Ամանորեան Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ. Բացում ՀԲԸՄ-ի Կաղանդի Տօնավաճառին` Նախագահութեամբ Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի

1212_Lucy-2Ինչպէս ամէն տարեվերջին, այս տարի եւս Կաղանդի սեմին, երէկ` ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-Լիբանանի տիկնանց մասնաճիւղերու համախմբումի կազմակերպած ամանորեան տօնավաճառին` նախագահութեամբ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի:

Համախմբումին անունով Գալին Եավերեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարձր գնահատեց Թիւթիւնճեանի ներդրումը ազգային-բարեսիրական մարզին մէջ:

Ապա տիկնանցի կազմէն Գալին Հալլաճեան ֆրանսերէնով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին:

Իր կարգին Լիւսի Թիւթիւնճեան ուղղեց իր սրտի խօսքը` շնորհակալութիւն յայտնելով  իրեն ընձեռուած այս առիթին համար եւ ընդգծելով` «այս բոլորը` ի շահ ազգին»:

Այս առիթով «Ազդակ»-ին հետ մտերմիկ զրոյցի  ընթացքին Լիւսի Թիւթիւնճեան իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այս տօնական եռուզեռին, յատկապէս երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ, միաժամանակ իր ցնծութիւնը յայտնելով մանկատի երգչախումբի աշակերտներուն, որոնք օտար լեզուներու կողքին չմոռցան նաեւ մայրենի լեզուով երգել: «Առանց երգի խնճոյք չկայ», ըսաւ Թիւթիւնճեան` նշելով, որ երաժշտութիւնն ու տոհմիկ երգն են, որոնք տօնական մթնոլորտ կը ստեղծեն, եւ իւրաքանչիւր հայու «ճիտին պարտքն» է ազգօգուտ քայլի ձեռնարկել:

Տօնավաճառը կը շարունակուի մինչեւ վաղը` կիրակի, 14 դեկտեմբեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )