Ազրպէյճան Մարդուժի Ու Նիւթական Աջակցութեան Շտեմարան Մըն Է ՏԱՀԵՇ-ի Համար

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ռուսական ռազմավարական մշակոյթի կեդրոնի կայքէջը, Ազրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութեանց հետ գործակցող պետական յանձնախումբի նախագահ Միւպարեզ Կիւրպաթլըի վերագրելով իր յայտարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան մարդուժի ու նիւթական զօրակցութեան շտեմարան մըն է ՏԱՀԵՇ-ի համար:

Ըստ Կիւրպաթլըի, յիշեալ կրօնական կազմակերպութիւնները իրենց առեւտրական գործառնութեանց եկամուտին մէկ մասը կը յատկացնեն Սուրիոյ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն: Այս մարզի մասնագէտ Այտըն Ալիզատէի համաձայն, այդ կազմակերպութեանց կողմէ տարեկան աւելի քան 5 միլիոն տոլար կը տրամադրուի ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն:

Գումարը գլխաւորաբար կը գործածուի քարոզչութեան, թոշակներու ու կաշառքի համար: Ըստ Ալիզատէի, Ազրպէյճանի մէջ իսլամական արմատական գաղափարաբանութեան տարածումը կապուած է ընկերային անիրաւութեանց, ժողովրդային զանազան աւանդութեանց, չքաւորութեան ու անգործութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )