Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ-ՀՄԸՄ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ Տիք Մըհտիի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Շանվիլի: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Ռիատի Պէյրութ, որ Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Թատամոնի, 88-68 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ռիատիէն Իսմայիլ Ահմետ նշանակեց 21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ, իսկ Թատամոնէն Ժոզեֆ Աքքաուի 24 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած Պիպլոս-Մութթահետ մրցումին (2-րդ հանգրուան), անիկա աւարտեցաւ Պիպլոսի յաղթանակով` 91-78 արդիւնքով: Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպլատ նշանակեց 41 կէտ:
CATEGORIES Մարզական