Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի. Իրան Խոստովանած Է, Որ Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքեր Հարուածած Է

1207_rahimpour

Իպրահիմ Ռահիմփուր

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Իպրահիմ Ռահիմփուր բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ Իրան օդային հարուածներ հասցուցած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն:

Ռահիմփուր յայտնած է, որ Իրան օդային հարուածներ հասցուցած է` յանուն «Իրաքի մէջ իր ընկերներու շահերուն պաշտպանութեան»:

«Այս հարցին մէջ մենք չենք ունեցած գործողութիւններու որեւէ համակարգում ամերիկացիներուն հետ: Մենք օդային հարուածները համակարգած ենք միայն Իրաքի կառավարութեան հետ», նշած է փոխնախարարը:

Յիշեցնենք, որ Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի 3 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Իրան «Էֆ-4 Ֆանթըմ» ռմբաձիգներով հարուածած է Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Թեհրան հերքած էր այդ լուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )