիշտը ուղղակի հիւանդացուց Համաստեղի սիրտը: Արդէն քանի մը անգամ թեթեւ ուժգնութեամբ սրտի կաթուածներ անցուցած էր այնուհետեւ, երբ յոբելինական տարուան հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուելու համար շրջագայեցաւ տարբեր նահանգներ, մինչեւ որ նոյեմբեր 26-ին, Քալիֆորնիոյ յոբելինական հանդիսութեան աւարտին, բեմին վրայ իր արտասանած խօսքը չկրցաւ ամբողջացնել եւ այդպէս յանկարծակի վերջին հրաժեշտը տուաւ իր պաշտած ժողովուրդին, որ իր կարգին` անխառն պաշտամունքով սիրեց ու փարեցաւ Համաստեղի գրականութեան:

Համաստեղի յիշատակին գրուած ամէն վկայութեան աւարտին անպայման պէտք է յիշել նաեւ անոր ներշնչման վարար աղբիւր հանդիսացած ՍԷՐը, որ Սրբուհի Համաստեղ կը կոչուէր, եւ որուն նուիրուած է սփիւռքահայ գրականութեան «Սպիտակ ձիաւոր»-ին անմահ քերթուածը` «ՀԱՅՈՒ ՈԳԻՆ».-

Հայու Ոգին

Նուէր Սրբուհի Համաստեղին
Մի հարցնէք ի՞նչ է, ո՞ւր է,
Ո՞ւրկէ կու գայ Հայու ոգին:
Ինչպէս արեւն է հուրհրան,
Ինչպէս կանանչն է դաշտերուն,
Ա՜յ ճիշդ այդպէս, ամէն տեղ է
Հայու ոգին:
Մեր հովերուն, մեր լեռներուն
Մեր դաշտերուն հոսող առուի
Կանչին հետն է
Հայու ոգին:
Մեր դաշտերու հովը որ կայ, մեղեդի՛ է.
Մեր ձայնաւոր աղբիւրները, ըսես` սաղմոս ու շարական:
Երդիքներէն, բուրվառ ու վառ թոնիրներէն
Ջերմ աղօթքի ու խունկի պէս դէպի երկինք`
Կապոյտ ծուխն է
Հայու ոգին:
Մի հարցնէք, ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ր ճամբով:
Եկած է ան` Հայկէն կարշնեղ, կապարճն ուսին,
Գեղապատշաճ:
Եկած է ան` թըլոր Դաւթի թուր կէծէկէն,
Մեր հեթանո՛ս նախնիներէն,
Բագիններու բոց կրակէն եկած է մեզ,
Հայու ոգին:
Ան եկած է կռուի ճակատ մեր դաշտերէն:
Բիւր նիզակներ, նետ ու վահան երկաթակուռ. եւ
Սաղաւարտեայ այր ու ձիեր, գրոհ, արի՛ւն:
Էդ արիւնի, ու արցունքի ճամբաներէն եկած է մեզ
Հայու ոգին:
Ան եկած է Աւարայրի մեր յաղթական պարտութենէն,
Շէն Անիի հազար ու մի գմբէթներէն,
Ու հազար ու մի զանգակներու ղօղանջներէն:
Մեր հողերուն նետուած բեղուն
Սերմերուն պէս ապրող սիրտն է
Հայու ոգին:
Ան մեզ կու գայ մեր վանքերու քարո՛ւտ ճամբով,
Ժամ-վարժարան բանուկ ճամբով:
Մեր պապերու ոսկորներէն, գերեզմանի տխուր ճամբով:
Արեւին հետ ան վար կ՛իջնէ, մեր արտերուն, մեր սրտերուն,
Ու վեհափառ Արարատի անե՛լ, անյայտ ճամբով կու գայ
Հայու ոգին:
Հայու ոգին կա՛նչն է սիրոյ աղջիկներուն եւ թէ տղոց.
Պապկէ՛ պսակ, պապկէ՛ նարօտ հարսնիքներուն:
Ե՛րգն է ուրախ, տափ ու ծնծղայ, արծա՛թ ծիծաղ,
Աղջիկներու պա՛ր հեզանազ:
Հայ մայրերու գութ ու բարի, ու միւռոնով լեցուն սրուակ
Աչքերէ՛ն է որ կը կաթի
Հայու ոգին:
Մեր պապերու հնադարեան դպրութիւնն է ու հին լեզուն:
Ձմեռ բուքին, Նարեկացու վանքի խուցի ճրա՛գն է ան:
Մագաղաթէ հին, հին մատեան տաղարանի
Ու Մեսրոպի գերեզմանին ու երազին
Այբենգիմն է
Հայու ոգին:
Մեր լեզուն է արեւավառ որ թէ՛ մարմին, թէ՛ հոգի է.
Կը բաշխուի որպէս նշխարհ, որպէս հաղորդ ու նկանակ:
Կը բաշխուի որպէս մարմին, որպէս գինի,
Գինի ու մաս`
Հայու ոգին:
Այդ ոգին է, որ կը գաղթէ, կ՛ելլէ ճամբայ
Մեր երկնքէն ու մեր հողէն, ու կը գտնէ
Ուր Հա՛յ մը կայ ու անոր հետ զրոյց կ՛ընէ:
Ան կը ժպտի, ան կը տխրի, ու անոր հետ արցո՛ւնք կու լայ:
Ու կը հսկէ որ ոչ մէկ Հայ չըլլա՛յ շեղի էն լոյս ճամբէն:
Մեր հոգիի էն լո՛յս ճամբէն, որ մեր հողին
Ու երկնքին մեզ կը տանի
Հայու ոգին:
Ինչ ալ ըսենք, բայց դեռ քիչ է,
Ի՞նչն է իրաւ հայու ոգին:
Եթէ նայիք ձեր հոգւոյն մէջ,
Պիտի գտնէք մեր պապերէն բազմութին մը.
Պիտի գտնէք սաղաւարտեայ բանակ մը հին.
Պիտի գտնէք իմաստութիւնն ու ճրագը մեր վանքերուն:
Ձեր հոգւոյն մէջ պիտի գտնէք
Ձեր լեռներուն ու ժայռերուն մէջ թաքնուած,
Արձագանգի պէս թաքնուած,
Հայու ոգին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )