Տեղի Ունեցաւ «Հայ Դատն Այսօր» 11-րդ Խորհրդաժողովը` Թեհրանի Մէջ

764924c46e61bd34c4302cf53ec4131f_XLԱրդէն 11 տարիներ շարունակ, հայ դատի Թեհրանի յանձնախումբը կը ձեռնարկէ «Հայ դատն այսօր» խորագիրով խորհրդաժողովի, որ, ըստ ժամանակի պահանջեց ամէն տարի կ՛ամփոփէ տարբեր նիւթեր:

11-րդ խորհրդաժողովի խորագիրն էր` «Միացեալ Հայաստան. հնարաւորութիւններ, հեռանկարներ», որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին իր մէջ յստակ նպատակ կը պարփակէր:

Թեհրանի Հայ դատի գրասենեակէն Արամ Շահնազարեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց. «Տարելից, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք ունինք նոր ընելիքներ, նոր հորիզոններ, զորս պէտք է նուաճենք: Իսկ երբ կ՛անցնինք ճանաչումէն պահանջատիրութիւն, ուրեմն այդ պահանջատիրութիւնը պէտք է յստակօրէն սահմանենք: Իսկ թէ ի՞նչ է պահանջատիրութիւնը, եւ ի՞նչ է մեր վերջնական տեսլականը»:

Այդ հիմնական տեսլականին շուրջ էին 11-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին կատարուող քննարկումները, որոնք տեղի ունեցան 20 եւ 21 նոյեմբերին, Թեհրանի Հայ ակումբի սրահին մէջ: Թիւով 11 զեկուցաբերներ, որոնք հրաւիրուած էին` Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուն` մանրամասնօրէն անդրադարձան Հայ դատի իրականացման ճանապարհին ներկայ մարտահրաւէրներուն, անոնց յաղթելու ելքերուն ու հնարաւորութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունին աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ:

Խորհրդաժողովի նախագահողներն էին` Սեւան Պետրոսեանը, Սուրիկ Աբնուսեանը եւ Արբի Մարթինը: Բացման նիստին իր խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը:

141122a01aԱն իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց իրաւական ու քաղաքական դաշտին մէջ նման քննարկումներուն անհրաժեշտութիւնը: Ապա հրաւիրուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեանը, որ ըսաւ.  «Խորհրդաժողովի գումարումը այս տարածաշրջանին, իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն երկիրներէն` Իրանի մէջ, նշանակելի երեւոյթ է»: Ան շարունակելով իր խօսքը` նշեց.  «Ուրախանալի է , որ այս նուիրեալ համայնքի մէջ է, որ կը ձեւաւորուի տեսիլքէն դէպի գործնական լուծումներ որոնող գիտնական աշխատանքներուն այս փուլը»:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներու մասին ծաւալուն բացատրութիւններ փոխանցելու համար հրաւիրուեցաւ նոյն գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը, որ մատնանշեց Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն դէմ ծառացած այն դժուարութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին , որոնք այսօր գոյութիւն ունին , ինչպէս նաև անդրադարձաւ գրասենեակի միամեայ աշխատանքներուն:

Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ  Արամ Աւագեանը հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակի մասին` նշելով, որ այս պահուն Սուրիոյ մէջ եւս կը տրուին 10 զեկոյցներ` Հայ դատի լսարանին մէջ:

Թեհրանի Հայ դատի գրասենեակի ծաւալուն աշխատանքներուն մասին զեկուցեց Արամ Շահնազարեանը:

Հայ դատի գրասենեակներու աշխատանքներուն մասին զեկուցումներէն ետք լսարանը ունկնդրեց գլխաւոր թեմային կապուած զեկոյցները, որոնցմէ առաջինը ներկայացուց Իսլ. խորհրդարանի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան տոքթ. Կարէն Խանլարեանը հետեւեալ թեմայով` «Միացեալ Հայաստանի մեկնութիւնը` «Հայ դատ» հասկացողութեան մէջ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի իրագործման հեռանկարները»:

«Միացեալ Հայաստանի գաղափարի իրաւական պայմանները» թեմայով բանախօսեց «Մոտուս վիվենտի» եւ կեդրոնի ղեկավար Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեանը:

Երկրորդ օրուան զեկուցաբերներն էին` Թեհրանի «ՀՈՒՍԿ» հաստատութենէն` Իսակ Իւնանէսեանը, որ խօսեցաւ «Հայկական հարցը Թուրքիոյ պետական, քաղաքական, հասարակական եւ մտաւորական շրջանակներու տեսանկիւնէն» թեմային շուրջ: «Անկախ Քիւրտիստանի տեսլականն ու անոր հնարաւոր ազդեցութիւնը Միացեալ Հայաստանի ստեղծման վրայ» թեման շօշափեց Արամ Շահնազարեանը:

141122a01dԶեկուցաբերներէն էր` Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ եւ «Ազդակ» օրաթերթի շրջանային ու միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեանը, որուն թեման էր` «Արաբական աշխարհի արձագանգը` Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական զարգացումներուն եւ անոնց հնարաւոր ազդեցութիւնը Հայկական հարցին վրայ»: Իսկ Իսլ. խորհրդարանի Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեանի զեկոյցին թեման էր` «Իրանի արձագանգը Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական քարտեսի հնարաւոր փոփոխութիւններուն մէջ »:

«Եւրոմիութեան հաւանական արձագանգը` Միացեալ Հայաստանի ստեղծման հեռանկարին» թեմայով բանախօսեց Գասպար Կարապետեանը: Հայաստանէն հրաւիրուած քաղաքագէտ, բարձրագոյն կրթութեան փորձագէտ Նուարդ Մանասեան զեկուցեց «Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հաւանական արձագանգը` Միացեալ Հայաստանի ստեղծման հեռանկարին գծով» թեմային շուրջ: «Անկախ Հայաստանի դերն ու նշանակութիւնը` Միացեալ Հայաստանի ստեղծման գործընթացում» թեմային անդրադարձաւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեանը: «Արցախի դերն ու նշանակութիւնը Հայ դատի համար տարուող պայքարի գործընթացին մէջ» թեմային անդրադարձաւ ՀՅԴ Արցախի Կենդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:

Յատկանշական էր, որ իւրաքանչիւր զեկուցաբերի ելոյթէն ետք լսարանին հարցումներուն եւ տեսակէտներու արտայայտման առիթ կը տրուէր, որոնց արդիւնք` կը յաջորդէին քննարկումներ:

Խորհրդաժողովէն ետք հրաւիրուեցան Թեհրանի   Թեմական խորհուրդի կողմէն կեանքի կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի նախագահ Արմենուշ Առաքելեանը, որ զեկուցեց յանձնախումբի աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ` Գեւիկ Մկրտչեանը:

Խորհրդաժողովին ներկայ էին նաեւ` Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը եւ դեսպանութեան աշխատակազմը, Թեհրանի թեմի Ազգային իշխանութեան, մարմիններու ու միութիւններու, Ատրպատականի եւ Սպահանի հայոց թեմերու ներկայացուցիչները:

 «Հայ Դատն Այսօր» 11-րդ Խորհրդաժողովի
Բանաձեւ-Յայտարարութիւնը

Թեհրանի Հայ դատի յանձնախմբին նախաձեռնութեամբ նոյեմբեր 20-ին եւ 21-ին տեղի ունեցաւ «Միացեալ Հայաստան. հնարաւորութիւններ-հեռանկարներ» վերտառութեամբ «Հայ դատն այսօր»` 11-րդ խորհրդաժողովը, նպատակ ունենալով վեր հանելու բոլոր մարտահրաւէրները, դրանց յաղթահարման ելքերը, հնարաւորութիւններն ու առիթները, որոնք առկայ են Հայ դատի վերջնական տեսլականի` Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի ստեղծման գործում:

«Հայ դատն այսօր»` 11-րդ խորհրդաժողովը լսելով ներկայացուած զեկոյցները, ծաւալուած քննարկումներն ու հնչեցրած մտքերը` գտնում է.

– Հայ դատի լուծման վերջնական տեսլականը եղել եւ մնում է Միացեալ Հայաստանի ձեւաւորումը, առանց որի` դժուար է պատկերացնել հայ ժողովրդի լիարժէք կենսագործունէութեան ապահովումը` աշխարհաքաղաքական բարդ իրադարձութիւնների եւ զարգացումների պարունակում:

– Միացեալ Հայաստանի սահմանումը բնորոշւում է Սեւրի պայմանագրով, եւ ուիլսընեան իրաւարար վճռով:

Սրանք այն փաստաթղթերն են, որոնք չեն կորցրել իրենց այժմէականութիւնը եւ շարունակելու են պահպանել իրենց իրաւական ուժը, եթէ մենք օր առաջ քայլեր ձեռնարկենք դրանց կեանքի կոչման կապակցութեամբ:

– Անհրաժեշտ է ազգովի գալ այն համոզման, որ անկախ հաւատամքի, լեզուական եւ ապրելավայրի տարբերութեան, հայ ժողովրդի բոլոր մասնիկների ու բեկորների հաւաքական եւ համատեղ ջանքերի շնորհիւ է միայն, որ մեզ կը յաջողուի կեանքի կոչել Միացեալ Հայաստանի գաղափարը:

– Վերոնշեալ սահմանումից ելնելով` իւրաքանչիւր հայկական բեկոր կամ համայնք, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններն իրենց պետական համակարգերով պէտք է նպաստեն միջազգային հանրութեան կողմից Միացեալ Հայաստանի գաղափարի ընկալման եւ դրա կեանքի կոչման շուրջ դրական կարծիքի ձեւաւորման գործին:

– Միացեալ Հայաստանի գաղափարի կենսագործման համար անհրաժեշտ է մշակել ազգային, գաղափարախօսական-նպատակային ընկալում, որը կը նպաստի այս կապակցութեամբ ռազմավարութեան մշակման, որի հիմամբ հնարաւոր կը լինի վեր հանել բոլոր մարտահրաւէրները, այդ թւում` Հայոց ցեղասպանութեան հիմնահարցի պարունակում 100-ամեայ պահանջատիրութեան պայքարի յստակ սահմանումն ու հիմնաւորումը, ճշդել դրանց յաղթահարման ուղիները, սահմանել հնարաւորութիւններն ու առիթները:

Հաւատում ենք, որ Միացեալ Հայաստանի եւ միացեալ հայութեան տեսլականները միանգամայն իրատեսական եւ իրականանալի գաղափարներ են, որոնց շնորհիւ էլ, երաշխաւորուելու են հայութեան գալիք սերունդների բնականոն կենսագործունէութիւնը` քաղաքակիրթ մարդկութեան ընտանիքում:

Թեհրան
21 նոյեմբերի
2014 թ.

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )