Ֆեթիհ Աքինի «Խզումը» Ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ Մէջ

Ն. Ս.

1112_posterԴեկտեմբեր 2-ի երեկոյեան հոգեկան նոր «փորձութեան» օր մըն էր բոլոր անոնց համար, որոնք հրաւիրուած էին մասնակցելու թրքական ծագումով գերման յայտնի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի «Խզումը» («Տը քաթ») ժապաւէնի կալա-ներկայացման:

Այս ժապաւէնին նիւթը անգամ մը եւս մեզ դէմ յանդիման պիտի թողուր հայ ժողովուրդի մօտիկ անցեալի պատմութեան ողբերգական ու տառապալից էջերուն հետ, կրկին ու կրկին պիտի կոտտացնէր մեր սիրտերը եւ պատճառ պիտի դառնար, որ մենք այդ ժապաւէնի գլխաւոր հերոսի անձին ու իր ընտանիքին ողբերգական պատմութեան մէջ մեր հոգիի խորերէն ողբայինք նաեւ մեր բի՜ւր նահատակներու դժբախտ ճակատագիրի վրայ, ապրէինք հազարաւոր հայրենակիցներ կորսնցնելու մեծ ու անդարմանելի ցաւը ու մեր սիրտերուն մէջ «խունկ վառէինք» անոնց անթառամ յիշատակին:

«Խզումը» ժապաւէնի համաշխարհային կալան տեղի ունեցած էր 31 օգոստոսին, Վենետիկի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին, ապա ցուցադրուած էր եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ, իսկ այժմ թուրք արուեստասէրներու համար է, որ առիթ կը ստեղծուէր` անձնական մօտեցումով, անձնական ներքնաշխարհի տեսանկիւնէն գլուխ գլխի մնալու այն ոդիսականին հետ, որուն դատապարտուած էր այս հոյակապ ժապաւէնին հերոսը` Նազարէթ Մանուկեանը: Ժապաւէնը Թուրքիոյ շարժապատկերներու սրահներուն մէջ պիտի սկսի ցուցադրուելու 5 դեկտեմբերին, իսկ երէկ առաւօտուն` «Քանիոն», երեկոյեան ալ Նշանթաշը «Սիթիզ» հանրախանութներու շարժապատկերի սրահներուն մէջ կայացան կալա-ցուցադրութիւնները: Հոն էին բեմադրիչը` Ֆաթիհ Աքին, դերասաններէն` Գէորգ Մալիքեանը, Պարթու Քիւչիւքչաղլայանը, Հինտի Զահրան, որոնք ժապաւէնի մեծադիր գովազդին առջեւ լուսանկարուեցան, ապա Ֆաթիհ Աքին խօսեցաւ ժապաւէնի գեղարուեստական արժէքին մասին:

Հրաւիրեալներուն մէջ կը գտնուէին շարժապատկերի յայտնի քննադատներ, լրագրողներ, յառաջադէմ քաղաքագէտներ, դերասաններ, որոնց եւս, հայ հրաւիրեալներու նման, հոգեկան փորձութիւն կը սպասուէր` ի տես շարժապատկերի այն դրուագներուն, որոնք 1915-ի տարագիրներու տառապանքը կը պատմէին գաղթի ու աքսորի ճամբուն վրայ:

Ծանօթ է, որ ամիսներէ ի վեր շատ բան գրուեցաւ «Խզումը»-ի մասին եւ թէ՛ բեմադրիչը, թէ՛ շարժապատկերի արտադրիչները մեծապէս քննադատուեցան ազգայնապաշտ շրջանակներու կողմէ: Այո՛, անկարելի է առանց յուզումի ու ցաւի, առանց ափսոսանքի ու ներքին տուայտանքներու դիտել ժապաւէնը: Մանաւա՛նդ թուրք հասարակութեան համար, վստահաբար անկարելի է նաեւ առանց ինքնահաշուեյարդարի, առանց զգացականութեան, առանց ժապաւէնի հերոսի ոդիսականին հետ հաղորդ մնալու` հետեւիլ ժապաւէնի ցուցադրութեան ու բաժնուիլ սրահէն: Այո՛, Ֆաթիհ Աքին շատ համարձակ ու խիզախ իրագործում մը կատարած է, ու այս տեսակէտէն` ծափահարելի է իր բարձր անհատականութիւնը, որովհետեւ բեմադրիչը անդրադարձած է խիստ կարեւոր հարցի մը. թուրք ժողովուրդին համար իր պատմական անցեալին հետ հաշուեյարդար տեսնելու անհաճոյ ու միշտ բանավէճի ենթակայ նիւթը:

Ի՞նչ է ժապաւէնին թեման: 1915 թուականին Մարտինի մէջ կը սկսին դէպքերը: Գիշեր մը օսմանեան զինուորներ քաղաքի բոլոր հայ այրերը կը հաւաքեն ու անոնց հետ միասին իր ընտանիքէն կը փրցնեն նաեւ դարբին Նազարէթ Մանուկեան անունով գլխաւոր հերոսը, որուն ոդիսականը կը սկսի գաղթի ճամբուն վրայ: Նազարէթ երկուորեակ երկու աղջիկներու` Արսինէի ու Լուսինէի, հայրն էր. կինը` Ռաքէլ ու աղջիկները, ամբողջ ընտանիքին հետ միասին կը քշուին դէպի Տէր Զօրի անապատը, հազարաւոր տեղահանուածներու հետ միասին: Ժապաւէնին առաջին հատուածը շատ ազդու տեսարաններ ունի. գլխաւոր հերոսին անոր հետ միասին ձերբակալուած մարտինցիներու տառապալից օրերու ծանր ապրումները, սպանութեան դրուագը, երբ իր բոլոր ընկերները վայրագօրէն կը գլխատուին, սակայն իր ոճրագործին ձեռքը չ՛երթար սպաննելու զինք: Նազարէթ Մանուկեան ծանրօրէն կը վիրաւորուի, բայց կը փրկուի իր դահիճին` Մեհմետի կողմէ, որ մարդասիրական մօտեցումով զինք կը հանէ այդ վայրէն: Մանուկեանին ձայնալարերը կը վնասուին ու այլեւս չի կրնար խօսիլ, բայց ան ապրելու եւ ընտանիքը գտնելու մեծ վճռակամութեամբ կը բռնէ տարագրութեան ու որոնումի ճամբան:

Հետագայ տեսարանները կը շարունակուին Սուրիոյ, յետոյ Քուպայի ու Ամերիկայի մէջ, երբ հերոսը կը տեղեկանայ, թէ իր դուստրերը ողջ են: Դէպքերու գնացքը այս անգամ կը փոխէ իր աշխարհագրութիւնը եւ Նազարէթին ոդիսականը յամառ պայքարի շունչով կը շարունակուի ամերիկեան ափերուն վրայ: Հո՛ն է, որ ի վերջոյ Նազարէթ Մանուկեան կը գտնէ իր երկուորեակներուն հետքերը, եւ կը կայանայ «մեծ հանդիպումը»: Նազարէթ, որ եօթը տարի շարունակ փնտռտուքի մէջ էր, կը գտնէ իր երկուորեակ աղջիկներէն մէկը` Լուսինէն, որ կաղ մնացած էր գաղթի ճամբուն վրայ, եւ եօթնամեայ դադարէ ետք, իր կոկորդէն կ՛ելլէ դստեր անունը: Գալով միւս աղջկան` Արսինէին, ան դժբախտաբար մեռած էր վարակի մը պատճառով ու հօրը կը մնար միայն դստեր սառը շիրիմը համբուրել օտար այդ երկրի օտար գերեզմանատան մը մէջ:

Ընդհանրապէս ժապաւէնը կարելի է երկու մասի բաժնել: Առաջին մասը հայ ժողովուրդին ցաւը, իսկ երկրորդ բաժինը, շարժապատկերային արուեստի տեսանկիւնէն, յոյսի զգացումն է, որ կը ցոլացնէ: Նոյնիսկ ամէնէն վայրագ ու դաժան տեսարանները հաւասարակշռուած ձեւով մատուցուած են. դերեր ունին Արսինէ Խանճեան, Սիմոն Աբգարեան, Գէորգ Մալիքեան, կը լսուին նաեւ հայկական խօսակցութիւններու պատառիկներ ու մեղեդիներ:

Վերջաւորութեան, ամբողջ սրահը ծափահարութիւններով իր գնահատանքը յայտնեց բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի, որ իր կարգին հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Անատոլու քիւլթիւր» հիմնարկի տնօրէն Օսման Քաւալային եւ իր քանի մը ընկերներուն` Թուրքիոյ մէջ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը ապահովելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )