«Արմինէ Քոյր» Ծրագիրն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Վկան` Տայսուքէ Եոշիմոթօ

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

p8-9-daisuke-butoh_001Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքի նշանաւոր հրապարակներէն` Փլաց Սոլնէի վրայ, բաց երկնքի տակ ու ամէնօրեայ դրութեամբ, ցուրտը, ձիւնախառն կամ անձրեւոտ օդը նկատի չառնելով` միջազգային համբաւ վայելող ճափոնցի արուեստագէտ ու դերասան Տայսուքէ Եոշիմոթօ ներկայացուց հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան թեման` իր բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն դառնալով այդ տանջանքներու ու դառնութիւններու վկան:

72-ամեայ Տայսուքէ Եոշիմոթօ ճափոնական Պութօ Տայսուքէ պարի բեմադրական անհատական արուեստի միջոցով ու չափազանց արտայայտիչ ու խորհրդանշական շարժումներով ներկայացուց հայ ժողովուրդի չարչարանքներն ու տառապանքները եւ մահուան ճանապարհը, կեանքի գոյատանջանքը, գոյատեւումի պայքարը: Քարապատ հրապարակին վրայ բեմը կը բաղկանար 16 սիւներէ, Հայ եկեղեցւոյ կանոններու համաձայն` 12 առաքեալներն եւ 4 աւետարանիչները խորհրդանշող: Բեմը նպաստաւոր ու բաւարար էր փորձառու դերասանին համար հարազատօրէն փոխանցելու թեմայի զգայացունց խորհուրդը:

p8-9-daisuke-yoshimoto_0Հինգ օրեր անընդմէջ, եւ օրական ժամը 18:00-  18:30, երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ բեմադրական ներկայացումին համար Տայսուքէ Եոշիմոթօ օգտագործեց ու վկայակոչեց հայ մշակոյթին, պատմութեան եւ աւանդոյթներուն հետ առնչուած խորհրդանշաններ, ինչպէս` հացը, լաւաշը, նուռը, անապատի աւազը: Անոր գրեթէ մերկանդամ մարմինը կը թաթախուէր նուռի հիւթին, աւազին, անոր քրտինքին, այս խառնուրդին կը միանար երբեմն անձրեւը, ձիւնի փաթիլները, այդ բոլորին կը միաձուլուէին արուեստագէտին զմայլիչ ու այնքան հմայիչ շարժումները, որոնք հոգեկան սրտաճմլիկ ու յուզիչ ալեկոծումներ ու եզակի տպաւորութիւններ կը դրոշմէին ներկաներուն վրայ` յուզումնալից, բայց շօշափելի պատկերներու վերածելով հայ ժողովուրդի արիւնոտ ու ցաւերով լեցուն 1915 թուականի զրկանքները, տառապանքները:

Բեմադրական այս մթնոլորտը կը հարստանար ֆրանսահայ հանրածանօթ երաժշտագէտ ու խմբավար Արամ Քերովբեանի քանոնի վրայ հայկական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Արուեստի արտասովոր, բայց իմաստալից ձեռնարկ մը, օրինակելի եւ հեզասահօրէն ընկալուող հայանպաստ, հեռատես ու գործնական նախաձեռնութիւն մը, որ իր ինքնուրոյնութեամբ կը գերազանցէ լեզուի, ժամանակի թէ վայրի խոչընդոտները: Հայոց ցեղասպանութեան իրականութիւնը միջազգային մշակոյթի լեզուով արտայայտելու այնքան պերճախօս ու արդի միջոց մը, արհեստավարժ մատուցումով ներկայացուած այս քայլը բազմահազար լեհ թէ օտար հանդիսատեսներուն վրայ դրոշմեց անմոռանալի տպաւորութիւններ, յիշատակներ: Տեղւոյն բազմաբնոյթ մամուլն ալ անդրադարձաւ, ծանօթացուց ու արձագանգեց ոչ միայն հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան, մշակոյթին վերաբերեալ, այլ մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելի իրականութեան մասին:

p8-9-daisuke2Այս ձեռնարկը կը հանդիսանայ Վրոցլաւ քաղաքի Եժի Կրոթովսքիի անուան արուեստի միջազգային հիմնարկի զանազան ծրագիրներու, ձեռնարկներու կողքին տարիներու վրայ երկարող ու ընդհանրապէս հայ մշակոյթին նուիրուած` «Արմինէ քոյր» լայնածաւալ ու բազմաբնոյթ արուեստի ծրագիրներէն մէկը: Կրոթովսքիի անուան արուեստի միջազգային հիմնարկը մշակութային հաստատութիւն մըն է, որուն նպատակն է փորձառական սկզբունքներով մշակոյթները տագնապեցնող մարտահրաւէրներու հետ առնչուած գեղարուեստական քննարկումներ իրականացնել, հետազօտութիւններ, պրպտումներ իրագործել: Սոյն հաստատութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան եւ տեղւոյն քաղաքապետարանին բարոյական հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը, մանաւանդ` նիւթական աջակցութիւնը: Վերոյիշեալ ծրագրին համար հրաւիրուած են զանազան արհեստավարժ գործընկերներ: «Արմինէ քոյր» ծրագիրը մասնաւորապէս նուիրուած է ծանօթացնելու հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը բացայայտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ յիշողութիւն, շարունակականութիւն ու պահանջատիրութիւն:

p8-9-daisuke-butoh_018Ծրագրի ու գեղարուեստական բաժնի մտայղացողն ու կազմակերպողն է վերոյիշեալ միջազգային հաստատութեան տնօրէնը եւ անոր պատկանող ZAR թատրոնի լեհ ընդհանուր տնօրէն, բեմադրիչ ու արուեստաբան Եարոսլաւ Ֆրետը: Լեհերէնով լայնածաւալ յատուկ հարցազրոյցի մը ընթացքին (լոյս տեսած` Լեհաստանի մէջ, հրատարակուող հայերէն,  լեհերէն «Աւետիս» եռամսեայ պարբերականին մէջ, Ֆրետ յայտնեց, թէ` «Արմինէ քոյր» ծրագրի բազմաբնոյթ ձեռնարկներէն են կազմակերպել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բաց երկնքի տակ ու Լեհաստանի զանազան քաղաքներու մէջ հանրածանօթ հրապարակներու վրայ «Հանդիսանալ վկաներու վկան» վերնագրով հերթական ցուցահանդէսներ, ինչպէս տեղի ունեցաւ Վարշաւայի մէջ մարտ 2013-ին, իսկ Վրոցլաւի մէջ` նոյեմբեր 12-էն մինչեւ դեկտեմբեր 5, 2013, ուր հազարաւոր անցորդներ առիթը ունեցան լայնածաւալ պաստառներու վրայ կարդալու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը` պատմական խորհրդակցութեամբ Արա Սարաֆեանի:

Այդ ցուցահանդէսներուն զուգահեռ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւններ կազմակերպուեցան, ժապաւէններ ցուցադրուեցան: Այս նիւթին շուրջ 6 մարտ 2014-ին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի` Կոմիտասի անուան հիմնարկի տնօրէն պատմաբան Արա Սարաֆեանի դասախօսութիւնը` «Յիշողութիւն, շարունակականութիւն եւ ժխտողականութիւն» վերնագրով:

p8-9-daisuke-butoh_014«Արմինէ քոյր» ծրագիրը կ՛առաջադրէ նաեւ Լեհաստանի զանազան քաղաքներու մէջ կազմակերպել հայ հոգեւոր երաժշտութեան դասընթացքներ ու մշակութային կեդրոններու մէջ ներկայացնել հայ հոգեւոր երաժշտութեան երեկոներ, ելոյթներ, ինչպէս նաեւ` բեմադրել «Արմինէ քոյր» թատերախաղի ներկայացումներ` զանազան քաղաքներու մէջ, Տայսուքէ Եոշիմոթոյի բեմադրական անհատական արուեստի ընդմէջէն «Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան վկան» եւ այլ ձեռնարկներ: Այդ ծրագրին մաս կը կազմեն նաեւ արեւելեան մշակոյթներու հետ առնչուած գեղարուեստական դասընթացքներ, ինչպէս` քրտական, պարսկական երաժշտութիւնը:

Ֆրետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ իր բոլոր ուժերով կը փորձէ յառաջիկայի գեղարուեստական իր ծրագիրները կեդրոնացնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի թեմային շուրջ, եւ այս առիթով 2015 տարին յայտարարել` «Հայկական տարի», որ պէտք է ըլլայ ծաւալուն ծրագիրներով ընդարձակ քննարկման տարի մը` մարդկային խիղճը թօթափելու տրամադրութեամբ, աշխարհի խիղճը ցնցելու ուղղութեամբ, մտադրութիւններով. Ֆրետ այդ նպատակին կը միտի` օգտուելով ոսկի առիթէն, մանաւանդ որ Վրոցլաւ քաղաքը հռչակուած է 2016-ի Եւրոպայի մշակոյթի մայրաքաղաք:

«Արմինէ քոյր» վերնագիրով արուեստի լայնածաւալ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ, երբ Կրոթովսքիի արուեստի հիմնարկի միջազգային ZAR թատրոնին անդամները 2010-2012 ժամանակաշրջանին զանազան առիթներով այցելեցին Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի զանազան հայկական գաղութներ` մօտէն ծանօթանալու հայկական հոգեւոր երաժշտութեան, արուեստին, մշակոյթին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան:

Այդ ուղեւորութիւնները սոսկ այցելութիւններ չէին, այլ` գործուղումներ, իսկական արհեստանոցներ, յատուկ առիթներ էին մօտէն հաղորդակցելու հայ մշակոյթի զանազան ոլորտներուն, շփման մէջ մտնելու հայ ժողովուրդի կենցաղին, մօտէն ծանօթանալու հայ անհատներու հետ, հանրածանօթ հայ արուեստագէտներու, երաժիշտներու հետ, որոնք պիտի դառնային «Արմինէ քոյր» ծրագրի ձեռնարկներուն կորիզը եւ պիտի  այդ ծրագրի նոր միտքերով արուեստի նիւթեր պատրաստելու նպատակին:

«Արմինէ քոյր» թատերական ներկայացումը առանցքային ու մեծակշիռ իմաստ ունէր ոչ միայն արուեստի տեսանկիւնէն դիտուած, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան` իբրեւ քսաներորդ դարու մարդկութեան դէմ իրագործուած առաջին ծրագրուած ցեղասպանութիւնը, այլ այն իմաստով, որ պիտի փորձէր բողոքել ոչ միայն անարդարութեան դէմ, Եւրոպայի անտարբերութեան դէմ, այլ պիտի աղաղակէր քաղաքակիրթ Եւրոպայի լռութեան դէմ, ինչպէս նոյնինքն Ֆրետ կ’արտայայտէ իր հարցազրոյցին ընթացքին:

***

p8-9daisuke-butoh_024«Արմինէ քոյր» բեմադրութիւնը ոչ աւանդական, անխօս բեմադրութիւն մըն է, հիմնուած է միայն ձայնային ու երաժշտական արտայայտութեան վրայ, հոն չկայ խօսակցական արտայայտութիւն, կը յատկանշուի դերասաններու շատ արագ շարժումներով, անողորմ չարչարանքներու արտայայտութիւններով: Թատերաբեմը տեղաւորուած է սրահին կեդրոնը, սակաւաթիւ հանդիսատեսներու համար (մօտաւորապէս 60 անձի), հանդիսատեսները, որոնք երկու խմբակի բաժնուած են, դէմ դիմաց նստած` չեն կրնար բեմադրութեան բոլոր եղելութիւնները դիտել: Ֆրետ այս մէկը կը բացատրէ` ըսելով, որ մենք իբրեւ պատմութեան վկաներ` անկարող ենք պատկերացնել Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր ծալքերը, մանրամասնութիւնները, նոյնիսկ պատմութիւնը չկարողացաւ արձանագրել, պատմագրել Ցեղասպանութեան անծայրածիր ընդարձակութիւնը, հայ ժողովուրդին տանջանքներու անսահման ահաւորութիւնը, վիշտերու անսպառ ահռելիութիւնը: Ներկայացումի թատերաբեմը կը ներկայացնէ լքուած, ամայացած ու կողոպտուած հայ եկեղեցւոյ մը ներքնակառոյցը` իր խորհրդաւորութեամբ` իր 16 սիւներով, սիւները` նուազագոյնը 4 մեթր բարձրութեամբ, որոնք արագ շարժումներու կ՛ենթարկուին դերասաններու կողմէ` վերյիշեցնելով հայ եկեղեցիներու, կառոյցներու քանդումը, կործանումը, գաղթն ու խուճապի մատնուած հայ ժողովուրդին աքսորը, տարագրութիւնը, պանդխտութիւնը, ստեղծելով սահմռկեցուցիչ ու սարսափեցուցիչ վախի մթնոլորտ մը, որ ծանր շունչ մը կը փոխանցէ, ուր անհնար է հասարակ հանդիսատեսի մը համար զսպել իր ջիղերը, կաշկանդել ու չարտայայտել իր վախն ու սոսկումը. այս ողբերգական մթնոլորտին կը միանայ զգացական ու հոգեկան քանդումի եղերական մթնոլորտ մը, երբ ցեղասպան թուրք խուժաններու խռովարար ժխորը, ներկայացուած` անհանգստացնող ու անախորժ քրտական ու երբեմն պարսկական ջղագրգիռ երգերու ու աղմկարար երաժշտութեամբ, որոնք կը ներխուժեն մարդուս սրտին խորերը, զայրացնելու աստիճան աղմկոտ, սակայն իրականութեան մէջ կը փոխանցեն ցեղասպանութեան իսկական մթնոլորտի խորհուրդը… երբ մերթ ընդ մերթ կը հնչեն Կոմիտասի հրեշտակային քնքշութեամբ սուրբ պատարագի շարականները, որոնք բեմադրիչին կողմէ խոհեմութեամբ համադրուած են: Հոս դարձեալ օգտագործուեցան վերոյիշեալ խորհրդանշանները, ինչպէս` նուռը, անապատի աւազը եւ այլն: «Արմինէ քոյր» թատերախաղը ներկայացուեցաւ Վրոցլաւի մէջ, նոյեմբեր 26-էն մինչեւ դեկտեմբեր 12, 2013, այդ ելոյթները քանիցս կրկնուեցան, նոյնիսկ մինչեւ ապրիլ 4, 2014, իսկ մարտ, 2014-ին` Վարշաւայի մէջ:

Ծրագրուած են այլ ներկայացումներ եւս Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու հանրածանօթ բեմերու վրայ: «Արմինէ քոյր» թատերական բեմադրութեան երաժշտական ծանր բաժինը ստանձնած է երաժշտագէտ Արամ Քերովբեանը: Յատկանշական է Քերովբեան ընտանիքի` Արամի եւ իր կնոջ` Վերժինի ու զաւկին` Վահանի հայ հոգեւոր երաժշտութեան գեղարուեստական բաժնի մեծ դերը, վերոյիշեալ ծրագրի ձեռնարկներուն մէջ: Պէտք է յիշել նաեւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու մէջ իրենց նպաստը ունեցող Նշան Չալկիչեանի, Մուրատ Իչլինալչայի մասնակցութիւնը եւ մանաւանդ` հայկական պատարագի ու հայ հոգեւոր երգեցողութեան ծրագրի բոլոր ձեռնարկներու մէջ մասնակցող ու ելոյթներու ընթացքին լուսաբանութիւններով ու բացատրութիւններով իր նշանակելի դերը ունեցող Ֆրետը: Այս ծրագրի գործընկերներ են նաեւ վանեցի քիւրտ` Տենկպեշ Քազոն եւ պարսիկ` Մահսա եւ Մարճան Վահտաթ քոյրերը:

p8-9-daisuke-yoshimoto1_Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի դարադարձի սեմին ենք: Մեր ազգային Դատի պահանջատիրական գործընթացը համազգային ու համահայկական ծիրին մէջ պէտք է ըլլայ աւելի զսպանակուած, իսկ միջազգային մակարդակով ջանքերը առաւել ուժեղ թափ եւ տարողութիւն պէտք է ստանան: Այդ մէկը կը նշանակէ` ամէն օր քիչ մը աւելի բախել բոլոր հնարաւոր դռները` դիւանագիտական, քաղաքական, իրաւական, քարոզչականի կողքին: Օգտագործել արհեստավարժ մարդուժի ծիածանային գոյներով զանազան կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները, ծրագիրներն ու նախագիծերը` ըլլան անոնք հայու, ծագումով հայու կամ բոլորովին օտար բարեկամներու, գործընկերներու, համակիրներու կողմէ ծրագրուած կամ նախատեսուած:

Հայ ժողովուրդի 1,5 միլիոն նահատակներու վկայութեան, օր ըստ օրէ աւելի սփիւռքացած հին ու նոր հայ գաղութներուն վկայութիւններուն, ու այդ գաղութներուն մէջ ապրող բիւրաւոր հայերու ամէն մէկ տան մէջ, նոյնիսկ ամէն մէկ հայու սրտի ու մտքի մէջ միշտ առկայծ վկայութիւններուն կողքին, այսօր բոլորովին օտարներ` լեհ, ճափոնցի թէ այլ, իրենց գործնական վկայութիւններով կը միանան մեր արդար Դատին ձայնը աւելի բարձրացնելու, այդ վկայութիւններով թօթափելու, աւելի ցնցելու մարդկային թմրած խիղճը… մինչեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու արդար հատուցումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )