12 Տարեկանէն Փոքրերու Ֆութպոլի Մոնտիալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

1129_mondial10-12  տարեկան փոքրերն ալ ունին իրենց յատուկ ֆութպոլի միջազգային ախոյեանութիւնը` Տանոն նէյշընըլ քաուի, որուն կը մասնակցին 32 երկիրներ:

2000 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունեցող այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի: Մինչեւ 2009 թուականը, ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը տեղի կ՛ունենար Ֆրանսայի Փարիզ կամ Լիոն քաղաքներուն մէջ: 2010-էն սկսեալ այս միջազգային աւարտականը սկսաւ շրջիլ եւ տեղի ունենալ աշխարհին շուրջ նշանաւոր դաշտերու մէջ: Այս ձեւով, օրինակի համար, 2010 թուականին անիկա տեղի ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, ուր նոյն տարի տեղի ունեցած էր 2010-ի Մոնտիալը: 2013 թուականին Լոնտոնի նշանաւոր Ուէմպըլի դաշտն է, որ զայն հիւրընկալած է:

Այս տարի աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի նշանաւոր Արմենա Քորենթիանզի դաշտին մէջ, ուր պիտի հաւաքուին աշխարհի չորս կողմերէն եկած 400 փոքր մարզիկներ:

Վեց ամիսներու ընթացքին տարբեր երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած են տեղական, շրջանային եւ ապա ազգային խաղեր, որոնց ընթացքին յաղթող խումբը ներկայացուցած է իր երկիրը Պրազիլի մէջ: 14 եւ 15 նոյեմբերին տեղի ունեցան նշանակումի խաղերը: Այս խաղերը կը տեւեն 2×15 վայրկեան:

Վերջապէս, 16 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ճափոնի եւ Փարակուէյի միջեւ: Այս խաղը տեւեց 2×20 վայրկեան եւ խաղցուեցաւ 8 մարզիկներէ (առաւել` երեք փոխարինող) կազմուած խումբերով: Մրցումին աւարտին Ճափոնը բարձրացուց բաժակը` մէկ կէտ նշանակելով Փարակուէյի դէմ:

 

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ

Խաղաղականին Մէջ Կորսուած

1129_gorsevads37 տարեկան Խոսէ Սալվատոր Աշվարենկա Սալվատորէն ձկնորս մըն է: 2012-ի դեկտեմբերին ան կ՛երթայ շանաձուկ որսալու` մօտաւորապէս 15 տարեկան պատանիի մը հետ:

Զօրաւոր փոթորիկ մը անոնց նաւը կը հեռացնէ ծովափէն: Անոնց վառելանիւթը կը սպառի, եւ անոնք Խաղաղական ովկիանոսին վրայ կը շրջին հովի ազդեցութեան տակ: Մէկ ամիս ետք պատանին կը մահանայ անօթութենէն եւ ծարաւէն:

Խոսէ կը վերապրի. ան կը խմէ անձրեւին ջուրը, իր մէզը եւ կրիայի արիւն: Ան կ՛ուտէ ձուկ եւ թռչուն: 2014-ի յունուարին անոր նաւը կը հասնի Մարշալ կղզիներու ծովափ, 12,500 քմ քշուելէ ետք 13 ամիսներու ընթացքին: Ասիկա մրցանիշ մը կը համարուի: Անոր պատմութիւնը շատ յուզիչ է, սակայն նոյն ատեն բազմաթիւ հարցադրումներ կը ստեղծէ:

Անոր մարմնին վրայ գոյութիւն չունին ջուրի պակասի նշաններ, չորցած մորթ, նիհարութիւն, մինչ Ալվարենկա ջուրի պակասէ տառապած է մէկ տարուան ընթացքին:

Ան ծանրութեան ուշագրաւ նուազում մը չէ ունեցած, մինչ տառապած է ուտելիքի պակասէ… Չկան նաեւ Սէ. կենսանիւթի պակասի նշաններ, ինչպէս` ակռաներուն շուրջ փոսերու յայտնուիլ կամ արիւնող լինտեր:

* * *

Սակայն ուրիշ մասնագէտներ կը հաւատան անոր պատմութեան: Կորսուած նաւակ մը ծովային անասուններուն ուշադրութիւնը բնականօրէն կը գրաւէ: Հետեւաբար Ալվարենկա պարզապէս ձեռքը ջուրին մէջ կը դնէր զանոնք որսալու համար: Երկու քիլօ կշռող ձուկ մը կը պարունակէ մօտաւորապէս կէս լիթր ջուր: Մինչ կրեաներուն արիւնը շատ սննդարար է:

Իսկ ծովային հոսանքներու մասնագէտները կը հաստատեն, թէ անոր խոտորումը կարելի է այդ ջուրերուն մէջ:

Վերջապէս, ապրիլ ամսուան Ալվարենկա սուտը բացայայտող մեքենայի քննութիւն կատարեց եւ յաջողեցաւ` փաստելով, թէ ինք իրականութիւնը ըսած էր:

 

Սթրաթի, 3D Տպուած Ինքնաշարժը

1129_strati-1Սթրաթի կերպընկալէ գնդիկներով շինուած ինքնաշարժ մըն է: Անոր 44 տարբեր տարրերը այդ կերպընկալէ գնդիկները գործածելով եւ հալեցնելով տպելը եղած է 44 ժամ: Մինչ դասական ինքնաշարժ մը շինելու համար մենք պէտք ունինք 22,000 կտորներու:

Ապա ինքնաշարժը կազմուեցաւ աւանդական ձեւով պատրաստուած կտորներ ալ (անիւներ, մեքենան, ապակին) գործածելով: Այս միջազգային առաջին տպուած ինքնաշարժը իրականութիւն դարձաւ ամերիկեան Լոքըլ Մոթորզ հաստատութեան կողմէ:

 

Ուտուելիք Կոթողներ

1129_gotoghԵրբ զբօսաշրջիկները կը մտածեն Անգլիոյ մասին, անոնք անմիջապէս կը յիշեն Պիկ Պեն ժամացոյցին նման կոթողներ, սակայն նոյն ատեն մեր միտքը կ՛իյնայ անգլիական նշանաւոր ուտելիքը` «Ֆիշ էնտ չիփսը» (Ձուկ եւ տապկուած գետնախնձոր): Ուտելիքի մասնագէտ արուեստագէտ մը իրարու խառնած է այս երկու տարբեր տարրերը եւ ստեղծած` իւրայատուկ արուեստի գործ մը:

Փրուտընս Սթէյթ վեց ժամ աշխատած է կազմելու համար Պիկ Պենի օրինակ մը` գործածելով 600 տապկուած գետնախնձորի կտոր: Ան իւրաքանչիւր կտոր զգուշութեամբ ընտրած է, որպէսզի անոնք նոյն չափերը ունենան:

Իսկ արդեօք այս «կոթողը» ուտելու համար մենք որքա՞ն ժամանակի պէտք պիտի ունենանք:

 

Ճորճ Կարմիր Ձուկին
Ուղեղի Վիրահատութիւնը

1129_tsougՃորճ 10 տարեկան կարմիր ձուկ մըն է, որ կ՛ապրի Աւստրալիոյ մէջ: Անոր տէրերը շատ կը սիրեն զայն:

Սակայն անոր ուղեղին մէջ ուռ մը արգելք կ՛ըլլայ, որ ան բնական ձեւով սնունդ առնէ: Անոր տէրերը չեն վարանիր, կ՛որոշեն վիրահատութեան դիմել: Գործողութիւնը վտանգաւոր է եւ նուրբ: Ձուկը միայն 30 վայրկեան կրնայ աքուարիոմէն դուրս մնալ:

Լաւ պայմաններու տակ վիրահատութիւնը կարենալ իրականացնելու համար անասնաբուժը պէտք ունեցաւ գործածելու երեք դոյլ ջուրի: Առաջին դոյլի ջուրին մէջ ան դրաւ անզգայացնող դեղ մը` Ճորճը անզգայացնելու համար: Երկրորդ դոյլը կը պարունակէր նաեւ նոյն դեղէն, սակայն` նուազ քանակով: Դեղը ուղղակիօրէն կը ներարկուէր ձուկին բերնին մէջ, գործողութեան ընթացքին: Վերջապէս, երրորդ դոյլը կը պարունակէր թթուածինով հարուստ ջուր, որպէսզի Ճորճը արթննայ:

* * *

Ուռը հանելու համար զգուշութեամբ պէտք էր աշխատիլ, սակայն ամէնէն դժուար բաժինը եղաւ վէրքը գոցելը: Անասնաբուժը մանր կարեր ըրաւ եւ գործածեց յատուկ խէժ մը` զայն ամբողջովին գոցելու համար:

Վիրահատութիւնը շատ յաջող անցաւ, եւ Ճորճ արթնցաւ:

 

Առանց Տոպրակի Խանութը

1129_arants-dobraguiԱյս խանութին դարաններուն վրայ մենք չենք տեսներ պիսքուիի տուփիկներ, եփուած եւ սառած ճաշերու տուփեր, կամ թափանցիկ սէլլոֆանով փաթթուած միսի կտորներ:

Պերլինի մէջ այս աշնան իր դռները բացաւ առանց որեւէ մէկ տեսակ տոպրակի առաջին խանութը «Օրիճընըլ Ունվըրփաքեթ» (առանց ծրարումի): Ամէն ինչ կը ծախուի կշիռքով: Հետեւաբար մենք ստիպուած չենք գնելու մէկ քիլօ ալիւր` տարին անգամ մը կարկանդակ պատրաստելու համար:

Յաճախորդը կու գայ իր անձնական կերպասէ տոպրակով, ապակիէ անօթներով կամ կերպընկալէ տուփերով, եւ հոն զանոնք կը լեցնէ քորնֆլէյքսով, բրինձով կամ սփակեթիի տեսակներով: Ապա ան իր այս գնումները կշռել կու տայ եւ ըստ ծանրութեան կը վճարէ:

Ասիկա ուրիշ ձեւ մըն է պայքարելու համար թէ՛ վարանումին, թէ՛ ալ ապականումին դէմ: Մենք պէտք չենք ունենար գնելու մեզի պէտք եղածէն աւելին, իսկ նուազ ծրարում` կը նշանակէ նուազ աղբ, երկրագունդի նուազ ապականում:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել խաղցողին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել խաղցողին համապատասխանող շուքը:

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր գնդակը ձգած է գաւազանիկները:

Կրնա՞ս գտնել, թէ ո՛ր գնդակը ձգած է գաւազանիկները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս օգնել այս խաղցողին` հաշուելու համար, թէ քանի՞ մարզակօշիկ կայ փորձի սենեակին մէջ:

Կրնա՞ս օգնել այս խաղցողին` հաշուելու համար, թէ քանի՞ մարզակօշիկ կայ փորձի սենեակին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )