Մարդ Մը, Որ Գործ Ըրաւ

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

1213SourenKhanamirianՍուրէն Խանամիրեանի մեկնումով Լիբանանի հայութիւնը կորսնցուց ազգային բարերար մը, ազգային-հասարակական գործիչ մը եւ քաղաքական դէմք մը:

Իբրեւ ազգային բարերար` իր իշխանական նուիրատուութեամբ ան Լիբանանի հայութեան նուիրեց Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը եւ միշտ զօրակցեցաւ գաղութին ու անոր կառոյցներու գոյատեւման:

Իբրեւ ազգային հասարակական գործիչ` զինք կը տեսնենք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային  գաւառական թէ քաղաքական ժողովներու, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ բարեգործականի մէջ:

Իբրեւ քաղաքական դէմք` ան խորհրդարանին մէջ եղաւ Լիբանանի հայութեան ներկայացուցիչ երեսփոխանը, որ 1960-էն 1996, ամբողջ 36 տարի, արժանաւոր կերպով կատարեց իր պաշտօնը: Երեք անգամ նշանակուեցաւ նախարար` դառնալով անաչառութեան խորհրդանիշ: Պետական թէ լիբանանեան հասարակական կեանքին մէջ ստանձնեց զանազան պատասխանատուութիւններ:

Այս բոլորը Սուրէն Խանամիրեանի գործն էին:

Իսկ Սուրէն Խանամիրեան մա՞րդը:

Նախ` հայ մարդ էր, բառին ամբողջական իմաստով: Աւելի՛ն, հաւատացողը հայութեան ուժին:

Խանամիրեան քոլեճի բացման առիթով, 10 հոկտեմբեր 1964-ին, իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրէն Խանամիրեան, որ յաճախած էր նախկին Ս. Նշան վարժարանը եւ հոնկէ ստացած էր նախակրթարանի վկայականը կ՛ըսէ. «1937-ին կ՛աւարտեմ նախակրթարանս` մտնելու համար այս անգամ քաղաքիս Ֆրերներու վարժարանը, եւ աւելի ուշ` Ֆաքիւլթէ տը Տրուա, ուրկէ կը ստանամ լիսանս, 1946 թուին: Այդ երեքէն միա՛յն այդ առաջինն էր, որ զիս ամրօրէն կազմած էր հայ, եւ պահած` իմ ժողովուրդիս»:

Ամրօրէն հայ կազմուած այս մարդը ո՛չ տկարացաւ իր հայութեան մէջ, ո՛չ դրամն ու հարստութիւնը, ո՛չ քաղաքական գործը եւ ո՛չ ալ համբաւը զինք շփացուցին, այլափոխեցին եւ հայութենէ հեռացուցին:

Մնաց հաւատարիմ զինք ծնած ժողովուրդին:

Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ եղաւ աննկուն պաշտպանը հայ մարդուն եւ Լիբանանի հայութեան: Ամբողջութեամբ կատարեց իրմէ ակնկալուածը` հայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր: Պատերազմի ամենաթէժ օրերուն, քաջութեամբ պաշտպանեց հայութիւնը, մերժելով հայ անհատին եւ հայկական կառոյցներու դէմ որեւէ սանձարձակութիւն: Երբ իր սեփական հաստատութիւնը բոցերու մէջ էր, ոչինչ խնայեց Պուրճ Համուտն ու հայահոծ շրջանները բոցերէն հեռու պահելու համար:

Մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց Հայաստանի անկախութեան հռչակումը: Լիբանանի մէջ պետական քաղաքական իր հանգամանքը արգելք չհանդիսացաւ, որ ինք մասնակցի Հայաստանի պետականութեան կայացման եւ հզօրացման: Յաճախակի իր այցելութիւններով, ան Երեւանի մէջ թէ այլուր միշտ բարձրաձայնեց պետութիւնը ամուր, անապական հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը` միշտ յիշելով, որ հողն ու պետական կառոյցները կը գոյատեւեն, իսկ անհատները կը մեկնին:

Սուրէն Խանամիրեան երախտագէտ մարդ էր: Խօսելով Ս. Նշան վարժարանի աղքատիկ արտաքինին մասին` ան կ՛ըսէ. «… Վերջին երկու օտար հաստատութիւնները առաւել ընդգծեցին իմ հին դպրոցիս աղքատութիւնը: Այսուհանդերձ, ես կը շարունակէի այդ երեքէն աւելի սիրել առաջինը,- իմ դպրոցս, ուր անցուցած էի իմ մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս»: Ու կը շարունակէ. «Համալսարանական` ես շարունակեցի մնալ Ս. Նշանական»: Ու վերջապէս, կ՛եզրակացնէ. «Իմ նուիրատուութիւնս պզտիկ, շատ պզտիկ սիրոյ տուրք մըն է աղքատ, եւ սակայն` ՄԵԾ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ»:

1962-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն սրբազանին դիմումին ընդառաջելով` ան կը խոստանայ հոգալ նոր վարժարանի մը շինութեան ամբողջական ծախսերը: Ու երբ ծրագիրը գործնականացնելու համար վճարումի ժամը կը հասնի, պրն. Սուրէն (այդպէս կը կոչէինք զինք) նիւթական վնասներու կը մատնուի: Բայց պէտք էր խոստումը յարգել: Կը մերժէ իր հօրը դիմել եւ անկէ նոյնիսկ փոխ դրամ առնել: Կը ստիպուի իր սեփականութիւնը եղող հող մը ծախել ու խոստումը յարգել: Դրուագ մը, որ անձնապէս լսած եմ Խորէն վեհափառէն եւ երկար պնդումներէ ետք, ճշգրտութիւնը «կորզած եմ» Սուրէն Խանամիրեանէն:

Խոնարհ ու ազնիւ մարդ էր Սուրէն Խանամիրեան: Ան եղաւ այն բարերարը, որ առանց պայմանի տուաւ ու ոչ մէկ ձեւով ուզեց մասնակից ըլլալ կամ կարծիք տալ շէնքին, շինութեան, ճարտարապետին կամ իր տուածը գործածելու ձեւին մասին: Նոյնի՛սկ անակնկալի եկաւ, երբ հանդիսութեան ընթացքին իր անունով մկրտուեցաւ քոլեճը:

Խանամիրեան քոլեճի աշակերտութեանս օրերուն, թէ՛ Սուրբ Զատկի, եւ թէ Նոր տարուան խրախճանքներուն ներկայ էր ան: Երեխայի պէս, մանկապարտէզի թէ նախակրթարանի աշակերտներուն հետ կը խօսէր, կը կատակէր, կ՛ուրախանար: Երբ խօսք տրուէր իրեն, իւրայատուկ մանկական ամչկոտութեամբ, դէմքին յատուկ կարմրութեամբ միշտ կ՛ըսէր, թէ ինչ որ կու տայ դեռ քիչ է:

Երբ պատիւը ունեցայ 1980-ին նշանակուելու Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէն, եղաւ առաջին անձը, որ իր շնորհաւորութիւնը փոխանցեց: Ու ամբողջ երեք տարի չարչարուեցայ, որպէսզի կարենամ իրմէ ձեռք ձգել նկար մը` կախելու դպրոցի մուտքին: Երեք տարի ետք, հսկայական ճիգերու իբրեւ արդիւնք այդ նկարը ստացայ մէկ պայմանով միայն` «զայն դիր տեսչարանին մէջ, պէտք չկայ ցուցադրութեան»: Խոնարհութեան մէկ այլ դրսեւորում, երբ Խանամիրեան քոլեճի տարբեր ձեռնարկներուն կը հանդիպէր ուսուցիչներու, մէկ առ մէկ կը խօսէր անոնց հետ, տեղեակ կ՛ըլլար անոնց դժուարութիւններուն մասին, ապա տնօրէնութեան կը փոխանցէր անհրաժեշտ թելադրանքներն ու միջոցները…

Սուրէն Խանամիրեան քաջ մարդ էր: Բախտը թէ պատիւը ունեցած եմ իր ներկայութիւնը վայելելու լիբանանեան պատերազմի կրակ ու բոց օրերուն, թէ՛ արեւմտեան, թէ՛ արեւելեան Պէյրութի մէջ: Յաճախ ներկայ եղած եմ հանդիպումներու եւ ականջալուր հեռաձայնային խօսակցութիւններու: Այդ հանդարտ պրն. Սուրէնը կը բորբոքէր, բարկութեամբ կը պահանջէր իրաւունքը հայութեան: Հակառակ իրեն ուղղուած բազում սպառնալիքներուն, մերժեց լքել իր բնակարանը ու թիրախ դարձաւ յարձակումներու: Բանիւ եւ գործով մասնակցեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին: Անմասն չմնաց նաեւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներէն ու իր քրտինքը ու միտքը դրաւ հոն եւս:

Սուրէն Խանամիրեան մեկնեցաւ անաղմուկ, այնպէս, ինչպէս ան գործեց իր կեանքին ընթացքին, լռութեամբ, առանց ցուցադրականութեան, համեստ ու խոնարհ:

Խոր ծերութեան մէջ պահեց իր միտքը, մանաւանդ գաղտնապահ մնաց: Երբ փորձէի իրմէ քաղաքական թէ այլ հարցերու շուրջ որոշ գաղտնիքներ «կորզել», ան յատուկ ժպիտով մը կ՛ըսէր. «Չ՛արժեր խօսիլ, ըրի այն, ինչ որ պէտք էր ընէի»:

Այո՛, Սուրէն Խանամիրեան մեկնեցաւ, իր ետին թողելով հսկայ ժառանգ մը:

Գործ մը, որ պէ՛տք էր ըլլար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Պօղոս Շահմելիքեան 9 years

    Վարձքդ կատար, մեծ սակայն համեստ բարերար։

  • Disqus ( )