Արեւմտահայաստանը` Հայկական Հարցի Լուծում

ՎԱՉԷ Վ. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Եւ Մենք Հասանք Արտահան…

Անիի միւս կողմը Հայաստան

Անիի միւս կողմը Հայաստան

Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ  շրջակայքը

Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ շրջակայքը

24 յուլիս 2014-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած «Դէպի Արեւմտահայաստան» երթին հետ առաջին անգամ ըլլալով մտայ Արեւմտեան Հայաստան:

Պատմական Հայաստան, գրաւուած հողեր, Սեւրի Հայաստան… Այս զանազան անուններով ճանչցուած հողատարածքը առասպելական վայր մը դարձած է հայ ժողովուրդին համար` ըլլալով հայ ազգին ծննդավայրը: Յաճախած ըլլալով հայկական վարժարան, ապա անդամակցելով Զաւարեան ուսանողական միութեան, Երկիրը միշտ եղած է այն անմատչելի վայրը, ուր կ՛ուզէի վերադառնալ, բայց այս ցանկութիւնը անիրականանալի կը թուէր: Երբ դէպի Արեւմտահայաստան երթալու առաջարկը ներկայացուեցաւ, բաւական տատամսելէ  եւ նախապէս այս երթին մասնակցած ընկերներու հետ խօսելէ ետք էր միայն, որ որոշեցի մասնակցիլ այս ծրագիրին:

Մինչեւ 17-րդ դար Հայկական Բարձրաւանդակը եղած է գրեթէ ամբողջովին հայաբնակ: Ներկայիս այնտեղ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող քիւրտերը բնակութիւն սկսած են հաստատել միայն օսմանեան պետութեան քաջալերանքով, խրախուսմամբ եւ տեղւոյն հայերու իրաւունքներու ոտնահարմամբ: Օսմանեան տիրապետութեան ամբողջ տեւողութեան հայ ազգին պարտադրուած ծանր պայմանները, համիտեան հալածանքները, զանազան կոտորածները, 1915-1923  Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ, վերջապէս, քեմալական հանրապետութեան պարտադրած կրօնական եւ ազգային ծանր սեղմումները հայ ազգը դարձուցին եւ պահեցին թափառաշրջիկ եւ աշխարհասփիւռ` զրկուած իր ամբողջական մայր հայրենիքէն, ենթակայ ձուլման եւ անհետացման` ահաւասիկ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին: Այժմ հայ ազգը անտեսելով իր արմատէն` Արեւմտահայաստանէն զրկուած ըլլալու վտանգը, զրկուած այն վայրէն, ուրկէ ծնունդ առած են հայ ազգի ներկայ դիմագիծը ձեւաւորած ժողովուրդները, ինչպէս` Հայասայի, Ուրարտուի եւ Նայիրիի ժողովուրդները, օրէ օր կը կորսնցնէ իր ազգային առանձնայատկութիւնները, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգի հայ ազգի արեւմտեան թեւի ոչնչացման եւ Երիտասարդ Թուրքերու ծրագրի իրականացման: Ներկայիս հայ ազգը աւելի կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այս կամ այն «մեծ տէրութեան» կողմէ, քան ցեղասպանութեան ստեղծած վիճակի սրբագրումը` Հայաստանի արեւմտեան հատուածի վերադարձը կամ Հայաստանի պետականութեան քաղաքական եւ տնտեսական հզօրացումը, հայ ազգի համախմբումը եւ ապահովութեան հաստատումը նոյնինքն ներկայ եւ ապա միացեալ Հայաստանի հողին վրայ:

Վերոյիշեալ Հայկական հարցը Պերլինի վեհաժողովէն այսօր որեւէ վերջնական լուծումի չէ յանգած: Այս հարցը վերջնական լուծման կրնայ յանգիլ միայն անբողջ հայ ազգի համագործակցութեամբ: Հայ ազգի անբաժանելի մաս կը կազմեն այն զանգուածային թիւով հայերը, որոնք մինչեւ հիմա իսլամացած կամ թաքնուած կ՛ապրին Արեւմտահայաստանի տարածքին վրայ, ինչպէս` Տէրսիմի եւ Համշէնի հայութիւնը: Թուրք կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար փոխհատուցման գործընթացը կրնայ դիւրանալ եւ արագանալ, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէջ բարձրանայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն թիւը: Այդ քարոզարշաւը կարելի կը դառնայ միայն Թուրքիոյ ներքին տարրերու օգտագործմամբ, որովհետեւ որեւէ արտաքին քարոզարշաւ կրնայ խորթ եւ թշնամական թուիլ թուրք ժողովուրդին: Ընկերային ցանցերը եւ արտաքին հայկական քարոզչութիւնը առանձին` չեն կրնար ամբողջ Թուրքիան համոզել ընդունելու Ցեղասպանութեան իրողութեան փաստը, ահա իբրեւ ապացոյց ունենալով վերջին 50 տարիներու աշխատանքը, որ կրցած է արթնցնել միայն ափ մը թուրքեր: Այդ գործը կրնայ ամէնէն արդիւնաբեր կերպով կատարուիլ միայն ներքին` «թրքական» տարրերու օժանդակութեամբ: Այն տարրերը, որոնք կրնան ամենալաւ օժանդակութիւնը ցուցաբերել Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ ապրող հայերն են: Անոնք են, որոնք կրելով թրքական անուններ եւ ըլլալով Թուրքիոյ քաղաքացի (ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան` թուրք)` կրնան Թուրքիոյ մէջ տարածել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այդպիսով յառաջ տանելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք եղած աշխատանքը: Անոնք այս գործը յառաջ կրնան տանիլ միայն յարաբերութիւններ հաստատելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան հետ, որուն իբրեւ արդիւնք` անոնց մէջ դիւրութեամբ կ՛արթննայ ահա մօտ 100 տարիէ հալածանքի եւ ճնշման ենթարկուած հայկական ոգին, որ թերեւս քնացած է, բայց տակաւին չէ մեռած: Այդ յարաբերութիւնները կրնան հաստատուիլ, միայն երբ հայեր երթան ու այցելեն Արեւմտահայաստան եւ տարբեր ձեւերով յարաբերութիւններ հաստատեն անոնց հետ:

Արեւմտահայաստան այցելելով` հայ մը կը նորոգէ կապը իր արմատներուն հետ, ամրապնդելով իր հայկականութիւնը եւ հեռացնելով ձուլման վտանգը: Արեւմտահայաստանի կոթողները այցելելով է, որ կրնանք ունենալ անոնց ժամանակակից վիճակի պատկերացում եւ կանխել որեւէ փորձ թուրք կառավարութեան կողմէ քանդելու այդ կոթողները. եւ ընդհակառակը, այնտեղ այցելելով` կրնանք տեղի ժողովուրդին մէջ ցանկութիւնը արթնցնել վերանորոգելու կամ պահպանելու այդ կոթողները, անուղղակիօրէն հայկական պահելով Արեւմտահայաստանը: Արեւմտահայաստանի հայութեան այցելելով է, որ կրնանք անոնց մէջ կրկին արթնցնել եւ պահպանել Հայկական ոգին եւ խրախուսել Հայկական հարցի լուծման համար անոնց աշխատելու պատրաստակամութիւնը:

Անպայման պէտք է ազգովին յիշենք եւ վերյիշենք, որ Արեւմտահայաստանը, թէկուզ` ներկայիս ոչ հայկական, կորսուած չէ: Ան կը պահէ որոշ հայկական դիմագիծ եւ հայ բնակչութիւն, որ կրնայ մեծապէս օժանդակել Հայ դատի լուծման: Բոլորս նաեւ պէտք է անդրադառնանք, որ Արեւմտահայաստանով եւ անոր կորուստով սկսած հայկական հարցը կրնայ միայն լուծուիլ Արեւմտահայաստանի վերադարձով, Արտաշէս Ա.ի երազի իրականացմամբ` մէկ ազգ մէկ միացեալ հայրենիքի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )