Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք փոքրերու պահանջներուն: Ճիշդ օրն է անոնց երազել սորվեցնելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալին պատահած հարցերուն մասին բացատրութիւններ պիտի տաք, որ լաւ արդիւնք պիտի տայ: Օրը ունի ուրախ առիթներ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մտածումով բաց եղէք ձեր շուրջիններուն դիմաց: Տրամադիր էք նոր արկածախնդրութիւն մը ապրելու:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադրութեամբ հետեւեցէք ձեր ձեռքերուն կատարած աշխատանքին: Ոչ մէկ ձախողութիւն` օրուան ձեր աշխատանքին ընթացքին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարդ հմայողները յաջողութիւն պիտի ունենան այսօր. թերեւս` քիչ մը աւելի: Զոհը մի՛ ըլլաք ձեր սեփական հմայքին:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր խրատները արժէքաւոր պիտի ըլլան անոնց համար, որոնք կարիքը ունին խրատի: Մի՛ խնայէք ձեր գիտցածը, այլ փոխանցեցէք այն, ինչ որ գիտէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կազմակերպուած եղէք: Հարցերը յստակ են, պէտք է զանոնք լաւ ըմբռնել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ վերանորոգուելու փափաքը զօրաւոր պիտի ըլլայ: Այս պարագային աշխատանքային նորութիւնները ազդու պիտի ըլլան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրինակելի եղէք եւ փաստեցէք բարեսիրութիւնը այս ամսուան ընթացքին: Անշուշտ ձեր շուրջը պիտի տեսնէք բազմաթիւ կարօտեալներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր պարտքերը պիտի վճարէք. ձեզի պիտի յանձնուի գումար մը. ձեր նիւթական շահը պիտի աճի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վերսկսեցէք մոռցուած երկխօսութիւն մը: Այս ձեւով կարեւոր օգուտ մը պիտի քաղէք: Արթուն եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր օրուան հերոսը պիտի նկատուիք: Նոր եռանդ մը պարուրած է ձեզ, որով պիտի արժանանաք յարգանքի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )