Ալիեւն Ու Էրտողանը Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հարցը

1201_Aliyev-ErdoganԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է իր թուրք պաշտօնակիցին` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ու երախտագիտութիւն յայտնած Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու վեհաժողովին Ազրպէյճանը հրաւիրելու համար: Ալիեւ ընդունած է Էրտողանի հրաւէրը:

Զրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկկողմանի կապերուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման մասին:

Անոնք յոյս յայտնած են, որ «Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները յաջողութեամբ պիտի զարգանան բոլոր մարզերուն մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )