Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Շաբաթը պիտի սկսիք գործի մեծ յառաջդիմութեամբ: Օրը ունի նիւթական ապահով շահեր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մտիկ ըրէք ձեր ընկերակիցին կարծիքները: Առանձնաբար ոչինչ կատարեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր զաւակներուն նոր գործունէութիւն ցոյց տուէք, որպէսզի սովորական բաներէն դուրս ելլեն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բաղձանքը` նոր ընտանիք մը ստեղծելու, պէտք չէ ձեզ հեռացնէ իրականութենէն: Սիրոյ փաստեր պէտք է տաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ գաղափարներ պիտի ներշնչէք պարման-պատանիներուն, որպէսզի անոնք նոր գիտելիքներ ունենան: Ուշադիր եղէք երիտասարդներու դաստիարակութեան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ականջ տուէք ձեր շուրջիններու խրատներուն: Աշխատեցէք ըստ օրուան պահանջներուն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն լաւ բաներու մասին մտածեցէք եւ օգտակար ընտրութիւններ ըրէք. կեանքը թեթեւի մի՛ առնէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեկամներ պիտի այցելեն ձեզի եւ շատ պիտի ուրախանաք եւ անոնց ընկերակցութեամբ հաճելի ժամեր պիտի անցընէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բարեկամ մը ձեզի պիտի փոխանցէ իր հաւատարմութիւնը: Այս նեցուկը ձեզի պիտի տայ եռանդ եւ աշխուժ գործունէութիւն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ օրը բարենպաստ է: Անվախօրէն կատարեցէք այն, ինչ որ ծրագրած էք: Պիտի յաջողիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր հոգեկան զօրութիւնը աշխուժացնելու համար պէտք է կատարէք հոգեշահ խորհրդածութիւն, որ պիտի բարելաւէ օրուան ձեր ծրագիրները:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առօրեան հաւասարակշռելու համար ջանք պիտի թափէք, բայց դիւրին պիտի չըլլայ ձեր նպատակին հասնիլը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )