Ակնարկ. Թրքական Շրջադարձի Նախանշաննե՞ր

putin-Erdogan-Davutoglu-HahnԵւրոպական Միութեան Ընդլայնման գծով յանձնակատար Եոհաննես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ յունուարին:

«Գործը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ», ըսած է Հան:

Բացի ատկէ, եւրոպական պատուիրակութիւնը անդրադարձած է Իսլամական պետութեան դէմ պայքարին: Քննարկուած են Իսլամական պետութեան զինեալներուն մասին տեղեկատուութեան փոխանակման հարցը, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ պայքարի համակարգուած ռազմավարութիւնը: Ան նաեւ յայտարարած է, որ քննարկման աւարտական փուլին մէջ կը գտնուի գաղթականներու կարիքներուն համար Թուրքիոյ մօտ 70 միլիոն եւրօ յատկացնելու հարցը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը չի թելադրեր զարմանալ, եւրոպական արժէքներուն դէմ ուղղակիօրէն հակադրուող Անգարայի այսօրուան թիւ 1 ղեկավարին դրսեւորած վարքագիծին  դիմաց Եւրոպական Միութեան այս տեսակ արձագանգումին առիթով:

Հակառակ անոր որ Պրիւքսէլը առկախած էր Անգարայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան միտող բանակցութիւնները յատկապէս Կիպրոսի հարցին պատճառով, Թուրքիոյ պաշտօնական հետագայ կեցուածքները Կիպրոսի հանգոյցէն շատ աւելի պատճառներ հրամցուցին բանակցութիւններուն չվերաձեռնարկելու համար:

Խօսքը միայն չի վերաբերիր ցեղապաշտական բնոյթի, սեռային խտրականութեան, իսլամ ամբոխ սիրաշահելու համար արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ամբողջ հարցականի տակ առնող եւ նմանատիպ յայտարարութիւններուն, որոնք հնչեցին Թուրքիոյ նախագահին կողմէ:

Հիմնական հարցը, Արեւմուտքի մղումով եւ քաջալերանքով սկսած, սակայն վերահսկողութենէ դուրս եկած եւ այսօր միեւնոյն Արեւմուտքին կողմէ սահմանափակ պատերազմ յայտարարուած Իսլամական պետութեան նկատմամբ Անգարայի աջակցական քաղաքականութիւնն է:

Այս մեծ հակասութիւնն է, որ շատ բացայայտ ձեւով ոչ միայն անուշադրութեան կը մատնուի ընդհանրապէս Արեւմուտքի եւ այս պարագային Եւրոպական Միութեան կողմէ, որ լուրջ կասկածի տակ կ՛առնէ միջազգային այդ կառոյցներուն Իսլամական պետութեան նկատմամբ յայտարարուած եւ գործադրութեան դրուած քաղաքականութիւններուն միջեւ երեւցող հակասական անջրպետը: Այստեղ կարելի է առարկել, որ Անգարան իսլամական զինեալներուն նկատմամբ իր դիրքորոշումը փոխելու նկրտումներ կը ցուցադրէ: Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած են, որ ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ Իրաքի մէջ օտարերկրացի զինեալներ կ՛ուզեն տեսնել: Տաւութօղլուն ատիկա բացատրած է անով, որ օտարերկրացի զինեալները կը խեղաթիւրեն Սուրիոյ ընդդիմութեան արդարացի՛ պայքարի իմաստը:

Յայտարարողական մակարդակի վրայ կատարուած այս փոփոխութիւնը Անգարայի կողմէ պարզ կը դառնայ, երբ Թուրքիա իր սահմանը փակէ նման զինեալներու ազատ ելումուտին համար: Սուրիական կառավարական ուժերու կողմէ Հալէպի շրջափակումին հետեւելիք գործողութիւնները լոյս կը սփռեն հետագայ ընթացքին մասին:

Էրտողանի կիրարկած առաձգականութիւնը այս խաղին մէջ բաւական նեղցած է: Ռուսիոյ նախագահին Անգարա կատարած այցելութեան անմիջապէս հետեւած Եւրոպական Միութեան  պատուիրակութեան այցելութիւնը միայն Անգարան սիրաշահելու փորձերով չի բացատրուիր: Այստեղ յստակ ճնշում կայ Իսլամական պետութեան զարգացման եւ տարածման ընթացքին մեծ աջակցութիւն ցոյց տուած Անգարային վրայ, որուն ղեկավարը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու համաժողովին ընթացքին իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Արեւմուտքը չի սիրեր իսլամները, անոնք կը ժպտին մեր երեսներուն, միաժամանակ կը հրճուին մեր եւ մեր երեխաներուն մահերով: Ինչքան երկար մենք պիտի հանդուրժենք այս իրավիճակը»: Իր ելոյթին մէջ Էրտողանը կոչ ուղղած էր մահմետական երկիրներուն միաւորուելու Արեւմուտքի դէմ պայքարին մէջ:

Նման հռետորաբանութիւն գործածող երկրի մը հետ Եւրոպական Միութիւնը կը խոստանայ վերսկսիլ անդամակցութեան բանակցութիւնները: Բանակցիլ եւ գումար յատկացնել, որպէսզի Անգարան չաջակցի Իսլամական պետութեան կայացման: Բայց այս մէկը իբրեւ հարց միակը չէ:

Իսլամականներուն աջակցութիւն ցոյց չտալու առումով Անգարային կողմէ կատարուող շրջադարձի նախանշանները տակաւին գետնի վրայ չեն առարկայացած: Մնացեալը` անդամակցութեան վերսկսման հետ կապուած, պարզապէս մեկուսացման ենթարկուող Մոսկուայի հետ Անգարայի  համագործակցութեան դռները նեղցնելու կը միտին: Մանաւանդ որ հազիւ աւարտած Փութինի հանդիպումները Էրտողանի հետ, Եւրոպական Միութեան պատուիրակները հասան Անգարա եւ սկսան բանակցիլ Արեւմուտքի դէմ պատերազմի յայտարարութեան համազօր հռետորաբանութեամբ հանդէս եկող Էրտողանի հետ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Hagop Atamian 9 years

    Մէկ բան յստակ է:
    Թուրքիան է միակ օգտուողը ինչ քաղաքականութիւն ալ դառնայ աշխարհի մէջ:
    Դարերէ ի վեր կացութիւնը նոյնն է եւ նոյնը պիտի մնայ…:
    Փոքրամասնութիւնները պիտի չքանան Թուրքիայէն…:
    Իսկ Արեւմուտքի յայտնի ծրագիրը՝ «Հայաստանը Առանց Հայու» պիտի իրագործուի ուշ կամ կանուխ…: Մենք ուշիմ Հայեր պիտի արտածենք անդադար…:
    Մինչ այդ՝ կեցցէ Ազատ, Անկախ եւ (չ)Միացեալ Հայաստանը…

  • Disqus ( )