«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նապաայի Կռիւները Եւ Հայերու Ասպնջականութիւնը Տեղացի Գաղթականներուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Տըքուանէէն յարձակում Թէլ Զաաթարի վրայ

Տըքուանէէն յարձակում Թէլ Զաաթարի վրայ

Պուրճ Համուտ-Նապաա կռիւներուն վերջ տալու համար ուրբաթ, 23 յուլիս 1976-ին տենդագին աշխատանքներ տարուեցան եւ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացաւ կրակը անյապաղ դադրեցնելու Պուրճ Համուտ-Նապաա գիծին վրայ:

Հայկական կուսակցութիւններու համախմբումի ներկայացուցիչներ տեսակցութիւններ եւ շփումներ ունեցան ղեկավար դէմքերու եւ մարմիններու հետ, կասեցնելու համար Նապաայի ճակատին վրայ շարունակուող զինեալ բախումները:

Ուշ գիշերին Սապրայի պաղեստինեան կեդրոնական հրամանատարութեան գործողութեանց գրասենեակին մէջ կայացաւ ժողով մը, որուն ընթացքին Եասէր Արաֆաթի առաջարկով որոշուեցաւ.

ա) Անյապաղ դադրեցնել կռիւները,

բ) Բոլոր կողմերը կը քաշուին իրենց այն դիրքերը, ուր կը գտնուէին վերջին դէպքերէն առաջ,

գ) Կը կազմուի մնայուն խառն մարմին մը, հարթելու համար բոլոր խնդիրները եւ զսպելու ամէն խախտում:

Որոշուեցաւ նաեւ Նահրի կամուրջին հարցին կարգադրութիւնը ձգել վերին ղեկավարութեանց:

***

Բախումները, յուլիս 23-ին, սաստկացած էին ամէն կողմ եւ թնդանօթներն ու հրասանդները աւերներ կը գործէին մասնաւորաբար Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ: Զոհեր ու վիրաւորներ խլող, աւերակներ ու քանդումներ յառաջացնող հրթիռներուն յաջորդեցին նաեւ հրձիգ ռումբեր, որոնք ահաւոր հրդեհներ առաջ բերին: Պէյրութի կապոյտ երկինքը հրդեհներու սեւ ծուխով եւ մուխով վարագուրուեցաւ:

Նապաա-Սէն էլ Ֆիլ-Ժտէյտէ ճակատը բռնկած էր, մինչ Նապաա-Պուրճ Համուտ ճակատին վրայ լարուածութիւնը զգալի էր:

Կէսօրէ ետք, ռումբերու տարափը սաստկացաւ ամէն կողմ: Ակնթարթի մը մէջ, ամէն կողմ ինկող հրթիռները եւ ռումբերը ահ ու դողի մատնեցին բնակչութիւնը: Արեւելեան շրջանները աւելի ազդուեցան եւ հոն է որ մեծ հրդեհներ ծագեցան, որոնցմէ երեքը` Տորա-Նահր Մոթ ճամբուն վրայ: Նահր Մոթի վառելանիւթի շտեմարանները կրակ առին. հրդեհը տարածուեցաւ մինչեւ Ալմազա գարեջուրի գործարանը, մինչ նոյն շրջանը գտնուող փուռ մը եւս կրակ առաւ: Երեւանեան շէնքին ետեւի կողմը գտնուող Թոթալ ընկերութեան շտեմարանէն բարձրացող բոցերը տեսնուեցան Ռաս Պէյրութէն եւ գիւղերէն:

Բազմաթիւ ռումբեր ինկան նաեւ Անթիլիասի բոլորակին վրայ: Աղբալեան ակումբի շրջանին մէջ եւս 120 մմ.նոց վեց ռումբեր ինկան:

***

 

Պուրճ Համուտի հայութեան եւ Նապաայի բնակչութեան միջեւ լարուած վիճակը շաբաթ, յուլիս 24-ին զգալիօրէն մեղմացած էր: Սակայն նապաացի անկարգ տարրեր վերջ չտուին մարդորսութեան, որուն հետեւանքով հայ տղաքը ունեցան վեց վիրաւոր: Մինչ շրջանի հայ պատասխանատուներու խիստ հրահանգներուն վրայ, հայ տղաքը ոչ մէկ ձեւի տակ հակադարձեցին:

Յարձակում Նապաայի վրայ

Յարձակում Նապաայի վրայ

Արեւելեան շրջանները անխնայ կը ռմբակոծուէին, իսկ Էշրեֆիէի մէջ ռումբերը անձրեւի նման կը տեղային: Պուրճի եւ Ազարիէի միջեւ կատաղի կռիւներ մղուեցան. պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր փորձեցին մտնել Ռոքսի շարժապատկերի սրահը, բայց ետ մղուեցան: Ոսկերիչներու շուկայէն տարուած յարձակում մը եւս զսպուեցաւ փաղանգաւորներուն կողմէ:

Տահր Ժամալ-Սին էլ Ֆիլ ճակատին վրայ փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսները մեծ յարձակում մը շղթայազերծելով մտան Տահր Ժամալ, որ ղովմիներու հակակշիռին տակ կը գտնուէր: Հոն գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան եւ երկուստեք 30 զոհեր ինկան:

Նոյն ժամերուն Ժսըր Պաշայէն յարձակելով` փաղանգաւորները մտան Նապաայի մուտքին գտնուող շէնքեր, ուր սուինամարտեր տեղի ունեցան: Անոնք գրաւեցին ղովմիներու ակումբը, Արիզոնա եւ Ռոյալ շարժանկարի սրահները, Նապաայի ոստիկանատունը, Վարուժի պենզինի կայանը եւ պետական վարժարանը:

Նապաայի վրայ փաղանգաւորներու յարձակումներուն հետեւանքով, նապաացի մօտաւորապէս 300 կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ ապաստանեցան Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ու Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ: Հայ տղաքը իրենց ամբողջական հոգածութեան տակ առին զանոնք:

Ուշ գիշերուան ժամը 11:15-ին Արագած թաղի Դրօ ակումբին մէջ ժողով մը գումարուեցաւ հայ եւ նապաացի պատասխանատուներուն միջեւ, որուն ընթացքին որոշուեցաւ.

ա) Երկու կողմերու դիրքերուն վրայ գտնուող զինեալ տարրերուն թիւը նուազեցնել,

բ) Զինադուլի գործադրութեան հսկող չորս խառն խումբեր կազմել:

 

***

 

Թէլ Զաաթարի մէջ ծանր կռիւները կը շարունակուէին: Կիրակի, յուլիս 25-ին փաղանգաւորներ 60-րդ մեծ յարձակողականը շղթայազերծեցին «անսասան եւ յաղթանակի» գաղթակայանին դէմ: Մաթթա գործարանին մօտ գտնուող երկու շէնքերու մէջ գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան:

Նախորդ օր, շաբաթ կէսօրէ ետք, Թէլ Զաաթարի հիւսիս-արեւելեան մուտքին, Ռաս Տըքուանէի վերջաւորութեան, Պութաժի գործարանին մօտ գտնուող շէնք մը փուլ եկած էր: Շէնքին տակ, ապաստանարանին մէջ գտնուող 500 պաղեստինցիներ, մեծ մասամբ` կիներ, մանուկներ եւ ծերեր, անշարժացած էին եւ անոնց օգնելու որեւէ միջոց չէր մնացած: Ապաստանարանը կը մնար անխոցելի: Հակառակ ռումբերուն, կարելի եղաւ 15 մանուկներ դուրս բերել փլատակներու տակէն: Քանի մը ժամ ետք հինգ ուրիշներ եւս կարելի եղաւ ազատել: Բայց յետոյ ռմբակոծումը սաստկացաւ եւ ապաստանարանին մէջ մնացողները բոլորն ալ մահացան:

Նապաա-Սին էլ Ֆիլ ճակատին վրայ բուռն կռիւներ կը մղուէին: Փաղանգաւորները յունական սառնարանի կողմէն մտան Նապաա, սանտրեցին որոշ դիրքեր եւ գրաւեցին 11 շէնքեր:

Պուրճ Համուտ-Նապաա ճակատին վրայ լարուածութիւնը մասամբ մեղմացած էր, բայց մարդորսութիւնը կը շարունակուէր: Այդ օր, յուլիս 25-ին, արձակազէններու փամփուշտներուն զոհ գացին հայ զինեալ տղոցմէ Անդրանիկ Թուլումճեան եւ Վարդան Պողարեան:

Պուրճ Համուտ-Նապաա ճակատին վրայ զինադուլը ամրապնդելու նպատակով, ուշ գիշերին Արագած թաղի Դրօ ակումբին մէջ ընդլայնուած ժողով մը տեղի ունեցաւ, երկու կողմերու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ըսուէր.

«Եասէր Արաֆաթի նախագահութեամբ գումարուած հայկական կուսակցութեանց, պաղեստինեան յեղափոխութեան եւ լիբանանեան Ազգային շարժումի կեդրոնական ղեկավարութեան ժողովին որոշումները գործադրելու առաջադրութեամբ, Պուրճ Համուտ-Նապաա շրջանի միացեալ հրամանատարութիւնը ու հայկական կուսակցութեանց համակարգիչ մարմինը սկսան ամրապնդել կնքուած զինադուլը, վերցնել զինեալ պատնէշները եւ նուազեցնել զինուորական երեւոյթները` զանոնք վերջնականապէս ջնջելու մտադրութեամբ:

«Զինադուլի մնացեալ միջոցառումները պիտի գործադրուին յառաջիկայ 24 ժամերու ընթացքին, որմէ ետք քաղաքական միացեալ հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակուի այս անցողակի տագնապին վերջակէտ մը դնելու համար, որպէսզի առիթ չտրուի բոլոր անոնց` որոնք կը փորձեն շահագործել զայն»:

 

***

 

Նապաա

Նապաա

Նապաա-Սին էլ Ֆիլ ճակատին վրայ յուլիս 25-էն 26 լուսցող գիշերուան ընթացքին բուռն բախումներ արձանագրուեցան: Նապաա եւ Թէլ Զաաթար այդ օր անխնայ ռմբակոծուեցան եւ երկու շրջաններուն մէջ ինկան 67 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Փաղանգաւորներ կտրեցին Թէլ Զաաթար գացող ջուրի հոսանքը (ուր արդէն ջուրի տագնապ կար), որպէսզի հոն գտնուողները անձնատուր ըլլան: Այնուհետեւ դուրս ելլողները, որոնք կ՛ուզէին քիչ մը ջուր ձեռք ձգել, արձակազէններու փամփուշտներուն զոհ կ՛երթային:

Հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները շարունակեցին իրենց շփումները Պէյրութի արեւմտեան եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ, Պուրճ Համուտ-Նապաա ճակատին վրայ հաստատուած զինադուլը քաղաքական համաձայնութեամբ պսակելու նպատակով:

Արեւելեան Պէյրութի մէջ հայկական կողմը տեւական կապի մէջ մնաց Նապաայի պատասխանատուներուն հետ: Ապա շփումներ հաստատուեցան Լիբանանեան ճակատի պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի հայահոծ թաղերուն խնայուի արիւնահեղութիւնը:

Իսկ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին իսլամ ղեկավարներու համախմբումի ժողովին եւ ընկերվարական ղեկավար Քամալ Ժոմպլաթի:

Յաջորդ օր, յուլիս 27-ին, հայկական պատուիրակութիւն մը այցելեց մուրապիթուններու ղեկավար Իպրահիմ Քլէյլաթի:

Մինչ այդ, Պուրճ Համուտ-Նապաա գիծին վրայ զինադուլը կը շարունակուէր եւ պատնէշները աստիճանաբար վերցուեցան Սիսի, Արագածի եւ Մարաշի շրջաններուն մէջ: Սիսի, Արագածի եւ Նապաայի բնակիչները սկսան վերադառնալ իրենց բնակարանները: Թրատ, Արագած եւ Սիս թաղերուն համար կազմուեցան անդորրութեան հսկող երեք յանձնախումբեր:

Պուրճ Համուտի հայկական դպրոցներն ու եկեղեցիները ապաստանած նապաացի ընտանիքներուն մէկ մասը վերադարձաւ իր թաղերը, մինչ որոշ թիւով ընտանիքներ նախընտրեցին մնալ իրենց ապաստանարաններուն մէջ: Իրենց բնակարանները վերադարձած ընտանիքներէն ոմանք շուտով ետ դարձան, աւելի ապահով ու հանգիստ նկատելով հայկական ապաստանարանները:

Միւս կողմէ, արձակազէնները կը շարունակէին աւեր գործել եւ զոհեր ու վիրաւորներ խլել:

 

***

 

Երկօրեայ համեմատական հանդարտութենէ ետք, Պէյրութի եւ արուարձաններուն բոլոր ճակատները հինգշաբթի, յուլիս 29-ին բռնկեցան եւ Ազարիէ-Տեպպաս, Մոնօ-Խանտաք Ղամիք, Սոտեքօ-Պըրժաուի եւ Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատներուն վրայ բուռն կռիւներ մղուեցան:

Այն Ռըմմանէի սահմաններուն վրայ գտնուող փոսթ-հեռագրական շէնքին կից, բազմաթիւ շէնքերու մէջ գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան: Պաղեստինցիները արիւնահեղ կռիւներ մղելով եօթը շէնքեր գրաւեցին, բայց յետոյ անոնք քաշուեցան իրենց դիրքերէն եւ հեռացան դէպի Ղանտուրի նախկին գործարանը:

Փաղանգաւոր, ազատական եւ մայրիի պահակներու միլիսներ կը շարունակէին գետին շահիլ Նապաայի շրջանին մէջ:

Նապաա սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր Տըքուանէէն, Սին էլ Ֆիլէն, Պաուշրիէէն եւ Էշրեֆիէէն, եւ օղակը հետզհետէ կը սեղմուէր անոր շուրջ:

Ստեղծուած յուսահատական կացութեան առջեւ, նապաացի շիի բազմաթիւ ընտանիքներ, ռմբակոծումներու մեղմացման պահերէն օգտուելով, հեռացան իրենց տուներէն եւ հայաբնակ թաղերուն մէջ ապաստան գտան:

Նապաացի շատ մը ընտանիքներ ալ փաղանգաւորներուն անձնատուր եղան: Խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատ ներկայացուցիչ մը ուղարկեց արեւելեան շրջան, անոր հսկողութեամբ նապաացիներու արեւմտեան շրջան եւ յետոյ ալ հարաւային Լիբանան փոխադրութիւնը կատարելու համար: Փաղանգաւորները իրենց ակումբներուն մէջ հաւաքեցին անձնատուր եղողները եւ յետոյ մինչեւ Թանգարան ապահովեցին անոնց փոխադրութիւնը: Միլիսները արգիլեցին, որ նապաացիք իրենց տան ապրանքները հետերնին փոխադրեն եւ թոյլատրեցին միայն իրենց հագուստները հետերնին առնել:

Հայկական կուսակցութեանց համախմբումի ներկայացուցիչներ շարունակեցին շփում ունենալ Արեւմտեան Պէյրութի պատասխանատու դէմքերու հետ: Քամալ Ժոմպլաթ, հայ պատասխանատուները ընդունելէ ետք յայտարարեց. «Կասկած չունէինք հայերուն հայրենասիրութեան եւ լրջախոհութեան վրայ: Կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ կարգ մը թերթեր կ՛ուզեն հայերը դուրս բերել դրական չէզոքութենէն, զանոնք միջամուխ դարձնել կռիւներուն»: Ան պահանջեց, որ ճիգ չխնայուի հայերու չէզոքութիւնը պահպանելու համար, որովհետեւ «Այդ չէզոքութիւնը նպաստաւոր է բոլոր կողմերուն համար»:

 

 

***

 

Երկուշաբթի, 2 օգոստոս 1976-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Խալիլ Պատաուի թաղը յարձակման ենթարկուեցաւ փաղանգաւորներու եւ քիւրտերու կողմէ, որոնք գրաւեցին ջաղացքները եւ Փեժօ ընկերութիւնը: Բախումներ տեղի ունեցան եւ երկու հայեր` Հրաչ Գազանճեան եւ Գէորգ, սպաննուեցան, իսկ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Հայկական կուսակցութեանց համակարգիչ յանձնախումբը անմիջապէս ժողով գումարեց եւ պետական հայ երեսփոխաններու գործակցութեամբ բազմաթիւ դիմումներ կատարեց, սահմանափակելու համար շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգը:

 

***

 

Պաղեստինցի ֆետայիներ Թէլ Զաաթարի մէջ

Պաղեստինցի ֆետայիներ Թէլ Զաաթարի մէջ

Նապաա ռազմադաշտի վերածուած էր եւ անոր վրայ փաղանգաւորներու, ազատականներու եւ մայրիներու պահակներու յարձակումները կը շարունակուէին: Շրջանի բնակչութեան ապրուստի պայմանները վատթարացած եւ ողբերգական դարձած էին: Կռիւներն ու ռմբակոծումները օր ըստ օրէ աւելի ծանրացած եւ մահացու դարձած էին: Ոչ ջուր կար, ոչ ելեկտրականութիւն, ոչ ալ ուտեստեղէն:

Շրջանին բնակիչները, կռիւներու եւ ռմբակոծումներու կարճատեւ մեղմացումներէն օգտուելով կը հեռանային իրենց տուներէն եւ փաղանգաւորներուն յանձնուելով կը փոխադրուէին արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութը իրարու կապող միակ անցքին` Թանգարանին մօտ: Հոնկէ անոնք, խումբ առ խումբ, քալելով եւ իրենց թեւերնուն տակ կապոցներով, որոնց մէջ կը գտնուէին անձնական առարկաներ եւ քանի մը հագուստեղէններ, կ՛անցնէին սահմանը: Գաղթականներուն մէջ կային նաեւ Պուրճ Համուտի դրացի թաղերէն շիի ընտանիքներ:

Թանգարանի շրջանը «նօ մէնզ լէյնտ» էր, զարդարուած ծառերով եւ ուր գտնուող բոլոր շէնքերը ծակծկած էին փամփուշտներու եւ հրթիռներու պատճառով:

Քալելով, բեռնաւորուած եւ մտահոգ դէմքերով գաղթականները նաեւ կանգ կ՛առնէին փոքրիկներու հիւանդանոցին առջեւ, կը տատամսէին անցնելու, քանի որ այդ շրջանին մէջ մարդորսներու թիւը մեծ էր, ապա փութով կ՛անցնէին սահմանը:

Թանգարանի շէնքին արեւմտեան կողմը, յառաջդիմական կազմակերպութեանց պատկանող միլիսներ կ՛օգնէին գաղթականներուն, անոնց բեռը կը թեթեւցնէին ու ինքնաշարժներու մէջ կը տեղաւորէին զանոնք: Սակայն ինքնաշարժ մը վարձելը շատերու համար մսխում էր եւ մեծ մասը քալելով կը շարունակէր ճամբան:

Կարգ մը «առաւելութիւններ ունեցողներ» բեռնաւորուած ինքնաշարժներով կ՛անցնէին, որոնց մէջ կը տեսնուէին մանուկներ եւ կիներ, իսկ ինքնաշարժներուն վրայ` անկողիններ: Արդէն գաղթականներուն մէջ նկատելի էր հասուն տղամարդոց եւ երիտասարդներու բացակայութիւնը եւ անոնց մեծ մասը կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ էին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )