Տեսակէտ. 2015 Եւ Մեր Պատանիները

ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆ
Բանասէր

Ահա սկսաւ հայերուն հանդիսաւոր տարին, 2015-ը:

Միայն աղէտը կամ աղէտի մը յիշատակութիւնը  կրնար ստեղծել այն զօրաշարժը, որ ահաւասիկ կը միաւորէ աշխարհի բոլոր հայերը:

Հայ ներկայացուցչական ամէն մարմին` կրօնական թէ աշխարհիկ, կը ձգէ այն տպաւորութիւնը,  որ համահայկական թէ տեղական տարողութեամբ կը պատրաստուի ներկայանալու աշխարհին պատգամով մը, որ կարծես կարելի չէր եղած փոխանցել անցեալ 100 տարիներու ընթացքին:

Տիրապետող խանդավառ տրամադրութիւններու մղումով կը տարուինք երեւակայել, թէ աշխարհն ալ անհամբեր մեր պատգամին կը սպասէ, թէ` տարի մը ամբողջ միջազգային մամուլը հայուն պատմութեամբ պիտի զբաղի, թէ` Թուրքիոյ ոտքն ու ձեռքը կը դողայ ցուցադրուած այս ուժականութեան դիմաց, թէ` 100 տարի ետք հայկական քարոզարշաւը վրիժառու հարուած պիտի հասցնէ անոր գլխուն:  Կ’ըլլան նոյնիսկ նմանատիպ յայտարարութիւններ:

Ազգային տարազը այլեւս նեղ կու գայ հայուն. զայն պատռելով` դուրս կու գայ ան երեւնալու իր մկաններուն ամբողջ ուժովը, որ մինչեւ սերունդ մը առաջ ողբագրութեան մէջ կծկուած կը տքար: Անցեալ դարուն  խղճահարութիւն շարժող հայուն կերպարը 2015-ի սեմին պահանջատիրութեան լեզուն կը գործածէ:

Վերջապէս, կարճ չէ 100 տարին: Գաղթական հայը տեղի տուած է ապրած  երկրին հպատակ հայուն: Հոգեբանական արմատական փոփոխութիւն մը աշխարհին հետ զրուցելու նոր եղանակներ ընձեռած է անոր: Գիտական եւ քաղաքական աշխարհին մէջ կշիռ ունեցող մասնագէտներու երաշխիքը ստացած է,  իր կարգին` ինք ալ արտադրած է մասնագէտներ:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առթիւ ան հանդէս կու գայ միջազգային մակարդակով: Պատմագիտական աշխարհին մէջ ան ունի իր տեղը, կը հրատարակուին աշխատասիրութիւններ, յօդուածներ, լսելի կը դառնայ հանրաճանաչ անձնաւորութիւններու ձայնով, կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, համագումարներ, կը պատրաստուին ժապաւէններ եւ այլն:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշումի ծրագիրները զգայուն են օտարին նկատմամբ: Այս ճիշդ եւ ամենաբնական թուացող աշխատելաոճը,  սակայն, կը մատնէ անբնական մոռացում մը ու կը կաղայ ակնառու անհաւասարակշռութեամբ: Կայ մեծ բացթողում մը, որ պիտի ազդէ ոչ միայն միամեայ այս ծրագիրներուն, այլ նաեւ մեր ճակատագիրին վրայ: Անբնական այդ մոռացումը մեր պատանիներն են, մեր դպրոցականները:

Հարիւր տարին շատ երկար է նաեւ ա՜յս սերունդին համար, որ բնականօրէն չի կրնար ըմբռնել ցեղասպանութեան մթնոլորտը, միջավայրը, ժամանակը  եւ եղելութիւնը, որուն հետ ֆիզիքապէս առնչութիւն չէ ունեցած: Ու չի հասկնար: Այսօրուան տասներկու, տասնհինգ, քսան տարեկան հայ պատանիին գիտելիքները սահմանափակուած են  առասպելաբանութիւններով, կարծրատիպերով,  ասդիէն անդիէն կուտակուած ըսի-ըսաւներով: Անտեղեակ է ան Ցեղասպանութեան պատմութեան: Պէտք ունի սորվելու զայն:  Թեմայի մը անընդհատ կրկնութիւնը չէ, որ պիտի ամրացնէ անոր համոզումը, ոչ ալ` ամէն քայլափոխին ամէն քարի տակէն իր դէմ ելլող անցեալի խոցը:  Պատմական գիտելիքներու լուրջ իմացութիւնն է, որ հաւասարակշռուած սերունդ պիտի պատրաստէ ու ապահովէ  վաղուան ջահակիրները: Ցեղասպանութեան   զգացական դիւրաբեկ բաժինէն դէպի պատմութեան տրամաբանութեան հիմնաւոր բաժինը անցնելու պահը ինքզինք կը պարտադրէ:

Տեղին պիտի ըլլար հարիւրամեակի առթիւ ծախսուած հսկայական գումարներէն չնչին բաժին մը տրամադրել ցեղասպանութեան նիւթով դասագիրք-ձեռնարկի մը պատրաստութեան, բազմալեզու տարբերակներով, ու յանձնել հայախօս կամ օտարախօս  հայ դպրոցականներու ուշադրութեան: Հայ պատանին պահանջը ունի պատմական ճշգրիտ եւ մէկտեղուած գիտելիքներու, ձեռնարկի մը, որ լուսաբանէ իր անորոշութիւնները, վերջապէս պատմութեան յստակ պատկերը տայ  անոր: Հիմակուհիմա, ան նետուած է ցրուած հրատարակութիւններու հսկայական աշխարհը ու չի գիտեր ո՜ր կողմը դառնալ:

2014-2015 դպրոցական վերամուտէն անցած են ամիսներ: Ի զուր սպասեցինք, որ պատասխանատու դիրքերէ անդրադարձ կատարուէր հայ պատանիի պահանջներուն:

Կը զգամ արդէն, որ ոմանք արագ հակազդեցութեամբ պիտի ըսեն` հապա ի՞նչ է ուսուցիչին պարտականութիւնը: (Տարածուած սովորութիւն է մեր մէջ մանկավարժական թերութիւնները ուսուցիչի ուսին բեռցնելը): Անմիջապէս պատասխանեմ` ցեղասպանութիւնը բարդ նիւթ է: Ուսուցիչը  ցեղասպանագէտ չէ, այլ մանկավարժ, եւ միայն իր մանկավարժի հանգամանքովը անոր աշխատակցութիւնը անհրաժեշտ է եւ պայման` մասնագէտներու կողմէ  նման ձեռնարկի մը պատրաստութեան մէջ:

5-րդ դարէն ի վեր հայկական տառերն էին հայ ժողովուրդին մտաւոր աշխարհը միաւորող կախարդական սոսինձը: Անոր աննիւթեղէն նկարագիրը հայը կը դարձնէր անպարտելի, իրեն յուսացողն ալ` դիմացկուն: Որքան ալ ցաւինք, յետցեղասպանութեան պայմանները հետզհետէ մեր մէջ մարեցին անոր ազդու գործնականութեան գիտակցութիւնը, որով այսօր այդ անյաղթելի ուժը վերածուած է պերճանքի:

Այսօր մեր միասնութեան կորիզը կը հանդիսանայ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դէմ պայքարը: Ինքնին դիւրաբեկ յենարան մըն է այս, որ առաւել խախուտ կը դառնայ, երբ ակադեմական մակարդակով, միջազգային հեղինակային չափանիշներով տարուած աշխատանքներուն զուգահեռ չ’ընթանար պատմութեան ժողովրդականացման կարեւոր գործընթացը, զայն ձգելով ամբոխավարութեան, կամ լաւագոյն պարագային` սիրողականութեան յոյսին:

Մեր պատմական փորձառութենէն մէկը մանաւանդ կը վերակենդանանայ  այս օրերուն:  Ֆրանսայի մէջ 19-րդ դարու վերջէն սկիզբ առած Հայասէրներու շարժումը  Արշակ Չօպանեանի պէս մտաւորականներու ներդրումով տարիներ աշխատեցաւ  պատրաստելու Եւրոպայի քաղաքական ու հանրային կարծիքը ի նպաստ հայ «մարտիրոսացած» ժողովուրդին հայրենիք ունենալու իրաւունքին:  Արդի՞ւնք. 1923.  քաղաքական կատարեալ ձախողութիւն, Լոզանի դաշնագիր, ուր անլոյծ հարցերու ցանկը անցնելով` անուշադրութեան մատնուեցաւ հայկական խնդիրը:

Պիտի ըսենք` անցեալ է այս ամբողջը:

Դար մը անցած է անշուշտ: Բայց աշխարհի օրէնքներէն գոնէ երկու բան մնացած է ուժի մէջ: Առաջին` քաղաքական շահերու գերիշխանութիւնը, երկրորդ`  պատասխանատուութիւն նոր սերունդին հանդէպ:

Գրքոյկի մը պատրաստութիւնը քաջագործութիւն չէ, մանաւանդ` 2015-ի տրամադրութիւններով: Արծարծուած այս նիւթը լուրջ է մանաւանդ այն պատճառով, որ անտեսուած է պատանիներո՜ւ աշխարհը,  մոռցուած, որ ամէն տեսակի արթնութիւն դպրոցներէն կը սկսի: Այս ալ պատմական ապրուած այլ փորձառութիւն  մըն է, որ եթէ անտեսուած չըլլար, այսօր հայ  դպրոցականները ազգային բոլոր ծրագիրներուն թագը դարձած կ’ըլլային:  Շատո՛նց:

Ֆրանսա

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )