Ո՞վ Արժանի Է «Ոսկի Խնձոր»-ին. «Ներկայացման Ընդմէջէն Հանդիսատեսին Կը Փոխանցուի Դրական Տրամադրութիւն. Անիկա Թէ՛ Աշակերտներուն, Եւ Թէ Հասուն Տարիքի Արուեստասէրին Համար Է», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռոպերթ Առաքելեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

1209_RobertArakelianԴպրոցական գրասեղաններուն ետին գտնուող ո՞ր աշակերտը ներքին բուռն փափաքը չէ ունեցած այս կամ այն առիթով բեմ բարձրանալու բախտաւորութիւնը ունենալու:

Բեմին վրայ մանուկներուն եւ պատանիներուն համարձակ եւ անմիջական խաղարկութիւնները դիտող ո՞ր անհատը պահ մը չէ ուզած անոնցմէ մէկուն տեղը ըլլալ: Բեմ, լոյսեր, բեմայարդարում, զգեստներ, պատասխանատուի ցուցումներ, ներքին վախ եւ մնայուն փորձ` լաւագոյնը ներկայացնելու հանդիսատեսին: Գրաւիչ երեւոյթներ, զորս վայելելու առիթը չի տրուիր բոլորին:

Նման փափաք, ներքին մղում ու իղձ ունեցողները գրաւիչ բեմէն ու անոր առթած հմայքէն չզրկելու, ընդհակառակն, երեխաներուն մէջ բեմին եւ թատրոնին նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը ամրապնդելու, անոնց տաղանդները բացայայտելու եւ զարգացնելու նպատակով կը գործէ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցն ու համանուն թատերախումբը, որոնց երդիքին տակ կազմաւորուեցան ու կը կազմաւորուին սերունդներ, բեմադրուեցան ու կը բեմադրուին բազմաթիւ թատերախաղեր, եւ բարեբախտաբար, երթը կը շարունակուի:

Նոր տարուան սեմին լիբանանահայ մեծ ու փոքր հանդիսատեսներուն իբրեւ նուէր «Արեգ» թատերախումբը հինգշաբթի 11 եւ ուրբաթ 12 դեկտեմբեր 2014-ին երկուքական ելոյթներով (աշակերտական), ապա` շաբաթ, 13 դեկտեմբերին (երեկոյթ) պիտի ներկայացնէ հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի «Ոսկի խնձորը» երաժշտական թատերախաղը` հետեւողութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Ծիտ» հեքիաթին:

Թատերական դպրոցին, թատերախումբին, նոր ներկայացման մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու եւ ընդհանրապէս թատերական կեանքին ու ներկայ կացութեան մասին խօսելու միտումով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Ռոպերթ Առաքելեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- «Արեգ» թատերական դպրոց եւ «Արեգ» թատերախումբ. երկուքն ալ նոյն անունը կրելով արդեօք շփոթ չե՞ն յառաջացներ:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- «Արեգ»-ը որպէս թատերախումբ հիմնուած է 1999-ին: Տարբեր տարիներու ընթացքին թատերախումբի խաղացանկին հարստացման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են բեմադրիչներ Վիգէն Ստեփանեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Յասմիկ Պերթիզլեանը եւ Կարէն Խաչատուրեանը:

«Արեգ» թատերախումբը մնայուն եւ հետեւողական կերպով շնորհալի անհատներով օժտելու նպատակով 2008-ին հիմնեցինք նոյնանուն թատերական դպրոցը, որ ներկայիս կը գործէ «Լ. Շանթ» եւ «Ն. Աղբալեան» կեդրոններուն մէջ` եռամեայ ուսումնական ծրագիրով:

Ներկայիս «Արեգ» դպրոցին մէջ կ՛ուսանին շուրջ յիսուն աշակերտներ: Մշակութային կազմաւորումով օժտուած շրջանաւարտները ամէն տարի կը համալրեն նոյնանուն թատերախումբին շարքերը. ներկայիս անոնց թիւը կը հասնի հարիւրի: «Արեգ»-ը նախ դպրոց է, ապա թատերախումբ, ուստի` երկուքը կազմելով մէկ ամբողջութիւն կը կրեն միեւնոյն անունը:

«Ա.».- Ի՞նչ պայմաններ պէտք է ամբողջացնէ պատանի մը` «Արեգ» թատերական դպրոց ընդունուելու համար: 

Ռ. Ա.- «Արեգ»-ի պարագային մենք կ՛ընդունինք բոլոր անոնք, որոնք կը թակեն մեր դպրոցի դռները: Դպրոցին մէջ մենք դերասանական տուեալներ չենք զարգացներ միայն, այլ այդ նպատակով պատրաստուած են թատրոնի դասագիրքեր: Տեսական նիւթերուն զուգահեռ կը կատարենք համապատասխան գործնական աշխատանքներ, որոնք կը վերաբերին ո՛չ միայն դերասանական արուեստին, բեմական խօսքին ու շարժման, մտքի ու մարմնի ճկունութեան, կեցուածքին եւ երեւակայութեան, դիմախաղին, երգին ու պարին, այլ նաեւ նիւթի ընտրութեան, դերերու բաշխման, բեմայարդարման ու լուսաւորման, հնչիւնային ձեւաւորման, դիմայարդարման, զգեստներուն եւ թատերական խորհրդաւոր աշխարհի այլազան օղակներուն:

«Ա.».- Այդ բոլորը բնականաբար կը նպաստեն աշակերտներու ընդհանուր զարգացման:

Ռ. Ա.- Անկասկած. մենք կը կատարենք զանազան քննարկումներ, կը հիւրընկալենք մտաւորականներ, կ՛այցելենք մշակութային օճախներ: Հետզհետէ կ՛ընդարձակուի աշակերտներուն մտահորիզոնը, կը բարձրանայ անոնց գեղագիտական ճաշակը:

«Ա.».- Տարուան ընթացքին քանի՞ անգամ բեմ կը բարձրանան «Արեգ»-ի դերասանները:

Ռ. Ա.- «Արեգ» թատերախումբին մէջ եղողները նուազագոյնը մէկ թատերախաղով կը ներկայանան հանրութեան:

«Ա.».- Եթէ ընտրուած նիւթին մէջ դերերուն թիւը սահմանափակ է, ի՞նչ կ՛ընեն միւս դերասանները:

Ռ. Ա.- Այդ պարագային հարկաւոր է երեւակայութիւն ունենալ եւ բոլորը բեմ հանելու նպատակով ընդլայնել թատերախաղը: Մենք թատերական դպրոց ենք եւ ուսանողական թատերախումբ, հետեւաբար պարտաւոր ենք բոլորը բեմ բարձրացնելու` աշակերտին մէջ վառ պահելով բեմին հանդէպ ունեցած սէրն ու եռանդը, որ մեծ արժէք մըն է: Ի վերջոյ «Արեգ»-ը փակ օղակ մը չէ: Պատանի դերասանները պարբերաբար կը մասնակցին մեր գաղութի մշակութային ձեռնարկներուն, տեղական ժապաւէններու նկարահանումներուն մաս կը կազմեն, նաեւ ներկայութիւն կ՛ըլլան տարբեր մրցում-փառատօններու:

Ուշագրաւ էր այս տարուան օգոստոսին Շուշիի մէջ կայացած «Մենախօսութեան միջազգային մրցոյթ-փառատօն»-ը, ուր «Արեգ»-ի դերասանները Արամ Ադամեանի եւ Սէրուժ Յովսէփեան յաղթանակ ապահովեցին` արժանանալով Արցախի եւ Հայաստանի մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւններուն կողմէ ճշդուած բարձրագոյն խրախուսանքներու:

Ըսեմ նաեւ, որ տարբեր գործունէութիւններու առիթով լիբանանահայ եւ հայրենի կարգ մը պարբերականներ, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններ անդրադարձած են «Արեգ»-ի գործունէութեան:

«Ա.».- «Արեգ» թատերախումբի տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած հարուստ խաղացանկին վրայ 11 դեկտեմբերին պիտի աւելնայ հատ մըն ալ` «Ոսկի խնձորը»: Խօսինք թատերախաղին մասին:

Ռ. Ա.- Երաժշտական թատերախաղը բարերարներու մասին է, որուն գրական առանցքը Յովհաննէս Թումանեանի փոքրածաւալ, սքանչելի «Ծիտը» հեքիաթն է, որ կը ներկայացուի նոր, ընդարձակ դիպաշարով, մերօրեայ սուր, կատակերգական երանգներով: Զոյգ պարերով «Արեգ»-ին կը միանան «Գայեանէ» պարի դպրոցէն կարգ մը աշակերտներ` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հայրենի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու: Բազմամարդ այս ներկայացումը նախատեսուած է բոլոր տարիքի հանդիսատեսներու համար:

«Ա.».- Ի՞նչ ընդհանուր տրամադրութիւն կը տիրէ «Ոսկի խնձոր»-ի փորձերուն ընթացքին:

Ռ. Ա.- Տարիներ առաջ փորձերուն ընթացքին կարգապահութեան պակաս կար, սիրողական վերաբերմունք, սակայն ներկայիս վիճակը այլ է: Դերասանները ճշդապահ են եւ կ՛աշխատին մեծագոյն լրջութեամբ: Եթէ պատանին հասկցած է թատրոն կոչուող արուեստի տեսակին խորքն ու լրջութիւնը, ան չի կրնար անլուրջ վերաբերմունք ունենալ հաւաքական վիթխարի աշխատանքին հանդէպ, ուր բոլորը միաւորողը գեղագիտական դաւանանքն է: Կարծես բոլոր քառասունհինգ դերակատարներն ու սպասարկող կազմը կը պատրաստուին տօնական ելոյթի մը կամ սրբազան հաղորդութեան, ուր առկայ է հաւաքական աշխատանքի ոգին, դժուարութիւնները միասնաբար դիմագրաւելու տոկունութիւնն ու նոյն նպատակը իրագործելու կամքը: Այդ բոլորը կը կայանան խստապահանջութեան, բծախնդրութեան, փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ մթնոլորտի մէջ, հետեւաբար` ներկայացումներուն ընթացքին բեմէն հանդիսատեսին կը փոխանցուի դրական անսահման տրամադրութիւն:

«Ա.».- Ներկայացման ընթացքին դուք, ինչպէս միշտ, հանդիսատե՞ս էք:

Ռ. Ա.- Փորձերուն ընթացքին ես հանդիսատեսի «դեսպանն» եմ, իսկ ներկայացման ընթացքին` հանդիսատես: Այդ մէկը ոչ թէ աւանդութիւն է, այլ ներկայացման ամբողջական ըլլալու երաշխիք: Ճիշդ նկատած էք, ես միշտ` իմ 125  բեմադրութիւններուս հանդիսատեսը եղած եմ:

«Ա.».- Խօսինք նաեւ ընդհանրապէս մանկապատանեկան թատրոնին մասին. ներկայիս տարածուած է այն կարծիքը, որ արուեստը ամէնուրեք նահանջ արձանագրած է: Ձեր կարծիքով ի՞նչ է ելքը:

Ռ. Ա.-  Ահազանգային իրավիճակները փրկելու համար միշտ պէտք է սկսիլ դպրոցներէն: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններն ու հոգաբարձութիւնը` հաւատալով այս անսակարկելի ճշմարտութեան, ի գին ամէն բանի կ’ուզեն ամուր հիմերու վրայ պահել գեղարուեստի դպրոցները, ուր կ՛ուսանին շուրջ հազար երկուհարիւր աշակերտներ: Այս ջանքը, անշուշտ, կու տայ իր արդիւնքը, որ արդէն իսկ նկատելի է:

«Ա.».- Եթէ մենք մեզ բաղդատենք այլ երկիրներու մանկապատանեկան թատերախումբերու հետ, ո՞ւր ենք մենք:

Ռ. Ա.- 2012-ի մայիսին զուիցերիական «Վինթրթուր» թատրոնը գերմաներէնի թարգմանած եւ բեմադրած էր իմ հեղինակած թատրերգութիւններէս մէկը, որուն առիթով ես պաշտօնապէս հրաւիրուեցայ այդ ներկայացման: Իմ տասներկու բեմական կերպարներս այնտեղ վերածուած էին շուրջ վեցհարիւրի: Դերակատարները ընտրուած էին  երկրի տարբեր դպրոցներէ: Ներկայացման կ՛ընկերանար երկրի ինը պետական սիմֆոնիք նուագախումբերէն մէկը: Բեմայարդարումը չափազանց շքեղ էր, անսահման թեքնիք միջոցներ, նիւթական խելայեղ ծախսեր:

Եթէ պահ մը այդ շքեղութիւնը անտեսենք, ապա դերասաններու կատարման մակարդակը կը մնար դպրոցական ատենամարզանքի սահմաններուն մէջ:

Թատրոնը մարդու մասին է, հետեւաբար մեր աշխատանքը առաւելաբար դերասանին հետ է:

2003-ին Հայաստանի «Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական փառատօնին կը մասնակցէին հայրենի տասնհինգ թատերախումբեր, որոնց կարգին մենք ակնյայտօրէն նկատուեցանք լաւագոյնը:

Ցաւօք, այլ երկիրներու մանկապատանեկան թատերախումբերուն ծանօթ չեմ:

«Ա.».- Վերադառնանք «Ոսկի խնձորը» ներկայացման: Քանի՞ ելոյթ նախատեսուած է եւ ո՞վ է ներկայացման ճիշդ հասցէատէրը:

Ռ. Ա.- 11 եւ 12 դեկտեմբերին կ՛ունենանք երկուքական ելոյթներ աշակերտութեան համար, իսկ 13 դեկտեմբերին` երեւոյթ մը:

Ներկայացման հասցէատէրերը թէ՛ աշակերտներն են, թէ հասուն տարիքի հանդիսատեսը: Իւրաքանչիւրը ականատես կ՛ըլլայ զինք յուզող գեղագիտական ու ընկերային հարցերու լուծման հրապուրիչ ընթացքին, կը զարմանայ, կը յուզուի, կը խնդայ ու մեր հերոսներուն հետ կը տօնէ արդարութեան յաղթանակը, որ շատ յաճախ կը բացակայի մեր կեանքերուն մէջ:

«Ա.».- «Ոսկի խնձորը» ներկայացումով կ’աւարտի «Արեգ»-ի 2014-ի գործունէութիւնը, ի՞նչ են ապագայի ծրագիրները:

Ռ. Ա.- Մեր յաջորդ ներկայացումը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, պիտի կայանայ 2015-ի գարնան:

Նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, իսկ առայժմ մեր հայեացքները կեդրոնացած են ամանորեայ այս ներկայացման վրայ, պարզելու համար, թէ ո՛վ արժանի է «Ոսկի խնձոր»-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )