Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ծնողի մը բացակայութիւնը պարապ մը պիտի ստեղծէ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ, որ յարաբերինք մօտիկ անձերու հետ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նոյնիսկ դուք ձեզ հանգստացնել ուզէք, բարձրաձայն մի՛ արտայայտէք: Զուսպ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կրնաք ձեր նիւթական հարցերը բարելաւել, դարձեալ եկամուտի այլ աղբիւր մը գտէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինքնավստահ եղէք, բայց` առանց ինքզինքդ տեսնելու: Ձեր համեստութիւնը ուժ մըն է արդէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր առողջութեան համար պէտք եղած դարմանը գտէք: Որքան ալ դժուար ըլլայ ձեր ընելիք դարմանը, դարձեալ կատարեցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բարեկամները պիտի դիւրացնեն ձեր դժուարութիւնները: Հետեւեցէք անոնց խորհուրդներուն, որպէսզի հանգստանաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինքնավստահութեան պակասը պիտի դանդաղեցնէ ձեր աշխատանքը, որմէ կրնաք վնասուիլ: Ինքնավստահ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ճամբորդելու ձեր փափաքը պիտի չփարատէ ձեր հոգերը: Ձեր հետաքրքրութիւնը ուրիշ տեղ փնտռեցէք: Շփոթի մի՛ մատնուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պատահար մը պիտի հարուածէ ձեզ: Լաւատես բարեկամ մը փնտռեցէք: Ինքնավստահ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պաշտօնակիցներուն միջեւ թիւրիմացութիւն պիտի ունենաք: Սահման մը դրէք անոնց եւ ձեր միջեւ եւ յարգեցէք դուք ձեզ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբթուան սկիզբը դժուար պիտի ըլլայ: Ձեր սովորութիւնը փոխեցէք, որպէսզի չենթարկուիք միօրինակութեան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ոեւէ մէկը ձեզ հմայիչ գտնէ, ստիպուած չէք անոր փափաքին պատասխանելու: Այս պարագային հպարտ եղէք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )